Հայաստան

ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ․․․

Մինչեւ

ե՞րբ պիտի շարունակուի․․․ այս

ԼԱՐԱԽԱՂԱՑՈՒԹԻՒՆը

Կը

տեսնէ՞ք որքա՜ն գրաւիչ եւ խորհրդաւոր

տպաւորութիւն կը գործեն պատին ճաշակով

զետեղուած ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան

լուսանկարները։

Վստահաբար

պիտի տարուիք ստուգելու, թէ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐի,

ՌՈՍՏՈՄի եւ ԶԱՒԱՐԵԱՆի խստապահանջ հայեացքին

ու գաղափարապաշտ ՀՈՎԱՆԻԻՆ տակ որո՞նք

հաւաքուած են եւ կը շարունակեն ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

130ամեայ ԵՐԹԸ։

Աւելի

լաւ է ՉԳԻՏՆԱԼ․․․

ԳԱԳԻԿ

ԾԱՌՈՒԿԵԱՆի «ԲԱՐԳԱՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» եւ

ԱՐԹՈՒՐ ՎԱՆԵՑԵԱՆի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» կուսակցութեանց

ներկայացուցիչներ հիւրընկալուած են ՀՅԴ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ներկայացուցիչներուն

կողմէ՝ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ․․․

Ի՞նչ

ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ՝

Համավարակի դէմ պայքարի համար ՀՀ

կառավարութեան հաստատած «արտակարգ

դրութեան իրաւական ռեժիմի խախտման

պատճառով կիրառուած տուգանքները չեղարկելու

(համաներելու) մասին նախագիծ» պատրաստելու

օրակարգով։

Հայաստանի

տնտեսաքաղաքական ԽԱԹԱՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԿԱՐԳի

թիւ մէկ ՉԱՐԱՇԱՀՈՂին եւ ՀՀ ՅԱՏՈՒԿ

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ «ԹԱՒՇԵԱՅ ԳՈՐԾԱՐՔ»ի

աստիճանաւոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒին ներկայացուցիչները

թերեւս ՀՈԳԵՀԱՐԱԶԱՏ կը նկատուին․․․

ՀՅԴ ԳՄի ներկայացուցիչներու աչքին, բայց

ի վերջոյ մինչեւ ո՜ւր պիտի հասցնեն ՀՅԴ

ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ վարկաբեկման,

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄի իմաստազրկման

ծառայող գաղափարական ու բարոյական այս

գահավէժ անկումը։

Մինչեւ

ե՞րբ․․․

Մինչեւ

ե՞րբ պիտի շարունակուի ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ

ԱՒԱՆԴՈՎ սեփական մերկութիւնը ծածկելու

եւ նորագիրներ մոլորեցնելու այս

ԼԱՐԱԽԱՂԱՑՈՒԹԻՒՆը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *