Գաղափարախօսութիւն

Ընկերական Զրոյցներ․ԾՐԱԳԻՐը թէ՛ ԳԱՂԱՓԱՐ է՝ ԳՈՐԾի համար, թէ՛ ԳՈՐԾը հունաւորող ԿԱՆՈՆ է

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ն․ Պէրպէրեան

22 Օգոստոս 2020

Դաշնակցութեան անունով Կանոնագրէ ճառող եւ աջին թէ ձախին Կանոնագրին ենթարկուելու դասեր տուող ՆՈՐԱՅԱՅՏ «խօսնակներ»ն ու անոնց «դաստիարակներ»ը պէտք է նախ իրենք սորվին եւ ապա սորվեցնեն, որ Դաշնակցութիւնը իր անդրանիկ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ հաստատեց միայն ԾՐԱԳԻՐ, որ իր մէջ ունէր թէ՛ ՆՊԱՏԱԿ, թէ՛ անոր հասնելու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ բաԺինները։

Այսինքն՝ ԾՐԱԳԻՐ-ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ հասկացութիւնը – իբրեւ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը իրարմէ բաժնող առանձին գրքոյկներու ընկալում – հետագային առաջացած է ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ այնպէս չէ, որ իրարմէ անջատ ամբողջութիւններ են կամ կրնան ըլլալ Հ․Յ․Դ․ Ծրագիրն ու Հ․Յ․Դ․ Կանոնագիրը, ինչպէս որ անգիտութեամբ կը փորձեն քարոզել այսօր։

Դաշնակցական ՀԻՄՆԱԿԱՆ սկզբունք եւ արժէք է, որ Կազմակերպական Կանոնները պէտք է համահունչ ըլլան Ծրագրին՝ պէտք է բխին նոյնինքն Ծրագրէն։

Այդ հիման վրայ է, որ ԱՊԱԿԵԴՐԱՆԱՑՈՒՄը Դաշնակցութեան համար սոսկ կազմակերպական յղացք կամ դրութիւն չէ, այլ գաղափարական ԱՇԽԱՐՀԱՅԵԱՑՔ է։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆԸնկերական Զրոյցներ․ԾՐԱԳԻՐը թէ՛ ԳԱՂԱՓԱՐ է՝ ԳՈՐԾի համար, թէ՛ ԳՈՐԾը հունաւորող ԿԱՆՈՆ էՆ․ Պէրպէրեան22…

Posted by Nazareth Berberian on Friday, August 21, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *