Հայաստան

Արտահերթ Ընտրութիւններ

Րաֆֆի Դուդակլեան

Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական պէտք է տայ եւ կարճ ժամանակ յետոյ, ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան պահանջներուն, տեղի պէտք է ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։Սա է քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու օրինական, Սահմանադրական ճանապարհը։

Ընդդիմութիւնը (Հանրապետական կուսակցութիւն, ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան), Վազգէն Մանուկեանի բերանով, յայտարարեց, որ դէմ է արտահերթ ընտրութիւններուն, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան պիտի կեղծէ արդիւնքները եւ կառչած պիտի մնայ իշխանութեան։

Սա քիչ մը զարմանալի յայտարարութիւն է։ Մէկ կողմէն ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ, թէ Փաշինեան այլեւս իշխանութիւն չունի, ուժային եւ դատական համակարգերը չեն ենթարկուիր իրեն, միւս կողմէն ալ կը խօսի ընտրութիւնները կեղծելու Փաշինեանի ծրագրին մասին։ Հայաստանի մէջ 10 տարեկան երեխան ալ գիտէ, որ ընտրութիւնները անցեալին կեղծուած են ուժային եւ դատական համակարգերու հովանաւորութեամբ։ Իսկ եթէ Փաշինեան իշխանութիւն չունի այլեւս, ինչպէս որ գիշեր-ցերեկ կը բարձրաձայնէն ընդդիմադիրները, ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի կեղծուին ընտրութիւնները։

Անցեալին, բոլոր ընտրութիւնները յաջողութեամբ կը կեղծուէին որովհետեւ թէ՛ իրաւապահ, թէ՛ ուժային եւ թէ դատական համակարգերը աչք կը փակէին ՀՀԿի եւ իր դաշնակիցներու բոլոր մեքենայութիւններուն՝ ընտրակաշառքի եւ այլ զեղծարարութիւններու առջեւ։

Իսկ հիմա, ո՛չ Վազգէն Մանուկեանը, ոչ ալ Նիկոլ Փաշինեանը լիազորուած են խոչընդոտելու ընտրութիւնով իշխանութիւն ձեւաւորելու քաղաքացիներու սահմանադրական իրաւունքը։

Արտահերթ ընտրութիւններէն զատ այս ճգնաժամէն դուրս գալու Սահմանադրական աւելի լաւ ճամբայ չկայ։

Յառաջիկայ երկու-երեք շաբաթներուն Ազգային ժողովը կրնայ ընդունիլ կուսակցութիւններու մասին արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ գտնուող օրէնքը։ Միաժամանակ, կարելի է նաեւ բարեփոխել ընտրական ռէյտինկային խայտառակ օրէնքը եւ անցնիլ 100 տոկոս համամասնական՝ կուսակցական ցանկով ընտրութիւններու։ Ապա, վարչապետի հրաժարականէն ետք, տեղի կ՚ունենան Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւններ։

Ոչ 1 տարի, ոչ ալ 6 ամիս սպասելու կարիք կայ արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու համար։ Պարզ է, որ ընդդիմութիւնն ու դիմութիւնը մէկ տարի եւ վեց ամիս ժամանակաշրջանի նախապայման դնելով, կ՚ուզեն ժամանակ շահիլ, ամրացնեն իրենց իշխանական դիրքերը եւ վարչական լծակներու օգտագործումով, առաւելութիւն ձեռքբերեն իրենց մրցակիցներուն վրայ։

Արտահերթ ընտրութիւնները անխուսափելի են։ Որքան արագ հրաժարական տայ Փաշինեանը եւ որքան շուտ տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւնները՝ այդքան արագ կը լուծուի երկրի քաղաքական ճգնաժամը։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *