Բարի Լոյս

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ 152…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ.- «… Քանի կ՚ապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք ․․․ տաճարը. շինենք ու փլի, շինենք ու քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ․․․»։

Ն. Պէրպէրեան

Լեւոն Շանթի ծննդեան տարեդարձի այս օրուան հետ սիրտ ու միտք խռովող, այլեւ հոգի ալեկոծող հայ թատրոնի քրմապետին անկորնչելի պատգամներէն մէկն է «Հին Աստուածներ»ու գլխաւոր հերոսին՝ Վանահօր բառերով եւ այլաբանական տաճարակերտումով անմահացած գաղափարական ԿՏԱԿը․-

«… Իմ փնտռածս աշխատա՛նքն է, ներքին անդուլ ու անկաշկանդ որոնումը՝ ներքին անվերջ նուաճումները բարձունքէ բարձունք, պարիսպէ պարիսպ, տարակոյսներու անդունդներուն վրայէն, ելքերով ու անկումներով. անդադար խոյանք մը դէպի ճշմարտութիւնը։

«Գացէ՛ք, գացէ՛ք ներս, դուք՝ ձեր եկեղեցին, ես ալ երթամ շինեմ ի՛մ եկեղեցիս, բայց այս անգամ ե՛ս, միա՛յն ես, եւ կերտուածք մը, որ վայել ըլլայ իմ Աստծուս բնակութեանը, որու կամարներուն տակ իմ խնկելիք աղօթքիս ո՛չ մէկ բառը կեղծ չհնչէ, ո՛չ մէկ բառի արձագանգը դատարկ չհնչէ։

«… Իմ տաճարիս հիմքը իմ բանականութիւնս պիտի ըլլայ, սիւները՝ իմ կամքս, ու գմբէթն ալ ըլլալու է հաւատքս։

«… Քանի կ՚ապրինք՝ շինենք պիտի, պիտի շինենք մեր Աստծուն իր տաճարը. շինենք ու փլի, շինենք ու քանդենք, շինենք ու շինենք միշտ, բայց երբե՛ք, երբե՛ք չաւարտենք։ Հէնց որ աւարտի, ալ տաճար չէ Աստծու…

«… Ամէնէն ստոր հոգիները միայն հայհոյել կրնան այն Աստծուն, որուն երբեմն երկրպագեր են»։

Շանթի հոգեմտաւոր կրակով թռիչք առնելու եւ հայութեան սիզիֆեան վերելքը վերանորոգելու հրամայականը ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ հրամայական պահանջ է որոշապէս մեր այս մռայլ, այլեւ անգոյն եւ անհամ օրերուն, երբ Հայաշխարհի տարածքին ամէնուր ոգու սով է եւ փոխադարձ ատելութիւնն ու նախատինքը ցեցերու պէս կը կրծեն ու կը փճացնեն վերջին մասունքները մեր Գաղափարներու Տաճարին։

Բացէք գաղափարի լուսամուտները եւ թող լոյսն ու յոյսը մտնեն հոգիներուն մէջ ծուարած մորթապաշտութեան եւ թուլամորթութեան մութ ու սեւ խոռոչներէն ներս, որովհետեւ ահա եկող սերունդը ՀԱՒԱՏՔի զուլալ աղբիւրէ անարատ ջուր կ՚ուզէ ըմպել՝ մաշած ու որդնոտած կաղապարներէն ու փշրանքներէն վերջապէս ազատագրուելու վճռականութեամբ։

Վաղուան Հայաստանի եւ հայութեան հոյասլաց ԳԱԼԻՔԻ ՏԱՃԱՐը կերտելու ՈՒՂԻՆ մաքրել պէտք է անցեալը սոսկ փառքի այցեքարտի վերածող գաղափարի փերեզակներէն, որովհետեւ դէպի բարձունք մեր ժողովուրդին ԵՐԹը միշտ աւելի լաւին ու վսեմին հասնելու բնական օրէնքին կը հետեւի, աւարտ չունի, նոյնինքն ԿԵԱՆՔՆ ԻՍԿ Է։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *