ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Ն․ Պէրպէրեան
22 Օգոստոս 2020
Դաշնակցութեան անունով Կանոնագրէ ճառող եւ աջին թէ ձախին Կանոնագրին ենթարկուելու դասեր տուող ՆՈՐԱՅԱՅՏ «խօսնակներ»ն ու անոնց «դաստիարակներ»ը պէտք է նախ իրենք սորվին եւ ապա սորվեցնեն, որ Դաշնակցութիւնը իր անդրանիկ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ հաստատեց միայն ԾՐԱԳԻՐ, որ իր մէջ ունէր թէ՛ ՆՊԱՏԱԿ, թէ՛ անոր հասնելու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ բաԺինները։
Այսինքն՝ ԾՐԱԳԻՐ-ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ հասկացութիւնը – իբրեւ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը իրարմէ բաժնող առանձին գրքոյկներու ընկալում – հետագային առաջացած է ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ այնպէս չէ, որ իրարմէ անջատ ամբողջութիւններ են կամ կրնան ըլլալ Հ․Յ․Դ․ Ծրագիրն ու Հ․Յ․Դ․ Կանոնագիրը, ինչպէս որ անգիտութեամբ կը փորձեն քարոզել այսօր։
Դաշնակցական ՀԻՄՆԱԿԱՆ սկզբունք եւ արժէք է, որ Կազմակերպական Կանոնները պէտք է համահունչ ըլլան Ծրագրին՝ պէտք է բխին նոյնինքն Ծրագրէն։
Այդ հիման վրայ է, որ ԱՊԱԿԵԴՐԱՆԱՑՈՒՄը Դաշնակցութեան համար սոսկ կազմակերպական յղացք կամ դրութիւն չէ, այլ գաղափարական ԱՇԽԱՐՀԱՅԵԱՑՔ է։