ՍԵԴՕ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
Բարեւ՝ Մեր Ուղին-ի Յարգելի Ընկերներ,
Վերջերս շատ կը խօսուի զանգուածային ներգաղթի մասին՝ որ պէտք է կուսակցութիւնները կամ եկեղեցին հայերուն տեղափոխեն Լիբանանէն Հայաստան։ Եւ համացանցի վրա սկսած է բամբասանք, իբր թէ Հայաստանի պետական մարմինները ոչ մէկ բան կ՚ընեն օգնելու այն խեղճերուն, որոնք կ՚ուզեն հաստատուիլ Հայրենի հողին վրայ։
Սիրելիներ, նախ ըսեմ, որ ես ամէն տարի այցելած եմ Հայաստան եւ արդէն մէկ տարիէ աւելի է, որ հայրենադարձ եմ։ Եւ մեկնելով իմ փորձառութենէն կ՚ըսեմ, որ համացանցի վրա տեղադրուած որոշ նիւթեր զուտ բամբասանք են եւ իսկական հայրենասէրներուն միտքերը պղտորելու փորձեր են։
Հայրենիքը միշտ ալ գրկաբաց կ՚ընդունի եւ պիտի ընդունի իր զաւակներուն, եւ հնարաւորինը պիտի ընէ օգնելու բոլորին։ Բայց հաստատ պէտք է գիտնալ, որ մենք պիտի գանք հայրենիքին տալու համար, հայրենիքը շէնացնելու, բարգաւաճեցնելու եւ՝ ոչ միայն Հայրենիքի բարիքներէն օգտուիլ։
Սիրելիներ, ոչ մէկուն մի լսեք։ Երկու բան կայ ընելու՝ որոշում առնելու քաջութիւն եւ պատրաստել ճամպրուկները։
Աւելցնեմ, որ հայրենիք տեղափոխուած օրէս մինչ օրս ոչ ոք ինծի նեղութիւն տուած է. ու գիշերը՝ երբ գլուխս բարձին դնեմ, նոյն զգացումն է՝ երբ գլուխդ մօրդ գիրկը դնես ու քնես։