Բարի լոյս
«Ռուսական Չեկայի պետ Բագրատովի եւ Միկոյեանի պնդումին վրայ է, որ գնդակահարուած է Մանասեան»։
29 Մայիս 2020
Ն.Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ոգիով առաջնորդուող եւ ժողովո՜ւրդ առաջնորդող հայ քաղաքական մտքի ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք քաղաքական թէ կուսակցական իրենց պատկանելիութիւնն ու ինքնահաւատարմութիւնն իսկ գիտեն պայմանաւորել ու հունաւորել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆը ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ դասելու ԴԱՒԱՆԱՆՔՈՎ։
Մայիս 29ի այս օրը, հարիւր տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի վրայ ասպատակած պոլշեւիկները Իջեւանի մօտակայքը դաւադրաբար առեւանգեցին, Պաքու տարին եւ Անաստաս Միկոյեաններու հրահանգով գնդակահարեցին ու Կասպից Ծովու բացերը նետեցին խոշտանգուած մարմինը ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆԱՍԵԱՆի, որու յեղափոխական անձնազոհութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի ծառայական վաստակին նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան լուսարձակը։
Բարի լոյս՝ գաղափարական ընդդիմախօսին եւ մինչեւ իսկ կուսակցական հակառակորդին նկատմամբ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ կողմնորոշուելու հայ ազգային-քաղաքական ԱՒԱՆԴին, որուն եղերաբախտ ներկայացուցիչներէն է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը ատենին ղեկավարած Սարգիս Մանասեան։
Անդրկովկասի տարածքին հալածանքի ենթարկուած հայ պոլշեւիկներուն ապաստան տալու նորանկախ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան ճարտարապետներէն էր Սարգիս Մանասեան, որ միաժամանակ առաջին ու մեծ զոհերէն մէկը դարձաւ գաղափարական ու ազգային-քաղաքական իր այդ դիւրահաւատութեան։
Բարի լոյս՝ Մանասեանէն անդին գացող, նաեւ ու մանաւանդ Մեծն ՉԱՐԵՆՑի նկատմամբ Մեծն ԱՂԲԱԼԵԱՆի խնամատարութեամբ նուիրագործուած Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏ ու ՊԵՏԱԿԱՆԱՄԷՏ այդ ՎԱՐՔԱԳԻԾԻՆ։
Ի վերջոյ Լենինի եւ Քեմալի միջեւ կնքուած եւ Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ու ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ կործանման վրայ խարսխուած ԿԱՅՍԵՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ դէմ՝ անզօ՜ր էր հայ ժողովուրդը, նոյնիսկ եթէ պոլշեւիկներ անգամ չունենար իր ծոցին մէջ։
Բարի լոյս՝ Մանասեաններու օրինակով սուլթանական եւ ցարական բռնակալութեանց դէմ մինչեւ վերջին շունչ անձնուիրաբար պայքարած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք միեւնոյն բռնակալութեանց դէմ պայքարող յեղափոխական ուժերուն միջեւ ԶԻՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը անհրաժեշտ պայման նկատեցին իրաւազրկեալ ազգերու ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ՝ 1917ի վերիվայրումներու դառն փորձառութեամբ գիտակցելով հանդերձ, թէ ի՜նչ դաւերու եւ կռնակէն դաշունահարող սադրանքներու ընդունակ է․․․ պոլշեւիկեան ԴԱՒԱՆԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆը։
Կը մնայ, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ուղղութեամբ պետական իր տունը ամրապնդելու այսօրուան ՈԳՈՐՈՒՄԻՆ մէջ, վերարժեւորէ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆԱՍԵԱՆը եւ հայոց սերունդներու յիշողութենէն սրբէ ու մաքրէ ՄԻԿՈՅԵԱՆ անուն ԱՄՕԹԻ ԽԱՐԱՆը։