ՀԱՐՈՒԹ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆ
Հաւաքական որեւէ գործի յառաջխաղացքը պայմանաւորուած է գաղափարական նորարար ուժով. իսկ նոր գաղափարը ծնունդ կ՚առնէ ապագայէն եւ հետզհետէ իր ուժը կ՚ամբարէ անցեալի կենսափորձով՝ այսինքն պատմութեան դասերով եւ առօրեայ կեանքին մէջ գործադրական փորձերով։
Որեւէ ղեկավարութիւն տուեալ գործի մը յաջողութիւնը ապահովելու համար, պարտաւոր է յստակօրէն հիմնաւորել եւ բանաձեւել իր գաղափարը եւ ապա՝ ճշդորոշել այդ գաղափարի գործադրութեան եղանակն ու դերակատարները. այլապէս, այդ նախադրեալներէն որեւէ մէկուն բացակայութիւնը կամ՝ անոնց տկար ճարտարապետումը գործին ձախողութիւնը կը դարձնէ անխուսափելի։
Խօսինք օրինակներով։
• 2018-ի Ապրիլ/Մայիս-ի Հայաստանեան Յեղափոխութիւնը իր առաջնային նպատակին մէջ յաջողեցաւ, որովհետեւ ունէր հզօր գաղափար(վերջ տալ պետական փտածութեան), գործադրութեան համոզիչ եղանակ(ոչ-բռնի անհնազանդութիւն) եւ ժողովրդային ստուար ներկայութիւն՝ բազմահազար երիտասարդութեամբ։
• Միւս կողմէ, 2019-ի Նոյեմբեր 7-ին՝ Նաումականներու կրթական նախարարէն հրաժարական պահանջելու գործը ձախողութիւն արձանագրեց, պարզ այն պատճառով՝ որ վերոյիշեալ բոլոր նախադրեալներն ալ ներկայացուեցան մեր ժողովուրդին տկար բովանդակութեամբ եւ անընդունելի բեմադրութեամբ։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ անցեալի սխալներէն դաս քաղելու, մշտապէս մեր պետականութեան կողքին մնալու եւ մեր ժողովուրդին ազգային ու ընկերատնտեսական վերելքին թափ տալու ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ-ը ունի։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հայ երիտասարդութեան ճամբան բա’ց պահող, անոր նախաձեռնութիւիններուն անվերապահօրէ’ն աջակցող եւ՝ ի՜ր գաղափարական շունչն ու փորձը անոր ինքնուրո’յն երթին անդադա՜ր տրամադրող ԱՒԻՇ-ն է։
Եւ վերջապէս, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը հաւատայ, որ Ազգային Գաղափարը մնայուն արժէք է. իսկ ամէն յաջորդող սերունդ՝ բնականաբար պիտի գայ այդ մնայուն գաղափարը գործադրելու եւ զայն համապատասխանեցնելու օրուան առարկայական պայմաններու հրամայականին։