Գաղափարախօսութիւն

«Դաշնակցութեան ԱՆՈՒՆՈՎ Կ՚երդնուն, ԲԱՅՑ Դաշնակցութեան ԻՄԱՍՏԻՆ Անհաղորդ Են ու …Խորթ»

Ն․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» բառը մեր կուսակցութեան անուան հիմնական ստորոգելին է, որովհետեւ կը բնութագրէ նոյնինքն գաղափարական մեր շարժման կազմակերպութիւնը, կառոյցը։

Ոչ միայն հայերէն-լեզուական ստուգաբանութեամբ, այլեւ գաղափարական իր բովանդակութեամբ՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը իր անունով իսկ զինակցումը՝ դաշնակցո՛ւմն է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար պայքարող բոլոր ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ։

Պատահականօրէն չէր, որ մեր կուսակցութիւնը հիմնուեցաւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ անունով։

Նոյնպէս պատահականօրէն չէր, որ մեր կուսակցութիւնը ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ վերանուանուելով՝ շեշտեց գաղափարական նկարագիրը իր անուան կազմակերպական՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ՛Ն բնութագրումին։

Առանձին քննարկման եւ խորհրդածութեան նիւթ է ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ այդ հիմնական փոփոխութեան՝ «հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն» անուան փոխարինումը «հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» անունով։

Անմիջապէս այստեղ պէտք է նշել՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ծառայող դաստիարակութեան առումով, որ Դաշնակցութեան անունով երդուելու պատրաստ եղող կուսակցականը ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր պէտք է լաւ գիտակցի, որ մեր կազմակերպութիւնը ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆն է գերագոյն զոհաբերութեան յանձնառու եւ, ըստ այնմ, գաղափարական համերաշխութիւն կնքած կուսակցականներու։

Այդպէ՛ս է, որ Դաշնակցութեան մէջ, հիմնադրութեան իսկ ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրերը, գաղափարներու տարբերութիւններն ու տեսակէտներու շուրջ բանավէճերը ոչ միայն երաշխաւորուած են կազմակերպական կանոններու աւանդներով ու անգիր օրէնքներով, այլեւ գրաւականն են մեր շարքերու վերանորոգման եւ հայ ժողովուրդին մէջ Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական ԱՐԺԷՔին ու գաղափարական-յեղափոխական ԱՒԱՆԴԻՆ յարաճուն արմատաւորումին։

Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարական իմաստէն կը պարպեն ու բարոյական հեղինակութեան առումով կ՚աղքատացնեն այն ՇԱՐՔԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐը, որոնք ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ անունը բերնի ծամօնի կը վերածեն, ԿԱՆՈՆԱԳԻՐը կը հռչակեն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐը դատելու ինչ որ «աւետարան»՝ իրենց գձուձ հաշիւներուն կամ շահերուն հաշւոյն մեր կուսակցութիւնը պարպելու համար իր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԷՆ – Հայաստանի եւ հայ ազգի ազատագրութեան ընդհանուր պայքարին ԴԱՇՆԱԿՑՈՂ գաղափարի մարտիկներէն ու յանձնառու կուսակցականներէն։

Դաշնակցութիւնը ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ ՈՒԺն է հայ ժողովուրդի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔԷՆ ծնունդ առած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ։

Մեր ժողովուրդը տրամադիր չէ եղած, այսօր մանաւանդ աւելիով տրամադիր չէ ընդունելու «Դաշնակցութիւն» անունով ներկայացող որեւէ այլածին կազմակերպութիւն, յատկապէս՝ քաղաքական դիակ․․․

Ի վերջոյ Դաշնակցութիւնը՝ կուսակցութիւն մը ըլլալէ առաջ եւ անդին՝ հայ ազգի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆ կնքած անձնուրացներու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔն է, որուն հետ ոչ մէկ հարազատ կապ ունին Դաշնակցութեան անունով երդուող՝ սոսկ շրթունքի տուրք վճարող եւ կտուրներէն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ եւ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԻՆ դէմ հայհոյող երէկուան թէ այսօրուան․․․ «կանոնագրային»ները։

    

One Response to “«Դաշնակցութեան ԱՆՈՒՆՈՎ Կ՚երդնուն, ԲԱՅՑ Դաշնակցութեան ԻՄԱՍՏԻՆ Անհաղորդ Են ու …Խորթ»”

  1. Հայկազ Պետրոսեան Reply

    «Դաշնակցութիւնը՝ կուսակցութիւն մը ըլլալէ առաջ և անդին՝ հայ ազգի անձնուրացներու գաղափարական ընտանիքն է» որուն հետ ոչ մէկ կապ ունեն նրանք ովքեր Դաշնակցութեան անունից դաշինքներ են կնքում անձնական շահեր հետապնդող ու ՔԿԲին ծառայող կուսակցապետների հետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *