Բարի Լոյս

ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐՆ․

Նազարէթ Պէրպէրեան

8 Հոկտեմբեր 2020

Բարի լոյս՝ ռազմագիտական ու ռազմավարական մտքի այն բոլոր յառաջապահներուն, որոնք Carl von Clausewitzի հետեւողութեամբ կը յուշեն բոլորիս, թէ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ պարզապէս տարբեր ձեւերով․․․

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի դէմ ծաւալած այս օրերու ծանրաղէտ ՊԱՏԵՐԱԶՄին մէջ կը տեսնեն ու ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ կը դիմագրաւեն Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ թուրքեւատրպէյճանական անարգ ոսոխի նախայարձակման դէմ ինքնապաշտպանութեան կռիւէ մը աւելին՝ ուղղակի 21րդ դարու զէնքերով ՊԱՏԵՐԱԶՄ մղող ու ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ իր վճռորոշ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ համար մաքառող ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ՝ հայրենի ոստաններէն մինչեւ Հայաշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերը։

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի այն բոլոր ջահակիրներուն, որոնք մեր ժողովուրդի ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂՆ ու ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ կը դաւանին ԳԵՐԻՎԵՐ ամէն կարգի ընկերային թէ քաղաքական, գաղափարական թէ դաւանական պատկանելութենէ բխող արժէքներէ։

Թուրքեւատրպէյճանական ՀԱԿԱՀԱՅ ՍԱԴՐԱՆՔին դէմ ոչ միայն ՄԷԿ ու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԲՌՈՒՆՑՔի վերածուած է ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը, այլեւ իբրեւ ՄԷԿ ու ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔի զաւակները ՏԷՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ հարիւրաւոր մեր ԶՈՀԵՐՈՒՆ, հազարաւոր մեր ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ եւ անտունի մնացած ու տեղահան՝ ԳԱՂԹԱԿԱՆ դարձած հայ բազմութիւններուն, առանց խտրութիւն դնելու աջին եւ ձախին, իւրայինին եւ մրցակիցին միջեւ։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐը ամէն բանէ վեր ԴԱՒԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ, ընդհանուր ԹՇՆԱՄԻԻՆ սպառնալիքը յաղթահարելու եւ յանուն ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ ԲՌՆՑՔՈՒԵԼՈՒ հրամայականին տէր կանգնող ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔի մերօրեայ ՄՈԼԵԳՆՈՒԹԵԱՆ արժանի ՀԱՐՈՒԱԾ հասցնող, ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՂ ու ԵՏ ՎԱՆՈՂ հայոց պետականութեան ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ, որուն ընդհանուր հրամանատարը Կ՚ԱՀԱԶԱՆԳԷ աշխարհով մէկ, թէ Հայաստանի ու Հայութեան կործանումէն շատ աւելիին կը սպառնայ ԷՐՏՈՂԱՆի գլխաւորած նորօրեայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆը։

Մերձաւոր Արեւելքի հինաւուրց, այլեւ ԻՐԱՒԱՏԷՐ բոլոր ժողովուրդներու ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ համաթրքութեան նորագոյն այս ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆը, որու պատճառած ԱՒԵՐԻՆ ու ՍՊԱՆԴԻՆ համար ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՆ եւ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ պիտի կանչուին ոչ միայն ԱՆԳԱՐԱՅԻ ու ՊԱՔՈՒԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ, այլեւ ու որոշապէս ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀը ՂԵԿԱՎԱՐՈՂ այն ՈՒԺԵՐը՝ Ռուսաստանէն մինչեւ Եւրոպա, այլեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Չինաստան․․․ որոնք կամայ թէ ակամայ եւ գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍ բացած են ՑԵՂԱՍՊԱՆի ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐՈՒՆ առջեւ։

Բարի լոյս՝ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ հայրենի դիրքերը անխորտակ պահող, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹՈՂ եւ հայոց պատմութեան անիւը ՅԱՌԱՋ ՇԱՐԺՈՂ բոլոր ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *