Հայաստան

ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՆՈՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Երկիրը այսօր ունի օրինաւոր ընտրուած՝ legitimate իշխանութիւն, որուն յաջող կամ ձախող գործունէութեան գնահատականը կուտայ ժողովուրդը՝ իր քուէով։

Երկիրը, ցաւոք, չունի ուժեղ ընդդիմութիւն։ Նախկինները կը փորձեն ընդդիմադիր հրապարակը պահել իրենց հակակշռին տակ, եւ ամէն ինչ կ՚ընեն չէզոքացնելու նոր, ժողովուրդի ոչ-իշխանամէտ հատուածին վստահութիւնը վայելող ընդդիմութեան գոյառումը։ Իսկ նախկինները՝ ՀՀԿ-ով, ԲՀԿ-ով եւ ՀՅԴ անունը գործածող կուսակցութիւնով՝ մերժուած են թէ՛ ըննդիմադիր եւ թէ՛ դիմադիր հանրութեան կողմէ։

Հրապարակը պէտք ունի ընդդիմադիր նոր դէմքերու, ընդդիմադիր նոր ուժերու համախումբ գործունէութեան։ Ոչ ոք կ՚ուզէ նախկիններուն պարանով հոր իջնել։

Ուրեմն,Հայաստանի հանրութեան գլխաւոր գործը, ամէն բանէ առաջ, ոչ թէ լեգիտիմ իշխանութիւնը հանրահաւաքներով ու ցոյցերով փոխել է, այլեւ՝ նոր, ուժեղ եւ իսկական այլընտրանք համարուող՝ լեգիտիմ ընդդիմութիւն ձեւաւորելը։

Հրապարակի վրայ նախկիններու հանած ժխորը ԱՆՅԱՊԱՂ պէտք է փոխուի աւելի թարմ, աւելի դրական, անցեալի կեղտի մէջ չթաթախուած նոր ուժերով…

Մենք պէտք ունինք ո՛չ թէ աղմկարարներու, որոնք կասկածելի կապեր ունին օտար երկիրներու սպասարկութիւններու հետ, այլ պէտք ունինք ըննդիմադիր այն նոր ուժերուն, որոնք ունին մաքուր անցեալ, գաղափարական կեցուածք, եւ կրնան ժողովուրդին յարգանքն ու համակրանքը վայելելով՝ իսկական այլընտրանք դառնալ ապագայի համար: Հին, մաշած եւ խաղողը քացախի վերածած տակառին մէջ նոր գինի կարելի չէ սարքել: Հիները այլեւս անցեալին կը պատկանին, իրենց օլիգարխներով եւ արտաքին կասկածելի կապերով:

Նոր Հայաստան, նոր ընդդիմութիւն: Սա է ամենաընդունելի եւ անխուսափելի տարբերակը:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *