16.8 C
Yerevan

Քրիստա­փոր Եւ Չարենց

«Ընդունինք, որ յարա­տեւ պայքա­րը ամէն բանէ առաջ բռնա­կա­լութեան դէմ ազա­տագրա­կան պայքա­րի կոչ եղած է եւ երբեք չէ սահմա­նա­փա­կուած բողոք արտա­յայտող հաւաքնե­րով: Անի­կա պայքար է բռնա­կա­լութեան դէմ եւ, բնա­կան է, որ բոլոր յեղա­փո­խա­կան եւ հաւա­քա­կան ուժին հաւա­տա­ցողնե­րը մասնա­կից եղած են այդ պայքա­րին»։

Ռազմիկ Շիրի­նեան

Հայ քաղա­քա­կան միտքին մէջ տեղ ունի, անկասկած, Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի յարա­տեւ պայքա­րի պատգա­մը: Ասի­կա յեղա­փո­խա­կան պատգամ է, որ բնա­կան արտա­յայտութիւն գտած է ազա­տագրա­կան պայքա­րի մեր պատմութեան մէջ: Տեղ ունի նաեւ Եղի­շէ Չարենցի միասնա­կա­նութեան պատգա­մը (Ո՛վ հայ ժողո­վուրդ, քո միակ փրկութիւնը քու հաւա­քա­կան ուժի մէջ է): Երկու պատգամներն ալ իրենց այժմէա­կա­նութիւնը ունին այսօր, քաղա­քա­կան մեր ներկայ իրա­կա­նութեան հետ կապուած, անկասկած:

Դժբախտա­բար սակայն, հանգիստ խիղճով չեմ ըներ այս հաստա­տումնե­րը: Անոնք, որքան ալ այժմէա­կան հնչեն, հին պատգամներ են մեր պատմութեան եւ ճակա­տա­գի­րին հետ կապուած: Այսօր, տակաւին ստի­պուած կ՛ըլլանք գործա­ծել այդ պատգամնե­րը, քաղա­քա­կան մեր ներկայ իրա­կա­նութեան անդրա­դառնա­լու համար:

Սակայն, այդ պատգամնե­րը կը յիշենք ու կը գործա­ծենք իրարմէ անջատ, առանց կարե­նալ զանոնք իրա­րու շաղկա­պող ուժգին եզր մը գտնե­լու: Այսինքն, առանց կարե­նալ միասնա­կան ուժը եւ յարա­տեւ պայքա­րը իրա­րու շղթա­յող ազգա­յին մարտա­վա­րա­կան զարգացման ուղղութեամբ յառա­ջա­նա­լու:

Ասի­կա հաւա­նա­բար ներկայ մեր քաղա­քա­կան միտքի թերաճ զարգա­ցումին հետեւանքն է: Ըսել կ՛ուզեմ, տակաւին այս հին պատգամնե­րու պատա­հա­կան գործա­ծութեան կը հետեւինք միայն, առանց կարե­նալ քաղա­քա­կան մեր գիտակցութեան մէջ պայքա­րի ուժգին եւ տոկուն գետին մը գտնե­լու:

Ընդունինք, որ յարա­տեւ պայքա­րը ամէն բանէ առաջ բռնա­կա­լութեան դէմ ազա­տագրա­կան պայքա­րի կոչ եղած է եւ երբեք չէ սահմա­նա­փա­կուած բողոք արտա­յայտող հաւաքնե­րով: Անի­կա պայքար է բռնա­կա­լութեան դէմ եւ, բնա­կան է, որ բոլոր յեղա­փո­խա­կան եւ հաւա­քա­կան ուժին հաւա­տա­ցողնե­րը մասնա­կից եղած են այդ պայքա­րին: Իսկ Չարենցի միասնա­կա­նութեան պատգա­մին մէջ գոյութիւն ունի ազգա­յին եւ կազմա­կերպա­կան արժէքնե­րու ժողովրդա­վար, ինչպէս նաեւ ընկերվար միտքը: Այդ պատգա­մին մէջ տարօ­րի­նակ չէ, որ գոյութիւն ունե­նայ տարա­կարծութիւն կամ անհասկա­ցո­ղութիւն, բայց երբեք՝ ատե­լութեան հասնող մերժո­ղա­կա­նութիւն:

Երկու պատգամներն ալ գաղա­փա­րա­կան խորք ունին մեզի համար.  մէկը՝ յեղա­փո­խա­կա­նութիւնն է (ազա­տագրա­կան պայքա­րը), իսկ միւսը՝ ընկերվա­րութիւնը (հաւա­քա­կան ուժը): Երկուքն ալ ազգա­յին մեր պատկա­նե­լիութեան հետ կապուած եւ այդ պատկա­նե­լիութեան նկա­րա­գիր տուող հիմնա­կան տուեալներ եղած են:

Ընդունինք նաեւ, որ իշխա­նութիւն տապա­լե­լու ներկայ զանգուա­ծա­յին բողոքնե­րը տակաւին չունին ժողո­վուրդի անհրա­ժեշտ միասնա­կա­նութիւնը եւ, հետեւա­բար, այդ բողո­քի արտա­յայտութիւննե­րը իրենց ներկայ կացութեան մէջ, որքան ալ վճռա­կան հնչեն, տակաւին գոհա­ցուցիչ պատկե­րը չեն տար Չարենցի «հաւա­քա­կան ուժ»ի եւ Քրի­տա­փո­րի «յարա­տեւ պայքար»ի խորքին:

Պատմա­կան եւ քաղա­քա­կան քննարկումնե­րը անհրա­ժեշտ են հասկնա­լու համար մեր ներկայ վիճա­կը: Առնուազն, մէկ բան յստակ է այսօր: Յստակ ու ակնյայտ է մեր մէջ քաղա­քա­կան թէ ընկե­րա­յին պառակտումը թէ՛ ազգա­յին, թէ՛ կազմա­կերպա­կան ու նաեւ անհա­տա­կան մակարդակնե­րու վրայ: Բնա­կան պառակտում մը չէ ասի­կա, այլ կառուցուած է մեզմով, մեր քաղա­քա­կան դիրքո­րո­շումնե­րով, վերջին տասնա­մեակնե­րու մեր տնտե­սա­կան շահարկումնե­րով թէ շահա­գործումնե­րով, մեր ազգա­յին դիւա­նա­գի­տա­կան, կուսակցա­կան եւ անհա­տա­կան կեանքին մէջ կուտա­կուած գիտա­կից կամ անգի­տա­կից շեղումնե­րով: Հետեւա­բար, եթէ պետա­կա­նութեան կառուցման եւ քաղա­քա­կան զարգացման գիտակցութիւնն է մեր առաջնորդը, ապա դժուար պէտք չէ ըլլայ ապա­կա­ռուցել այս պառակտումը եւ նոր ուղղութիւն մը տալ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին քաղա­քա­կան կեանքին՝ պետա­կա­նութեան կառուցման եւ քաղա­քա­կան զարգացման պատգամնե­րով:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ