20 C
Yerevan

Դէպի Երկիր

Աւօ Պօղո­սեան

Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումէն անմի­ջա­պէս ետք ” Դէպի Երկիր”  լոզունքը մոգա­կան ազդե­ցութիւն ձգեց սփիւռքա­հայ զանգուածնե­րուն վրայ, շատե­րուն գուցէ եւ վախ, զարմանք ու սարսուր պատճա­ռեց, բայց շատե­րուն ալ ոգեւո­րեց , գոտեպնդեց, որ ահա երկար տասնա­մեակնե­րէ ետք միայն հեռաւոր եւ ռոմանթիկ բառա­կա­պակցութիւն մը ըլլա­լէ ետք իրա­կա­նութիւն դառնա­լու մեկնարկը տրուած էր, որուն առա­ջին իրա­գործման ակա­նա­տե­սը եղանք, ՀՅԴ ի Հայրե­նիք վերա­դարձով ու վերընձիւղմամբ։ 

Այդ օրե­րէն անցած են ահա երե­սուն տարի­ներ ու ցաւ ի սիրտ, այդ կարգա­խօ­սը տակաւին հեռու է իրա­կա­նութիւն դառնա­լէ։ Ճիշտ է որ երե­սուն տարի­նե­րուն Հայրե­նիք վերա­դարձած են հազա­րաւոր հայեր  սակայն անոնք մեծա­մասնութեամբ աղե­տեալ հայեր են որոնք փախուստ տուած են Իրա­քէն, Իրա­նէն, Սուրիա­յէն ու ահա վերջերս ալ Լիբա­նա­նէն։ Կան նաեւ Ամե­րի­կա­նե­րէն ու Եւրո­պա­յէն ներգաղթածներ։ Այսպէս‘ եկողնե­րը անձնա­կան նախա­ձեռնութեամբ եկած են այստեղ ու ոչ մէկ կազմա­կերպուած ծրագրով, ըլլայ այդ սփիւռքեան ղեկա­վա­րութեան կամ հայրե­նի իշխա­նութեանց։ Աւե­լին‘ մենք տեսած ենք որ  թէ Սուրիոյ պատե­րազմի պարա­գա­յին ու թէ վերջերս, Լիբա­նա­նի աղե­տի եւ տնտե­սա­կան սուր տագնա­պի, սփիւռքի տեղա­կան, թէ աշխարհիկ եւ թէ հոգեւոր ղեկա­վա­րութիւնը, մեղմ ասած դէմ արտա­յայտուե­ցաւ գաղութնե­րու պարպումին եւ հայրե­նա­դարձութեան, այդ արտա­յայտութիւնը գողարկե­լով ” Նախ կարի­քաւորնե­րուն օգնենք” ի շղարշի ներքոյ։ Միւս կողմէ Հայրե­նի իշխա­նութիւններն ալ գրե­թէ լոզունքի եւ խօսքի սահմա­նը չանցան այս հարցի կապակցութեամբ , երբ Հայաստա­նի ժողովրդագրա­կան պատկե­րը հասած է ներկայ շատ մտա­հո­գիչ մակաևդա­կին ու 2050 ին հինգ միլիոն բնակջութիւն ունե­նա­լու պատրանքը,  միայն Տոն Կիշո­տեան երեւա­կա­յութիւն կը թուի ըլլալ։ 

Ուրեմն հարց. Երբ՞լուրջ պետութիւն եւ ազգ պիտի դառնանք…։

Առնչվող Հոդվածներ