28 Մայիս 1918.
Հայ ժողովուրդը հերոսական արեամբ նուաճեց ազատ ու անկախ՝ իր ազգայի՛ն հանրապետութեամբ ապրելու իրաւունքը
Ն. Պէրպէրեան
Մայիս 28ին, 102 տարի առաջ, Արարատեան Դաշտին մէջ, հայ ժողովուրդը սեփական ուժով պարտութեան մատնեց թրքական ասպատակ զօրքերը եւ արժանաւորապէս, այլեւ հերոսական արեամբ նուաճեց ազատ ու անկախ՝ ազգայի՛ն պետականութեամբ ապրելու իր իրաւունքը։
1918 թուի Մայիս 25ին Սարդարապատի, իսկ յաջորդ օրերուն նաեւ Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ, թրքական բանակի ընդհանուր յարձակողականը կասեցնելով, թշնամին նահանջի մղելով եւ դէպի յառաջ շարժելով՝ հայկական ուժերը – զօրայիններ թէ կամաւորականներ – ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի ղեկավարութեամբ փաստօրէն շրջեցին հայոց պատմութեան վեց դարերու թաւալգլոր անկումի ընթացքը եւ բացին, հայրենի հողին վրայ, ազգային անկախ հանրապետութեամբ ազատօրէն ապրելու եւ զարգանալու պայծառ հորիզոնը։
Երեք ռազմաճակատներուն վրայ ալ, Մայիս 28ին, պարտութեան մատնուած թրքական զօրքերը խուճապահար նահանջի դիմեցին, իսկ հայկական ուժերը սկսան կրնկակոխ հալածելու թշնամին։
28 Մայիս 1918ի օրհնաբեր այդ օրը, Արարատեան Դաշտին մէջ ծուարած բուռ մը հայութիւնը, ողբի ու որբի հայրենիքի վերածուած պատմական Հայաստանի այդ փոքր հողակտորին վրայ, յաղթահասակ ու հպարտ ճակատով ամրագրեց մեր դարաւոր երազին իրականացումը՝
Հայ ժողովուրդը ի վերջոյ յաջողեցաւ սեփական ուժով պաշտպանել իր հողն ու ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքը։
Հերոսական այդ յաղթանակի ընդհանուր ոգին լաւագոյնս խտացուցած է ատենի հայկական զօրքերու Սպայակոյտին կողմէ Մայիս 28ին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը.-
«Թիւրքերը, երեք օրուայ կռիւներից յետոյ, ջարդուած են եւ նահանջում են հապճեպով։ Նրանց զօրամասերը բաժնուած են երեք խմբերի։ Առաջինը՝ Ալագեոզ կայարանից նահանջում է դէպի Անի կայարանը, երկրորդը՝ Ղըմզլու եւ երրորդը՝ Աղջա-Կալա։ Մեր զօրամասերը քայլ առ քայլ հետապնդում են նրանց։ Ոգեւորութիւնը աներեւակայելի է»։
*
* *
Արարատեան Դաշտի հայութիւնը եւ Երեւան կեդրոնացած հայկական ուժերու ղեկավարութիւնը՝ Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, պատմական այդ օրերուն աշխարհէն լքուած էին՝ դէմ յանդիման արեւմտահայութեան ցեղասպանութիւնը իր աւարտին հասցնելու ատելութեամբ եւ կատաղութեամբ լեցուած թրքական զօրքերու գրոհին։
Ինչպէս օրհասական դիմադրութեան սկզբնական օրերուն, նոյնպէս եւ Մայիս 28ին, յաղթանակի դարակազմիկ այդ պահուն, Հայաստանի ու հայութեան ազգային-քաղաքական կեանքին ընդհանուր ղեկը տակաւին կեդրոնացած կը մնար Թիֆլիսի մէջ, ուր Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը դիմագրաւէր բոլորովին տարբեր, այլեւ ծանրակշիռ կացութիւն։
Ռուսաստանի մէջ Ցարական կայսերապետութեան անկումէն ու քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն օգտուելով՝ թափ առած էր Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու նպատակով թուրքեւգերման միացեալ գրոհը։
Աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական վերիվայրումներու այդ օրհասական մթնոլորտին մէջ, Թիֆլիս կեդրոնացած վրացի, ազերի եւ հայ ղեկավարութիւնները, Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարումը ստանձնած ըլլալով, Մայիսի վերջին տասնօրեակին կանգնած էին բախտորոշ ընտրանքներու առջեւ։
Անկախաբար Ռուսաստանի պոլշեւիկեան իշխանութեանց հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւններէն, Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մէջ ներկայացուած երեք ազգերն ալ սուր հակադրութեանց ու մրցապայքարի մէջ էին իրարու հետ։
– Ազերի-թաթար թրքութիւնը ամէնուր պարզած էր ապստամբութեան եւ թրքական արշաւող զօրքին հետ միանալու դրօշ՝ ոչ միայն Իթթիհատ-Մուսաւաթի մշակած «անկախ Ատրպէյճան»ը իրականացնելու, այլեւ՝ հայապատկան հողեր համաթրքական խմորուող պետութեան կցելու նպատակով։
– Վրացիք ամէն գնով կ՚ուզէին կանխել պոլշեւիկեան դրօշով ու կարմիր համազգեստով Անդրկովկաս վերադարձող ռուսական տիրակալութիւնը։ Արդէն գաղտնի բանակցութեանց մէջ էին տակաւին տարածաշրջանէն ներս գործող գերման հրամանատարութեան հետ։ Նաեւ՝ Ջաւախքի եւ Լոռիի հայկական շրջանները վրացական գերիշխանութեան ենթարկելու ախորժակներ կը սնուցանէին, համապատասխանաբար թրքական զօրքի հրամանատարութեան հետ գաղտնի գործարքի մէջ մտնելով։
Ազերի-թաթարներու եւ վրացիներու հակառուսական այսօրինակ հաշիւներուն եւ ախորժակներուն դէմ յանդիման՝ Սէյմի ղեկավարութեան հայկական թեւը, որ ինչպէս Թիֆլիսի ու Երեւանի Ազգային Խորհուրդներուն մէջ՝ նաեւ այս պարագային կը բաղկանար մեծաւ մասամբ դաշնակցականներէ եւ կը հետեւէր Դաշնակցութեան ուղեգիծին, յայտնուած էր ծանրակշիռ ընտրանք կատարելու նեղ դրութեան մէջ։
Նախ իր Ծրագրով իսկ, Դաշնակցութիւնը Արեւելեան Հայաստանի համար կ՚առաջադրէր ամէնէն լայն ապակեդրոնացումով ինքնավարութիւն՝ դաշնակցային կապերով մաս կազմելով համառուսական պետական ամբողջութեան։
Այդ հիմունքով ալ Դաշնակցութիւնը մասնակցած էր Փետրուար 1917ի Ռուսական մեծ յեղափոխութենէն ետք կատարուած խորհրդարանական բոլոր ընտրութիւններուն եւ արժանացած էր Արեւելահայաստանի թէ Ռուսաստանով մէկ ցրուած հայկական հոծ շրջաններու ջախջախիչ մեծամասնութեան վստահութեան քուէին։
Ահա եւ այդ վստահութեան դրամագլուխով՝ Հ․Յ․Դ․ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդին շահերը Անդրկովկասեան Սէյմին մէջ, ուր նախ չէր բաժներ ազերիներու եւ վրացիներու հակառուսական ձգտումները։ Ապա՝ կը դիմագրաւէր թուրքերուն հետ ազերիներու ու վրացիներու մերձեցման ծանրագոյն վտանգը, որովհետեւ Թուրքիան մէկ աչքով կը նայէր դէպի Պաքու՝ համաթրքական պետութեան իր ցնորքը իրագործելու, իսկ միւս աչքով Երեւանին ու Զանգեզուրին՝ պատմական Հայաստանի վերջին բեկորները եւս ցեղասպանութեամբ հայաթափելու, բռնագրաւելու եւ այսպէս կոչուած «հայկական սեպ»էն միանգամընդմիշտ «ձերբազատուելու» նկրտումներով։
Մանաւանդ որ 1918ի Մայիս 21էն սկսեալ թրքական բանակը ընդհանուր յարձակողականի անցած էր Երեւանի ուղղութեամբ եւ վճռած էր փշրել հայ ժողովուրդի ողնաշարին վերջին կռուանը։
*
* *
Մայիս 1918ին Պաթում նստած թրքական պատուիրակութիւնը անընդհատ կը ճնշէր Սէյմի վրայ, որպէսզի Անդրկովկասը անկախութիւն հռչակէ Ռուսաստանէն։
Մինչ Արարատեան Դաշտի հայութիւնը կենաց-մահու իր կռիւէն յաղթական դուրս կու գար Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ռազմաճակատներուն վրայ, անդին՝ Պաթումի մէջ ծանր բանակցութիւններ կ՚ընթանային դէպի Պաքու ուղղուող թրքական բանակի հրամանատարութեան եւ Սէյմի կառավարութեան խառն պատուիրակութեան միջեւ։
Մայիս 26ին ընդմիջուեցան բանակցութիւնները եւ Սէյմի կառավարութեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Թիֆլիս՝ իր ձեռքին ունենալով թրքական կողմի վերջնագիրը, որ կը պահանջէր, քանի մը օրուան պայմանաժամով, մէկ կողմէ Սէյմի անկախացումը Ռուսաստանէն, իսկ միւս կողմէ՝ Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի վրայով թրքական զօրքերու ազատ տեղափոխութիւնը դէպի Պաքու։
Սէյմը Մայիս 26ի նոյն օրն իսկ ժողով գումարեց, որպէսզի որոշէ թրքական վերջնագրին իր տալիք պատասխանը։
Բայց վրացիք արդէն գաղտնի համախոհութեան մը եկած էին թրքական պատուիրակութեան նախագահ Խալիլ Փաշայի հետ։ Առ այդ, վրացի խորհրդարանականները ժողովէն պահանջեցին լուծարումը Սէյմին։
Ազերի-թաթարները ընդհանրապէս համաձայն էին եւ միայն հայկական կողմն էր, որ պնդեց լուծարման քայլին վտանգաւորութեան վրայ՝ ընդդիմանալով նման որոշումի մը կայացման։
Այդ պայմաններուն մէջ վրացիք Մայիս 26ին հրապարակեցին իրենց սեփական ընտրանքը կատարելու որոշումը եւ հռչակեցին Վրաստանի անկախութիւնը։
Յաջորդ օր՝ Մայիս 27ին ազերի-թաթարները դիմեցին միեւնոյն քայլին եւ հռչակեցին Ատրպէյճանի անկախութիւնը։
Հայկական կողմը գտնուեցաւ կատարուած փաստի առջեւ։
Մայիս 27ի ամբողջ գիշերը եւ մինչեւ Մայիս 28ի լոյս առաւօտը, բուռն քննարկումներ կատարուեցան բոլոր շրջագիծերով՝ թէ՛ Սէյմի մէջ ներկայացուած գործիչներու, թէ՛ Ազգային Խորհուրդի, թէ՛ Դաշնակցութեան թիֆլիսեան կառոյցներու մասնակցութեամբ։
Այդ քննարկումներու արդիւնքով՝ որոշուեցաւ մեկնակէտ ընդունիլ Սէյմի լուծարման փաստը եւ Անդրկովկասի անկախացումը Ռուսաստանէն, ինչ որ անխուսափելի կը դարձնէր Հայաստանի անկախութեան հռչակումը…
Այդ հիման վրայ, հայկական յատուկ պատուիրակութիւն մը անմիջապէս ղրկուեցաւ Պաթում, որպէսզի բանակցութիւններ վարէ Խալիլ Փաշայի ղեկավարած թրքական պատուիրակութեան հետ։
*
* *
Մինչ նման գահավիժման մէջ Անդրկովկասի ճգնաժամէն ելք մը գտնելու քաղաքական ճիգերը, անդին՝ Արարատեան Դաշտին մէջ թրքական նահանջող զօրքերուն դէմ թափ առած էր հայկական զօրքերու ընդհանուր յարձակողականը, որովհետեւ թրքական գրաւման տակ էր տակաւին Ալեքսանդրապոլը, եւ հայ ժողովուրդը դեռ չէր համակերպած․․․ Կարսի կորուստին։
Ընդգծելի է, որ հայկական պատուիրակութիւն մը Պաթում ուղարկելու թիֆլիսեան որոշումը նկատուեցաւ, հայ ժողովուրդի հաշւոյն, Հայաստանի անկախութիւնը իրողապէս հռչակելու պատրաստակամութիւն եւ Մայիս 28ը, այդպիսով, հռչակուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան Օրը։
Իսկ Հայաստանի անկախութեան իրաւական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Մայիս 30ին՝ Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի հետեւեալ պատմական յայտարարութեամբ, որ Անկախութեան մասին խօսք չունէր, այլ բառացիօրէն կը բաւարարուէր հայկական շրջաններու ինքնիշխանութեան հռչակումով.-
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել հայոց ազգային կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։
Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան իրաւական հռչակումը, որ խորքին մէջ Անկախութեան յայտարարութենէ աւելի՝ թրքական գրոհին դէմ հայկական յաղթանակի կատարուած փաստին արձանագրութիւնն էր։
Այդ յայտարարութիւնը միաժամանակ հիմքը դարձաւ Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազատ ու անկախ պետականութեան ստեղծման. Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի անդամներու քաղաքական բաղադրութեան հիման վրայ, կազմուեցաւ հայոց պետական անդրանիկ օրէնսդիր ժողովը՝ Հայաստանի Խորհուրդը, որ շուտով ուղին պիտի հարթէր, ժողովրդավարական ընտրութեամբ, Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանի կազմութեան։
Մայիս 28ի Յայտարարութեան հետեւեցաւ կազմութիւնը, Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, Հ.Հ. անդրանիկ կառավարութեան։
Այսպէ՛ս, հերոսական արեամբ նուաճելով 25-28 Մայիս 1918ի Մայիսեան Յաղթանակները՝ հայ ժողովուրդը Մայիս 28ին իրողապէս տիրացաւ Հայաստանի անկախութեան։
Այս առումով Մայիս 28ի խորհուրդը լաւագոյնս կը խտացնէ Ս. Վրացեան՝ իր կոթողական «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գործին մէջ շեշտելով, որ՝
«Այսպիսով՝ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան օրը իսկապէս պէտք է համարուէր Մայիս 30ը։ Հակառակ դրան, համարւում է Մայիս 28ը, այսինքն՝ այն օրը, երբ Ազգ. Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուիրակութիւն ուղարկել Պաթում։ Անուղղակի կերպով, այս օրն էլ կարող է համարուել անկախութեան սկզբնաւորութիւն, որովհետեւ թիւրքերը հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու համար նախապայման էին դրել անկախութեան յայտարարութիւնը։ Ընդունելով թիւրքերի պայմանը՝ Ազգ. Խորհուրդը դրանով իսկ հաստատած էր լինում անկախութեան փաստը։
«Այսպէս թէ այնպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագման օրը ընդունուեց Մայիս 28ը։ Այդ օրը դարձաւ նուիրական՝ հայ ժողովրդի համար եւ մտաւ ազգային տօնացոյցի մէջ, իբրեւ սրբազան օրերից մէկը»։