Սփիւռք

Հայրենի Պետականութեան Հաստատման Եւ Հզօրացման Հինգ Տուեալներ

Ռազմիկ Շիրինեան

Հայ ազգի եւ հայրենի պետականութեան գոյութեան ու զարգացման հարցն է հիմնական մեր մտահոգութիւնը յետ-պատերազմեան այս փուլին։ Հիմա ժամանակը չէ յանցաւորներն ու սխալ գործողները հաշուետուութեան կանչելու. անիկա անպայման տեղի կ՛ունենայ մօտ ապագային։

Սակայն, տարօրինակը մեր մէջ այն է, որ պարտուած իշխանութիւնը տակաւին չի հետեւիր պետականութեան տրամաբանութեան ու չի հեռանար իր դիրքէն, որպէսզի առիթ տայ նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման, նոր սկիզբի, նոր ռազմավարութեան, գոյատեւման եւ զարգացման նոր երաշխիքի` հայրենի ժողովուրդին համար։

Յետ-պատերազմեան ներկայ կացութեան մէջ, հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի հիմնական այն հարցերուն, որոնց անդրադարձը, քննարկումն ու լուծման գործադրումը հայրենի պետական գոյութիւնը կը պայմանաւորեն։ Թէ՛արտաքին-քաղաքական եւ թէ մանաւանդ ներազգային ինքնահաստատման ու ընկերաքաղաքական զարգացումներու իր ընթացքը նորոգ հաշուեքննող հարցեր են ասոնք, որոնք խոր ուսումնասիրութեան, ծրագրումի ու գործադրումի կը կարօտին եւ կ՛ամփոփուին հետեւեալ հինգ անյետաձգելի միտքերուն մէջ.

1.- Հայկական ինքնութեան վերանորոգումն ու հաստատումը։ Այս միտքը կ՛ընդարձակէ պատկանելիութեան գործուն գիտակցութիւնը ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ։ Հայ անհատը իր մասնակի (ընկերային կամ քաղաքական խմբաւորում, կուսակցութիւն, եւ այլն) պատկանելիութենէն անդին ազգային իր պատկանելիութիւնը կ՛ապրի ու կ՛արտայայտէ՝ իբրեւ հաւաքական կեանքի գերագոյն պատկանելիութիւն։ Պետականութիւնը ազգին հաւասարեցնող հիմնական երաշխիքը կու տայ այս հարցին լուծումը։ Ինքնութեան հաստատման այս ընթացքին մէջ, երբ պետականութիւնը (կառոյցը) կը նոյնանայ ազգին (ենթակառոյցին) հետ՝ ազգային գաղափարախօսութիւնը քաղաքական ամբողջական իմաստ եւ արժէք կը ստանայ։

2.- Պետական հեղինակութեան օրինականացումը։ Հոս կ՛ապահովուի ժողովուրդին անվերապահ ու յօժարակամ հաւանութիւնը պետական իրաւական կառոյցներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ երկրին մէջ տեղ գտած առօրեայ քաղաքական կիրարկումներուն եւ օրինաւորութիւններուն հանդէպ։ Նման հարցի մը լուծումը կ՛ենթադրէ ուղղահայեաց շաղկապուածութեամբ մը ժողովրդային պահանջներուն ամբողջական արտայայտութիւնը պետական որոշումներուն ու մշակոյթին մէջ։

Այլ խօսքով՝ որքան ժողովրդային շարժումներն ու ընտրանի մշակոյթը միակցուին, այնքան բանականացուած ու տրամաբանուած ընթացք կ՛առնեն ազգ-պետութեան գոյառումն ու զարգացումը։

3.- Մասնակցութիւնը ժողովրդային բոլոր խաւերուն երկրի քաղաքական կեանքին։ Այս միտքը կ՛իրագործուի թէ՛ քուէարկութեամբ եւ թէ առօրեայ քաղաքական կամ սովորական յարաբերութիւններով։ Քաղաքական կուսակցութիւններն ու այլ կազմակերպութիւններ կարեւոր դեր կը խաղան ժողովրդային մասնակցութեան այս ընթացքին մէջ։ Հոս, խնդրոյ առարկայ հարցը ժողովրդավարութիւնն է,  որ անհատի քուէի իրաւունքով չ՛երաշխաւորուիր միայն, այլ նոյնքան կը պայմանաւորուի իշխանութեան եւ կազմակերպութիւններու միջեւ գործուն յարաբերութիւններով։ Հարցերու տրամախոհական ու կշռադատուած զարգացումն է, որ կ՛առաջնորդէ իշխանութիւն-կազմակերպութիւններ յարաբերութիւնները։ Հետեւաբար, թէ՚՛ անհատի քուէի իրաւունքը եւ թէ իշխանութիւն-կազմակերպութիւններ գործուն յարաբերուրութիւնը հաւասարապէս կ՛երաշխաւորեն ժողովուրդին մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին։

4.- Իրաւահաւասար բաշխումը արտադրութեան եւ երկրի բնական հարստութեան։ Այս միտքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ ընկերային զարգացող արժէքները, կամ մշակութային հարստութիւնն ու ազգային աւանդները՝ իբրեւ կեանքի շարունակական բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան կայուն գործընթաց։ Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ցարդ հայրենի ժողովուրդին համար ազատական ազգայնականութիւնը, իր զուտ շահարկման ու մասնակի բաշխման իրագործումով՝ եղած է ներհակ ու հակոտնեայ միտք պետականութեան գոյառման այս կէտին մէջ։  Ազատական ազգայնականութեամբ ինքզինք արդարացուցած է երկրի ընտրանին ու ինքն իր շահերը ապահովող վերնախաւը, որ իր առանձնաշնորհումները պաշտպանող օրինաւորութիւններով անտեսած է ու թերի պահած է երկրին զանգուածային իրաւահաւասար բաշխումը։ Հետեւաբար, բաշխումը հայ իրականութեան մէջ քաղաքական արժէք ունի ոչ-ազատական ազգայնականութեան, այլ իրաւահաւասար ու զանգուածային տարածքով գործադրումին մէջ։ Այլ խօսքով՝ անիկա արժէք ունի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պատմական (ներառեալ կրօնական), մշակութային ու բնատուր բազմաթիւ հարստութեամբ բաղադրուած ու համահաշտ ազգայնականութեան մէջ։

5.- Պետական արժէքներու, գործընթացի եւ ազդեցութեան թափանցումը երկրի ամբողջ տարածքին եւ ծայրամասերուն։ Այս միտքը կը պայմանաւորէ պետական համակարգի ու գործունէութեան ազդեցութիւնն ու արդիւնքը բոլոր քաղաքացիներուն համար։ Բարեբախտաբար, Հայաստան՝ իբրեւ երկիր-պետութիւն,  աշխարհագրական իր սահմանումը ունի եւ տակաւին նպաստաւոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ազգային պետականութեան կառուցման ներկայ գործընթացին մէջ։ Ընդունինք, որ աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը տակաւին տիրական ներկայութիւն է քաղաքական ներքին թէ արտաքին յարաբերութիւններու միջազգային նորմերուն մէջ։ Հետեւաբար, թափանցումը հայրենի աշխարհամասի ամբողջ տարածքին կ՛ենթադրէ հաստատումը անհրաժեշտ այն ենթակառոյցներուն, որոնց վրայ կ՛ամրապնդուի պետականութիւնը։

Վերջին հաշիւով, կարեւոր է, որ հայ քաղաքական միտքը հանդարտի ու երկար շունջ առնէ։ Սկսի մտածել պետականութեան կառուցման վերոյիշեալ հինգ տուեալներուն մասին։ Ծարագրէ անոնց իրագործման միջոցները հեռաւոր ապագային համար, որպէսզի, ի վերջոյ, հայը ապրի իր ազատ ու հաստատուած հայրենիքին մէջ։

Asbarez.com

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *