26.4 C
Yerevan

ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՆՈՐ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Երկի­րը այսօր ունի օրի­նաւոր ընտրուած՝ legitimate իշխա­նութիւն, որուն յաջող կամ ձախող գործունէութեան գնա­հա­տա­կա­նը կուտայ ժողո­վուրդը՝ իր քուէով։

Երկի­րը, ցաւոք, չունի ուժեղ ընդդի­մութիւն։ Նախկիննե­րը կը փորձեն ընդդի­մա­դիր հրա­պա­րա­կը պահել իրենց հակակշռին տակ, եւ ամէն ինչ կ՚ընեն չէզո­քացնե­լու նոր, ժողո­վուրդի ոչ-իշխա­նա­մէտ հատուա­ծին վստա­հութիւնը վայե­լող ընդդի­մութեան գոյա­ռումը։ Իսկ նախկիննե­րը՝ ՀՀԿ-ով, ԲՀԿ-ով եւ ՀՅԴ անունը գործա­ծող կուսակցութիւնով՝ մերժուած են թէ՛ ըննդի­մա­դիր եւ թէ՛ դիմա­դիր հանրութեան կողմէ։

Հրա­պա­րա­կը պէտք ունի ընդդի­մա­դիր նոր դէմքե­րու, ընդդի­մա­դիր նոր ուժե­րու համա­խումբ գործունէութեան։ Ոչ ոք կ՚ուզէ նախկիննե­րուն պարա­նով հոր իջնել։

Ուրեմն,Հայաստանի հանրութեան գլխաւոր գործը, ամէն բանէ առաջ, ոչ թէ լեգի­տիմ իշխա­նութիւնը հանրա­հաւաքնե­րով ու ցոյցե­րով փոխել է, այլեւ՝ նոր, ուժեղ եւ իսկա­կան այլընտրանք համա­րուող՝ լեգի­տիմ ընդդի­մութիւն ձեւաւո­րե­լը։

Հրա­պա­րա­կի վրայ նախկիննե­րու հանած ժխո­րը ԱՆՅԱՊԱՂ պէտք է փոխուի աւե­լի թարմ, աւե­լի դրա­կան, անցեա­լի կեղտի մէջ չթա­թա­խուած նոր ուժե­րով…

Մենք պէտք ունինք ո՛չ թէ աղմկա­րարնե­րու, որոնք կասկա­ծե­լի կապեր ունին օտար երկիրնե­րու սպա­սարկութիւննե­րու հետ, այլ պէտք ունինք ըննդի­մա­դիր այն նոր ուժե­րուն, որոնք ունին մաքուր անցեալ, գաղա­փա­րա­կան կեցուածք, եւ կրնան ժողո­վուրդին յարգանքն ու համակրանքը վայե­լե­լով՝ իսկա­կան այլընտրանք դառնալ ապա­գա­յի համար: Հին, մաշած եւ խաղո­ղը քացա­խի վերա­ծած տակա­ռին մէջ նոր գինի կարե­լի չէ սարքել: Հինե­րը այլեւս անցեա­լին կը պատկա­նին, իրենց օլի­գարխնե­րով եւ արտա­քին կասկա­ծե­լի կապե­րով:

Նոր Հայաստան, նոր ընդդի­մութիւն: Սա է ամե­նաընդունե­լի եւ անխուսա­փե­լի տարբե­րա­կը:

Առնչվող Հոդվածներ