16.9 C
Yerevan

Կառա­վա­րութեան Լիա­զօր Մարմնի մը Ստեղծման Անհրա­ժեշտութիւնը

Աբօ Պողի­կեան

Թիկունքը ուժե­ղացնե­լու եւ կազմա­կերպչա­կան աշխա­տանքնե­րը առաւել արդիւնաւէտ դարձնե­լու համար կ՝առաջարկեմ կառա­վա­րա­կան միջգե­րա­տեսչա­կան, ռազմա­կան դրութեան պայմաննե­րու բերումով լայն լիա­զօ­րութիւննե­րով օժտուած մարմին մը, որ վարչա­պե­տի նշա­նա­կած պարե­տի մը ղեկա­վա­րութեամբ՝

- Արտա­սահմա­նէն ատա­ցուած օժանդա­կութիւննե­րու արագ ընդունումը կարգաւո­րէ, դասաւո­րէ եւ ըստ կարի­քի գնա­հատման ճիշդ հասցէ­նե­րուն ուղորդե­լու միջոցներ ապա­հո­վէ. Դիւա­նա­կա­լա­կան ձգձգումնե­րը աննե­րե­լի ուշա­ցումնե­րու պատճառ կ՝ըլլան։ Այս մարմի­նը լիա­զօ­րուած պէտք է ըլլայ շրջանցե­լու բոլոր վարչա­կան խոչնդոտնե­րը։ Պահեստնե­րու մէջ ապրանք պահե­լը պատե­րազմա­կան ա՛յս վիճա­կի մէջ անհե­թեթ է։

- Արցա­խէն ժամա­նա­կաւո­րա­պէս հեռա­ցածնե­րու տեղաւորման, անոնց կանո­նաւոր օժանդա­կութիւն ապա­հո­վե­լու, պետա­կան եւ բարե­սի­րա­կան կառոյցնե­րու միջո­ցաւ բաշխման համա­կարգը աշխա­տացնե­լու եւ անոնց վրայ վերահսկե­լու պատասխա­նա­տուութիւնը վերցնէ. Ոչ մէկ արցախցի ընտա­նիք անտէր ու մոռցուած պէտք չէ ըլլայ։

- Առաջնագծին համար կատա­րուած նուի­րա­տուութիւննե­րը, դեղօ­րայքի, տաք հագուստի, եւ այլ անհրա­ժեշտութիւննե­րու ապրանքնե­րը ամէ­նէն արագ կերպով ճիշդ տեղը հասցնե­լու կարգադրութիւններ կատա­րէ

- Թիկունքի աշխա­տանքնե­րու համար կամաւո­րագրուածնե­րը ամէ­նէն արդիւնաւէտ ձեւով գործի դնէ

- Նահա­տակ ու վիրաւոր զինուորնե­րու ու կամաւո­րա­կաննե­րու ընտա­նիքնե­րուն հասա­նե­լիք իրաւունքնե­րը հետապնդե­լու, այդ իրաւունքնե­րը անոնց արագ եւ ամէ­նէն արժնա­պա­տիւ ձեւով փոխանցե­լու գործը դիւրացնէ:

Առնչվող Հոդվածներ