ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բարի լոյս՝ կեանքի ամէնօրեայ հոգերէն պահ մը հեռու կանգնելու եւ հանգիստ շունչ քաշելու ծարաւը ունեցող համացանցի հայ այցելուներուն։
Հայաստանի այսօրուան ընդդիմադրութեան «մարտական» խօսնակներէն news.amը երէկ՝ Օգոստոս 31ին ամենայն խանդավառութեամբ աւետած է իր հետեւողներուն, որ «Վլադիմիր Պուտինը հեռախօսազրոյց է ունեցել Ռոբերտ Քոչարեանի հետ եւ ջերմօրէն շնորհաւորել է Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահին ծննդեան օրուայ կապակցութեամբ»․․․
Բարի լոյս՝ դատ ու դատաստանի սպասող ամբաստանեալ ՌՈԲԵՐՏ ՔՈՉԱՐԵԱՆին իր ՄՏԵՐԻՄի բարեմաղթանքը հրապարակաւ փոխանցող Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆի կենցաղավարական փափկանկատութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՐԿՐՈՐԴ նախագահը անկասկած ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ դուրսէն ու վերէն՝ յատկապէս ինքզինք երբեմնի կայսերապետական Ռուսաստանի թիւ 1 իշխանաւորի պէս պահող ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉի․․․ զօրակցութեան։
Բարի լոյս՝ արդէն 2020 թուականին ԱՊՐԵԼՈՒ իմաստը լիարժէք ընկալող ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ Փութինի եւ Քոչարեանի լուսանկարները կողք-կողքի հանդիսադրած news.amի լրատուութեան նայելով՝ իրաւամբ հարց կու տայ, թէ երէկուան երազներով օրօրուող մարդիկ ե՞րբ պիտի սթափին ու անդրադառնան, թէ այլեւս հնարաւոր չէ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը խաբել եւ իշխանութեան լուծի թմբիրին վերադարձնել՝ ՈՒԺԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ խորհրդանշող քարոզչական ՓՈՒՉԻԿՆԵՐով։
2018ին Հայաստանն ու Հայութիւնը ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՄԲ նոր հորիզոններու բացին մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔը, որ վերածնունդի ՈՒՂԻՈՎ ահա յաղթաքայլ կ՚առաջանայ դէպի կերտումը ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԶՕՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ՝ սեւեռելով ՄԱՔՈՒՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳի քայլ առ քայլ հաստատագրումին ու ամրապնդումին։