16.8 C
Yerevan

Այլընտրանքա­յին Ընդդի­մութեան Անհրա­ժեշտութիւնը

Միւս կողմէ, իշխա­նութիւննե­րը, որոնք առա­ջին օրե­րուն կատա­րեալ լռութիւն կը պահէին, սպա­սե­լով հաւաքնե­րու ընթացքին, արդէն երկու շաբաթ ետք ինքնավստահ կը թուէին ըլլալ, որ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան իշխա­նա­փո­խութեան այս պահանջ-բողոքնե­րը արդէն ձախո­ղած են:

Գէորգ Թորոեան 

Աւե­լի քան մէկուկէս ամիս տեւած բողո­քի հանրա­հաւաքնե­րէ եւ երթե­րէ ետք, շուրջ տասը օր առաջ՝ Յունիս 15ին, Իշխան Սաղա­թէ­լեան յայտա­րա­րեց, թէ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան բողո­քի հաւաքներն ու անհնա­զանդութեան գործո­ղութիւննե­րը կը դադրե­ցուին եւ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը պիտի անցնի ցանցա­յին անհնա­զանդութեան եւ պայքա­րի: Ան չմանրա­մասնեց ցանցա­յին պայքա­րի մանրա­մասնութիւննե­րը:

Բողո­քի այս գործո­ղութիւննե­րը, որոնց ազդանշան տրուած էր Ապրիլ 23ի դէպի Ծիծեռնա­կա­բերդ ջահերթով, ապա Մայիս 1ին կատա­րուած ամե­նա­մեծ հաւա­քով, որուն մասնա­կիցնե­րուն թիւը գնա­հա­տուած էր մօտաւո­րա­պէս 13,000 հոգիով, «Դիմադրութիւն եւ փրկենք Արցա­խը» նշա­նա­խօսքին տակ, ժողովրդա­յին ընդունե­լութիւն չգտան: Բողո­քը առաջնորդող քաղա­քա­կան այս ուժե­րը, որոնք հիմնա­կա­նին մէջ կառա­վա­րած էին երկի­րը քսա­նա­մեակ մը (1998–2018), վերջին չորս տարին ամէն առիթ փորձե­ցին շահարկել կացութիւնը, պահանջե­լով իշխա­նութիւննե­րու հրա­ժա­րա­կա­նը եւ իշխա­նութեան յանձնումը իրենց: Անցեալ տարի Յունի­սին կայա­ցած արտա­հերթ ընտրութիւննե­րուն անոնք չյա­ջո­ղե­ցան կազմել մեծա­մասնութիւն եւ խորհրդա­րան մուտք գործե­ցին իբրեւ փոքրա­մասնութիւն:

Խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան բողո­քի այս գործո­ղութիւննե­րը եկան ապա­ցուցե­լու, որ անի­կա ժողովրդա­կան լայն յենա­րան չունի: Հակա­ռակ լրա­տուա­մի­ջոցնե­րու կողմէ այս հաւաքներն ու անհնա­զանդութեան դէպքե­րը անդա­դար լուսա­բա­նե­լու իրո­ղութեան, մասնա­կիցնե­րուն թիւը օր ըստ օրէ անկում արձա­նագրեց եւ ցոյցե­րու կազմա­կերպիչնե­րուն «յաղթա­նա­կը մօտ է» խոստումը հիասթա­փութիւն յառա­ջա­ցուց եւ առա­ջին օրե­րու թափը սկսաւ նահանջել եւ վերջին օրե­րուն մասնա­կիցնե­րուն թիւը միայն քանի մը հազար էր արդէն:

Միւս կողմէ, իշխա­նութիւննե­րը, որոնք առա­ջին օրե­րուն կատա­րեալ լռութիւն կը պահէին, սպա­սե­լով հաւաքնե­րու ընթացքին, արդէն երկու շաբաթ ետք ինքնավստահ կը թուէին ըլլալ, որ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան իշխա­նա­փո­խութեան այս պահանջ-բողոքնե­րը արդէն ձախո­ղած են: Հակա­ռակ այս իրո­ղութեան, անոնք ոչ մէկ կտրուկ քայլի դիմե­ցին հաւաքնե­րը ցրե­լու կամ խոչընդո­տե­լու: Աւե­լին, հաւա­նա­բար տեսնե­լով հետզհե­տէ նօսրա­ցող հանրա­հաւաքնե­րը, անոնք ձգե­ցին, որ այս շարժումը ինզինք սպա­ռէ:

Ինչո՞ւ ժողո­վուրդը չընդա­ռա­ջեց այս շարժումին՝ Հայաստանն ու Արցա­խը փրկե­լու ահա­զանգա­յին կոչե­րուն:

 Ա. Ինչպէս նշուե­ցաւ, վերջին չորս տարի­նե­րուն այս ընդդի­մութիւնը ամէն առիթ շահարկեց իշխա­նութեան հասնե­լու:

 Բ. Վերջին մէկ տարին, որպէս խորհրդա­րա­նա­կան խմբակցութիւններ, անոնք դրա­կան եւ շինիչ գործունէութիւն չցուցա­բե­րե­ցին:

 Գ. Անցնող չորս տարի­նե­րուն, անոնք չընդունե­ցին վերջին քսան տարի­նե­րու իրենց յանցաւոր գործունէութիւնը: Բազմա­թիւ վերլուծա­բաննե­րու կարծի­քով քսան տարի­նե­րու կառա­վարման հետեւանք էր 44օրեայ պատե­րազմի աղէ­տա­լի պարտութիւնը:

 Դ. Վերջին չորս տարի­նե­րուն եւ մասնաւո­րա­բար անցնող մէկ տարուան ընթացքին, այս ընդդի­մութիւնը չցուցա­բե­րեց քաղա­քա­կան կամք, անցեա­լի անա­չառ գնա­հա­տա­կա­նը կատա­րե­լու, ընդունե­լու իր սխալնե­րը երկի­րի կառա­վարման մէջ, եւ համա­գործակցե­լու ներկայ իշխա­նութիւննե­րուն հետ, անցեա­լի ախտե­րը (կաշա­ռա­կե­րութիւն, թալան, փտա­ծութիւն եւայլն) վերացնե­լու:

 Ե. Հանրա­հաւաքնե­րու ընթացքին բեմէն հնչող հակա­սա­կան յայտա­րա­րութիւննե­րը, որոնք ամբո­խա­վա­րա­կան էին, հաւատք չներշնչե­ցին ժողո­վուրդին միա­նա­լու իրենց:

 Զ. Բողո­քի հանրա­հաւաքնե­րը սկսե­լէ կարճ ատեն մը ետք ակնե­րեւ դարձաւ, որ ընդդի­մութեան շարքե­րուն մէջ կան տարա­կարծութիւններ, որուն դրսեւո­րումը ի յայտ եկաւ Յունիս 21ին, երբ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկա­վար Արթուր Վանե­ցեան յայտա­րա­րեց, թէ կը հրա­ժա­րի երեսփռխա­նա­կան իր լիա­զօ­րութե­նէն:

Պէտք է նշել, որ գործող իշխա­նութիւննե­րու թէ՛ ներքին եւ թէ արտա­քին քիչ մը երկչոտ ու երբեմն հարցա­կաննե­րով լեցուն քաղա­քա­կա­նութիւնը բաւա­կա­նին հիասթա­փութիւն յառա­ջա­ցուցած է նոյնիսկ անոնց ընտրա­զանգուա­ծին մօտ: Բայց այս իրա­կա­նութիւնը բաւա­րար պատճառ չեղաւ, որ իշխա­նութիւննե­րէն դժգոհ զանգուա­ծը միա­հա­մուռ միա­նայ այս ցոյց-բողո­քի ելոյթնե­րուն:

45օրեայ բողո­քի երթե­րուն ամէ­նէն աւե­լի քննա­դա­տութեան թիրախ դարձաւ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ոստի­կա­նութիւնը, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան, որ ոստի­կաննե­րը ամբողջ այս գործո­ղութիւննե­րու ընթացքին ոչ մէկ անգամ վահաննե­րով, մահակնե­րով, ջրցան մեքե­նա­նե­րով կամ արցունքա­բեր կազե­րով չխանգա­րե­ցին ցուցա­րարնե­րուն կամ երթի մասնա­կիցնե­րուն, նոյնիսկ այն պարա­գա­նե­րուն երբ յատկա­պէս իրենք թիրախ դարձան ցոյցե­րուն մասնա­կիցնե­րուն կողմէ: Իսկ եթէ պատա­հե­ցան կոշտ կամ բիրտ միջամտութիւններ կամ ձերբա­կա­լութիւններ, այդ մէկը կարե­լի չէ տարա­ծել ամբողջ ոստի­կա­նութեան վրայ: Ցոյցի կազմա­կերպիչնե­րը, մասնա­կիցներն ու անոնց քարոզչա­մե­քե­նա­նե­րը պահ մը մոռցան, կամ այդպէս ձեւա­ցուցին, որ ոստի­կաննե­րը երկի­րի օրի­նա­կա­նութեան պաշտպաններն են եւ ոչ թէ միմիայն իրենց անվտանգութեան ծառա­յողնե­րը:

Արդար էր նաեւ քաղա­քա­կան կարգ մը վերլուծա­բաննե­րու այն հարցադրումը, թէ ո՞ւր են Երեւա­նի 200,000է աւե­լի քուէարկողնե­րը, որոնք մէկ տարի առաջ կայա­ցած երեսփո­խա­նա­կան ընտրութիւննե­րուն իրենց քուէն տուած էին ընդդի­մութեան: Եթէ այդ քուէարկողնե­րուն միայն տասը առ հարիւրը մասնակցէր, ապա հանրա­հաւաքներն ու երթե­րը շատ աւե­լի բազմա­մարդ պիտի ըլլա­յին:

 Այս շարժումը, եթէ մէկ կողմէ իշխա­նութիւննե­րուն համար զսպող գործօն էր՝ Արցա­խի հարցով բանակցութիւննե­րուն աւե­լի կոշտ դիրքո­րո­շում որդեգրե­լու, ապա միջազգա­յին հետեւորդնե­րու մօտ կրնայ հակա­ռակ արդիւնքը տալ, այն տպաւո­րութիւնը ձգե­լով, որ Հայաստա­նի ժողո­վուրդը Արցա­խի փրկութեամբ մտա­հո­գուած չէ:

 Մէկ տարի առաջ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րուն պարտութիւն կրած եւ խորհրդա­րա­նի բեմէն յաճախ փողոց վերա­դառնա­լու եւ փողո­ցա­յին պայքար մղե­լու սպառնա­լի­քը հնչե­ցուցած խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը փողո­ցա­յին պայքա­րէն ալ պարտուած դուրս ելաւ եւ իբրեւ քաղա­քա­կան ուժ իրո­ղա­պէս յայտնուած է փակուղիի մէջ:

 Արցա­խեան վերջին պատե­րազմէն, անցնող տարուան խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րէն եւ վերջա­պէս այս ցոյցե­րու ընթացքին եւ անկէ ետք, քաղա­քա­կան վերլուծա­բաններ անհրա­ժեշտ կը նկա­տեն այլընտրանքա­յին նոր ուժի մը ձեւաւո­րումը:

 Ժողովրդա­յին այն զանգուա­ծը, որ բաւա­կան պատկա­ռե­լի թիւ կը կազմէ եւ դժգոհ է թէ՛ իշխա­նութիւննե­րէն եւ թէ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութե­նէն, այդ պահանջը կը զգայ:

 Կը մնայ, որ քաղա­քա­կան նոր դէմքեր, ազգա­յին-գաղա­փա­րա­կան նոր ծրա­գի­րով մը հանդէս գան որպէս երրորդ ուժ, որ իբրեւ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւն ունե­նայ շինիչ գործունէութիւն եւ զսպող հանգա­մանք դառնա­լով՝ խթա­նէ իշխա­նութիւննե­րուն ճիշդ գործունէութեամբ զբա­ղիլ։ Այդ ուժը ժամա­նակ մը յետոյ կրնայ ոչ միայն դառնալ խորհրդա­րա­նա­կան խմբակցութիւն, այլեւ գործող իշխա­նութիւն:

 Այլ խօսքով Հայաստա­նի մէջ այլընտրանքա­յին ընդդի­մութեան կազմաւո­րումը պահանջք է եւ անհրա­ժեշտութիւն:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ