Հայաստան

Կառավարութեան Լիազօր Մարմնի մը Ստեղծման Անհրաժեշտութիւնը

Աբօ Պողիկեան

Թիկունքը ուժեղացնելու եւ կազմակերպչական աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար կ՝առաջարկեմ կառավարական միջգերատեսչական, ռազմական դրութեան պայմաններու բերումով լայն լիազօրութիւններով օժտուած մարմին մը, որ վարչապետի նշանակած պարետի մը ղեկավարութեամբ՝

– Արտասահմանէն ատացուած օժանդակութիւններու արագ ընդունումը կարգաւորէ, դասաւորէ եւ ըստ կարիքի գնահատման ճիշդ հասցէներուն ուղորդելու միջոցներ ապահովէ. Դիւանակալական ձգձգումները աններելի ուշացումներու պատճառ կ՝ըլլան։ Այս մարմինը լիազօրուած պէտք է ըլլայ շրջանցելու բոլոր վարչական խոչնդոտները։ Պահեստներու մէջ ապրանք պահելը պատերազմական ա՛յս վիճակի մէջ անհեթեթ է։

– Արցախէն ժամանակաւորապէս հեռացածներու տեղաւորման, անոնց կանոնաւոր օժանդակութիւն ապահովելու, պետական եւ բարեսիրական կառոյցներու միջոցաւ բաշխման համակարգը աշխատացնելու եւ անոնց վրայ վերահսկելու պատասխանատուութիւնը վերցնէ. Ոչ մէկ արցախցի ընտանիք անտէր ու մոռցուած պէտք չէ ըլլայ։

– Առաջնագծին համար կատարուած նուիրատուութիւնները, դեղօրայքի, տաք հագուստի, եւ այլ անհրաժեշտութիւններու ապրանքները ամէնէն արագ կերպով ճիշդ տեղը հասցնելու կարգադրութիւններ կատարէ

– Թիկունքի աշխատանքներու համար կամաւորագրուածները ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով գործի դնէ

– Նահատակ ու վիրաւոր զինուորներու ու կամաւորականներու ընտանիքներուն հասանելիք իրաւունքները հետապնդելու, այդ իրաւունքները անոնց արագ եւ ամէնէն արժնապատիւ ձեւով փոխանցելու գործը դիւրացնէ:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *