Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ արեւմուտքէն ծագող արեւին սեւեռած հայ ժողովուրդի գաղափարի ուխտաւորներուն, որոշապէս եւ մանաւա՛նդ աշխարհասփիւռ դաշնակցականներուն, որոնք ակամայ «հանդիսատես»ը դարձած են «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» անունն ու հանգամանքը իւրացուցածներուն համացանցով բեմադրած փանջունիական «քաջագործութիւններուն»․․․
Այո՛, վերջին շաբաթներուն Դաշնակցութեան բիւրոյական վերնախաւը սկսած է սուր ճօճել Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի ողջ կազմակերպութեան գլխուն՝ խայտառակ «խաչակրութիւն» մը հրահրելով իր «կամքին» ու «որոշումներուն» դէմ դաշնակցականօրէն ծառացող հաւատաւորներուն եւ ցենզաւորներուն դէմ – եւ ոչ միայն Արեւմտեան Շրջանին մէջ։
Բարի լոյս՝ թէեւ ապշահար ու սահմռկած, այդուհանդերձ իրենց ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆԸ անսասան պահող հայ ժողովուրդի նուիրեալ դրօշակիրներուն – դաշնակցական, համակիր թէ անկուսակցական -, որոնք անձկութեանբ կը հետեւին Դաշնակցութեան ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ եւ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ պայքարին լծուած ու Հ․Յ․Դ․ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՄՐՈՑԸ կազմակերպականօրէն ՎՃՌԱԿԱՄ պահող Արեւմտեան Շրջանի ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ՝ յանուն հայ քաղաքական մտքի ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹԵԼՈՒ անկաշկանդ ԵՐԹԻՆ։
Եւ որքա՜ն իրաւացի է համացանցի վրայ վաստակաւոր դաշնակցականի մը կողմէ այս առիթով հրապարակուած այն գրառումը, թէ՝ այո՛, ԱՐԵՒը կրնայ եւ ծագիլ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ։
Որքան ալ հեղձուցիչ ըլլայ Քորոնա Համավարակին պարտադրած ընկերային ինքնամեկուսացման մղձաւանջային անձկութիւնը, այդուհանդերձ՝ հայ մարդը աշխարհի չորս ծագերէն իր հայեացքը կ՚ուղղէ արեւմուտքէն ծագող արեւին, որուն ճշգրիտ եւ դիպուկ լուսաբանութիւնը կը կատարէ օրեր առաջ համացանցով տարածուած հետագայ անստորագիր բացատրականը․․․
* * *
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի խնդիրները աւելի բարդանալու ընթացքին մէջ են, որովհետեւ Բիւրօն որոշած է հիմնայատակ ջլատել զայն: Տրամաբամութիւնը այն է, որ եթէ կարելի չէ շրջանը կատարեալապէս իր ինքնուրոյնութենէն պարպել ու կամակատար դարձնել, ապա ուրեմն պէտք է զայն քանդել:
Անշուշտ Շրջանի նուիրեալ եւ մաքուր դաշնակցականները չեն արտօներ, որ Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․ի կազմակերպութիւնն ալ վերածուի դրածոյ ու դաշնակցական գաղափարախօսութենէ պարպուած կառոյցի, եւ չեն արտօներ, որ Շրջանի տէրը դառնան մարդիկ, որոնք ագահութենէ եւ հոգեբանական անբաւարարուածութենէ մղուած՝ պատրաստ են ամէն բան քանդելու: Վկայ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մեր անկումը:
Չգիտցողներուն համար հոս պատմենք, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, ինչպէ՞ս, եւ որո՞նք էին պատասխանատուները այս ամէն ինչի:
Խօսինք բաց եւ անուններով։
Այն օրէն որ Վիգէն Յովսէփեանը մերժեց համակերպիլ Հրանտ Մարգարեանի ընթացքին, որ Դաշնակցութիւնը կցորդը դարձուցած էր հայաստանեան օլիկարքներու եւ KGBին, Մարգարեանը որոշեց ճզմել ոչ թէ միայն զինք ու իր ընկերները, այլ նաեւ բոլոր այն Կեդրոնական Կոմիտէները, որոնք խնդիր ունեցած էին իր կործանիչ ուղիին հետ:
Սկիզբ առաւ ընթացք մը Լիբանանի, Իրանի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ այլ այլախոհ շրջաններու մէջ՝ ընկեր-ընկերոջ դէմ հանելու, տեղւոյն ղեկավարութեան դէմ դաւեր նիւթելու, Կ.Կ.ներ նշանակելու, մինչեւ որ բոլոր շրջաններու մէջ կամակատար (կամ՝ առնուազն համակերպող) մարմիններ տեղադրուեցան:
Արեւմտեան Ամերիկան աւելի մեծ պատառ էր Հրանտ Մարգարեանին համար, որ մինչ այդ միլիոնաւոր տոլարներով օգտուած էր Արեւմտեանի «բարիքներ»էն ու այդ գումարները աւելցնելով Տոտի Կակոներէ, Միշիկ Մինասեաններէ ստացածներուն վրայ, քաֆէներ եւ պիզնէսներ տեղադրած էր իրեն եւ իր ընտանիքին համար։ Ան նաեւ կոպէկներ ռոճիկ բաժնելով իր չորս կողմը գտնուող խեղճուկներուն, անոնց հաւատարմութիւնը գնած: Բայց ագահութիւնը չափ չի ճանչնար, ու այդպէս ալ Հրանտ Մարգարեանը ինչպէս Պուրճ Համուտէն մինչեւ Ջուղայի հարստութիւնները եւ Արեւմտեանի գումարները դրաւ սուտ աշխատանքներու մէջ, որոնք այսօր ոչինչ տուած են Դաշնակցութեան:
Մինչեւ օրս ալ հանելուկ է, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ներքին համաձայնութեան շնորհիւ է, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը Մարգարեանի իւրացումի ճիգերը մէջտեղ չի հաներ:
Արեւմտեանի գործը սկսաւ անհատ ընկերներ նսեմացնելու եւ պատժելու փորձով, անոնց հասցէին երեխայական պիտակներ փակցնելով, սակայն շուտով պարզ դարձաւ, որ հարցը միայն անձերու խնդիր չէ, այլ Շրջանի ընկերներու 80 տոկոսի հարց, որ գաղափարի, սկզբունքի եւ դաշնակցականի արժանապատուութեան հարց ունին: Իսկ մնացած 20 տոկոսին պարագային, ուր դարձեալ Բիւրոյէն դժգոհութիւններ կան, կան ընկերներ՝ որոնք զուտ անձնական հարցերով (պաշտօնի նկրտումներ, անձնական նախանձ եւայլն), անոնք նախնտրեցին գործակցիլ Բիւրոյին հետ, որպէսզի իրենց տեղական խնդիրները լուծեն:
Տարիներու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Կ.Կ.ներու անդամներ ընտրուած են ընկերներ, որոնք ինքնուրոյն ըլլալու համարձակութիւնը ունեցած են, եւ մերժած են պոռոտախօսութեան ետին պահուըտիլ: Անոնք հաւատացած են, թէ Դաշնակցութիւնը ներուժն ու կարողականութիւնը ունի հայաստանեան եւ հայկական միջավայրի մէջ աւելի յարգուած եւ հեղինակաւոր ներկայութիւն ըլլալու: Բան մը որ Քոչարեաններու, Սերժերու, Նիկոլներու, Ծառուկեաններու պոչը ըլլալով կարելի չէ յաջողցնել: Եւ քանի որ Արեւմտեանի տղաքը խիզախութիւնը ունեցած են Բիւրոներու մօտ կամ Ընդհանուր Ժողովներու մէջ բարձրացնել նման խնդիրներ, Հրանտ Մարգարեանի եւ իր մարդոց կողմէ որոշում առնուած է «կոտրել» Արեւմտեան Ամերիկայի խնդրայարոյց շրջանը եւ տիրանալ անոր կալուածներուն, ինչքերուն: Ասոնց տրամաբանութիւնը այն է, որ եթէ կարելի չէ հպատակ դարձնել Արեւմտեան Ամերիկան, ուրեմն պէտք է քանդել զայն ու նորը կառուցել: Այս մարդիկ ո՛չ մէկ յարգանք ունեցած են այն հազարաւոր ընկերներու ճիգին եւ թափած քրտինքին հանդէպ, որոնք տասնամեակներու վրայ հաստատած են այս հզօր եւ հպարտութիւն ներշնչող համայնքը:
Արեւմտեանի ընկերները շատ ու միշտ քննարկած են այս խնդիրները: Անոնք քաջ գիտակցած են, թէ մեծ խաղը ո՛րն է, եւ թէ նպատակը վերջիվերջոյ Շրջանը լռեցնել է ու անոր նիւթական կարելութիւններուն վրայ ձեռք դնել է՝ օգտագործելով շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերներու նախանձները, միամտութիւնները, կոյր ձեւանալու ունակութիւնները: Սակայն միշտ ալ եզրակացուցած են, որ կուսակցութեան եւ գաղութի շահերը կը պահանջեն առճակատման չերթալ Բիւրոյի հետ, ու հարցերը չհրապարակայնացնել: Յոյսը միշտ այն եղած է, թէ օրերն ու իրականութիւնը կը փոխուին, եւ Դաշնակցութիւնը կը վերադառնայ իր ճիշտ ուղղութեան:
Վերջին Ընդհանուր Ժողովին, երբ Հրանտ Մարգարեանը այն սուտը պիտի բեմադրէր, թէ Բիւրոյէն կը հեռանայ (բայց իրականութեան մէջ պիտի մնար Բիւրոյի տէ ֆակտօ ղեկավարը), պայման դրաւ Յակոբ Տէր- Խաչատունեանին ու Վիգէն Եաքուպեանին, որ Արեւմտեանի հարցը պէտք է վերջնականապէս լուծուի:
Այսինքն՝ տարիներ շարունակ իր չհամարձակածը, կը պարտադրէր որ նոր ընտրուածները իրականացնեն:
Տէր-Խաչատուրեանը, որ իր կեանքի երազը պիտի իրականացնէր Բիւրոյի ներկայացուցիչ դառնալու, եւ Եաքուպեանը՝ որ քանի տեսակ քոմպրոմաթ ունէր իր եւ իր եղբօրը վրայ (տեսնել Glendale Hills) եւ որ ատելութիւն մը ունէր իր իսկ ընկերներուն հանդէպ՝ ընդունեցին պայմանը: Սակայն ասոնք գործի դրին «մեղմ» ծրագիր մը կամաց-կամաց քանդելու շրջանային ղեկավարութիւնը, թակարդներ լարելով եւ յուսալով, որ այս վերջինները կը սայթաքին ու առիթը կը ստեղծուի աւելի կոշտ, բայց արդարացուելիք միջամտութեան:
Արեւմտեանի տղաքը հասկցած էին ծրագիրը, ու ամէն քայլափոխի յարգեցին կանոնագրի տառն ու ոգին՝ առիթ չտալով մութ ծրագիրներուն:
Համբերութիւնը հատած – եւ երբ աշխարհը կլանուած էր Քովիտի համաճարակով, իսկ հայ ազգը Արցախով ու Հայաստանով – տօնական օրերու մթնոլորտին մէջ Բիւրօն վաբանկ գնաց ու փաստացի ԼՏՊ-ականներ (որոնք օրին հազիւ ճողոպրած էին արտաքսուելէ որպէս գործակալներ) Հրայր Կարապետեանին, Ստեփան Պօյաջեանին եւ Զարեհ Աճեմեանին ԿԿ նշանակելով՝ փորձեց զաւթումը իրականացնել:
Ենթադրութիւնը եւ հաշուարկը այն էր, թէ հատ ու կտոր բողոքներէ ետք, Շրջանը դարձեալ կը մարսէ իրեն հասցուած ապտակը: Բայց այս անգամ համբերութեան բաժակը յորդեցաւ եւ ընկերները ոտքի կանգնեցան: Բարեբախտաբար, նորանշանակներէն Սթիվ Տէտէյեանը արդէն հասկցած է դաւադրութիւնը ու հրաժարած, եւ յուսալի է, որ ուրիշներ ալ մաքրեն իրենց անունները եւ դուրս գան մարմնէն:
Այսպէս, նշանակումէն երկու օր ետք, Շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութեան կամքը իրագործելով, ժողովրդավարականօրէն ընտրուած 100է աւելի պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ Շրջանային Ժողով գումարեցին եւ ընտրեցին օրինական Կեդրոնական Կոմիտէ, որպէսզի ղեկավարէ շրջանը:
Բիւրօն, փոխանակ հասկնայ գալիք աւերը եւ անմիջապէս օրինական Շրջանային Ժողով հրաւիրէ, որպէսզի ընկերները իրենց ընտրեալ Կ․Կ․ը յառաջացնեն, հիմա անցած է աջ ու ձախ վերջնագիր տալու, սպառնալու, պատժելու, այսպիսով աւելի խորացնելով խնդիրը:
Այսօր ընկերներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եւ համակիրներ կանգնսծ են ընտրուած Կ․Կ․ի կողքին, մինչ նշանակուածները անհեթեթ եւ ջղագրգիռ շարժումներ կ՚ընեն: Ընտրուած ԿԿի բոլոր ճիգերն ու հանգուցալուծման փորձերը ի թերեւ անցած են, ու վիճակը անվերադարձ ծանրացած:
Վերջին 2-3 Ընդհանուր Ժողովներու ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը «սատանայ»ի աթոռին նստեցնելու ճիգերը մնայուն եղած են: Հետեւաբար, անտրամաբանական էր ընդունիլ Բիւրոյի նշանակումը, սպասելով յաջորդ Ընդհանուր Ժողովին: Պարզ է որ Հրանտ Մարգարեանի բեմադրելիք ժողովը ի՞նչ կեցուածք պիտի ունենայ: Մանաւանդ որ մինչեւ տարի մը ետք, շատ ուշ պիտի ըլլայ շրջանի մէջ որեւէ բան վերականգնելու կամ նշանակուած զաւթման աւերները շտկելու:
Ուստի՝ Շրջանի պահանջքը կը մնայ․
⁃ Նշանակուած ղեկավարութիւն կարելի չէ ընդունիլ:
⁃ 30 օրուան մէջ կազմակերպել Շրջանային Ժողով, ու կանոնագրի համաձայն ընտրել Կեդրոնական Կոմիտէ:
⁃ Պատիժներ կամ երեխայական սպառնալիքները մէկ կողմ դնել: