Նամականի

Դիտող Ընկերներուն

Գեղամ Վախկոտյան

Ես դաշնակցական շարքային ընկեր եմ ու երկար ատենէ ի վեր կ՚ապրիմ տարօրինակ անորոշութեան մը մէջ։Իմ մէջս հետզհետէ սկսած է խորանալ այն զգացումը, որ իբրեւ կուսակցական  սկսած եմ շնչել միայն անցեալով ու յոյսս օր ըստ օրէ սկսած է տկարանալ մեր կազմակերպութեան ապագայի նկատմամբ։

Ու այդ վիճակին մէջ մենակ չեմ։ Շատ անգամ կը հաւաքուինք մտերիմ ընկերներով ու կը փորձենք այդ անկենդան ներկայութենէն դուրս գալու ելքեր որոնել. ու միշտ ալ կը բախինք այն մտավախութեան, որ եթէ քննադատենք մեր անժողովրդավար գործունէութիւնը յատկապէս Հայաստանի մէջ՝ կրնանք պիտակաւորուիլ եւ կամ կորսնցնել դաշնակցական դրօշով թաղուելու մեր հպարտութիւնը:

Ու կը գիտակցիմ, որ մեզի պէս կան հարիւրաւորներ այլ գաղութներու մէջ։ԲԱՅՑ, դանակը սկսած է մօտենալ մեր ոսկորին ու կարծէք թէ հասած է դիտողական բանտէն դուրս ելլելու պահը։ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ, Դաշնակցութիւնը ներսէն վերականգնելու մեր յոյսի սլաքը գրեթէ դպած է  սպառման աստիճանին։

Վերջին հաշուով, Դաշնակցութիւնը միջոց է եւ մեր գերագոյն նպատակը Հայաստանի հզօրացումն է։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *