Բարի Լոյս

Ով Որ Քաջ Է՝ Ինչ Կը Սպասէ

Նախապատրաստուիլ մեր բոլոր իրաւունքներուն եւ հողերուն վերատիրանալու ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ

Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ պատերազմական ծանր պարտութեան մէջ անգամ իր ՀՈՂԻՆ ու ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ անտեղիտալիօրէն պահանջատէր կանգնած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ թշնամիին դէմ իր մղած ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿՌՈՒԻՆ անփոխարինելի արիւն եւ հող կորսնցնելով ու, աւելի՛ն, կործանարար պայմաններով զինադադար կնքելու ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՐԿԻՆ տակ դրուելով հանդերձ, ԱԶԳՈՎԻՆ ու ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ վերականգնելու եւ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐը վերանորոգ թափով շարունակելու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐը կը դիմագրաւէ։

Բարի լոյս՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ու ԱԶԱՏ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ պահպանման եւ պաշտպանութեան ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳը միակ ու առաջնահերթ ՕՐԱԿԱՐԳի վերածած Ազգի եւ Հայրենիքի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը դատապարտեն եւ ամօթանքի կ՚արժանացնեն ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ այս օրերուն քաղաքական հարթակները եւ համացանցը ողողած ու հայ քաղաքական միտքը փողոցային, նախատական ու հայհոյական ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ու տիղմին ու ոլորապտոյտին մէջ մխրճած ու ջլատած բոլոր պատեհապաշտները՝ այսպէս կոչուած «17ԱԿԱՆ» թէ «ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ» ըլլան ՊՂՏՈՐ ՋՈՒՐի մէջ գձուձ հաշուեյարդարներու եւ ԱԹՈՌԱԿՌՈՒԻ լծուած այդ․․․ ԱՆԱՐԺԱՆՆԵՐը։

Բարի լոյս՝ ճակատամարտը կորսնցուցած, բայց պատերազմը շահելու ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ Ազգի եւ Հայրենիքի վերականգման ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթելու համար այսօր ոտքի կանգնած հայոց բոլոր ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք զինադադարի քարտէսի ամբողջ երկայնքով՝ ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄՈՎ ու ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺՈՎ կը նախապատրաստուին մեր բոլոր իրաւունքներուն եւ հողերուն վերատիրանալու ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ, որպէսզի զինու զօրութեամբ պարտադրուած զինադադարին ընկերացած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը դատապարտուի երկար կեանք չունեցող ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ճակատագրին․․․

Ի վերջոյ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԸ աւելի քան երբեք ԱՅՍՕ՛Ր իր ամէնէն ԱՀԱՒՈՐ ՍԱՆՁԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՆ ժամանակը կ՚ապրի եւ մենք պարտաւոր ենք, մեր ազգային, պետական եւ քաղաքական բոլոր ուժերու վերանորոգ ԼԱՐՈՒՄՈՎ, լծուիլ մեր ՎԱՂՈՒԱՆ ՕՐը ԱՊԱՀՈՎՈՂ յաղթական պատերազմը ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ անդուլ աշխատանքին՝ 21-րդ դարու ՕՐԻՆԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ։Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀՈՎ մէկ ծաւալած Հայ Մարդուն ընդվզումը ԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄի հաւաքական ու կազմակերպ ՈՒԺի անսպառ աղբիւրի վերածելու ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որպէսզի կարենանք պատմական այս օրերուն աշխարհի մեծ ու բոլոր մայրաքաղաքներէն ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ տակ առնել Արցախի Հարցը ՏՆՕՐԻՆՈՂ եռանդամ համանախագահութեան պետութիւնները, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, որոնք իրողապէս ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ շնորհեցին թուրքեւատրպէյճանական ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄը ոչ միայն իր սաղմին մէջ չխեղդելու, այլեւ ռազմավարական դաշնակիցի իր յանձնառութիւնը չյարգելու պիղատոսականութեան։

Բարի լոյս՝ սեփական ուժերուն ապաւինող եւ իր փրկութիւնը մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ մէջ փնտռող Հայ Քաղաքական Մտքի ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *