Միջազգային

Կասպեան նաւթն ու կազը եւ խաղաղութեան փնտռտուքը տարածաշրջանին մէջ

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, արտաքին ուժեր, մօտիկ թէ հեռու, յանկարծ կը զգան, որ Կասպից ծովուն նաւթի եւ կազի նոր աղբիւրները մատչելի են նաեւ իրենց՝ անշուշտ միշտ նկատի առնելով ռուսական ազդակը:

Վարուժան Թէմպէլեան

Կասպից աւազանը (ծանօթ թէ՛ իբրեւ ծով եւ թէ իբրեւ լիճ) աշխարհի մեծագոյն ջրամբարն է 386.400 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ. այս գրութեան մէջ պիտի պահենք անոր ծով անուանումը: Կասպից ծովը հիւսիս-արեւելքէն սահմանակից է Ղազախստանին, հարաւ-արեւելքէն՝ Թիւրքմէնիստանին, հարաւէն՝ Իրանին, հարաւ-արեւմուտքէն`Ատրպէյճանին, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Ռուսիոյ: Այս երկիրներուն միջոցով, անիկա կը կապուի աւելի լայն շրջաններու հետ. արեւմուտքէն՝ հարաւային Կովկասին, արեւելքէն՝ Կեդրոնական Ասիոյ, հարաւէն՝ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսէն՝ Եւրասիոյ: Բացի Իրանէն եւ Ռուսիայէն, Կասպից ծովու միւս երեք երկիրները ծովային ելք չուին, որովհետեւ Կասպից ծովը ինքնին փակ տարածք է:

Այս շրջանը իր աշխարհաքաղաքական յատուկ կարեւորութիւնը կը ստանայ թէ՛ իր դիքին բերումով՝ Եւրոպայի եւ կեդրոնական Ասիոյ միջեւ, եւ թէ նաւթի ու կազի մեծ պաշարներ ունենալուն պատճառով: Իսկ այդ պաշարները դէպի միջազգային շուկաներ փոխադրութեան անհրաժեշտութիւնը, աշխարհաքաղաքականօրէն կարեւոր կը դարձնէ նաեւ շրջապատի երկիրներուն՝ Վրաստանի, Հայաստանի, Թուրքիոյ, Իւզպէքիստանի, Աֆղանիստանի, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի աշխարհագրկան դիրքերը:

Հոս կ’արժէ փակագիծ մը բանալ եւ փորձել բնորոշել «աշխարհաքաղաքականութեան» գործօնը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ապագային եւ գոյապայքարին մէջ: Աշխարհաքաղաքական գործօնը ընդհանրապէս կը վերաբերի երկրի մը աշխարհագրական դիրքին ունեցած ազդեցութեան` անոր արտաքին քաղաքականութեան վրայ եւ անոր փոխներգործութեան այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան ընթացքին: Բնակչութեան թիւը, տնտեսութիւնը եւ զինուորական հզօրութիւնը նոյնքան կարեւոր են, բայց անոնք յարափոփոխ են. մնայունը աշխարհագրական դիրքն է: Իսկ երբ տուեալ երկիր մը հարուստ է նաեւ ուժանիւթի աղբիւրներով՝ նաւթով ու կազով, կը բազմապատկուի նաեւ անոր աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը:

Եւ այդպէս է, որ կը շեշտուի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կասպից ծովու խորհրդային նախկին հանրապետութիւններուն, ուր կը գտնուին նաւթի եւ կազի մեծ պաշարներ:

Կասպից ծովուն մէջ յայտնաբերուած նաւթին պատմութիւնը շատ աւելի հին է, քան անոր սահմանակից երկիրներունը: Մերձափնեայ առաջին նաւթահորերը փորուած են 19-րդ դարուն, երբ կասպեան նաւթի արդիւնաբերութիւնը կը կազմէր աշխարհի նաւթի մատակարարման շուրջ կէսը, իսկ միւս կէսը հիմնականօրէն կու գար Միացեալ Նահանգներէն:

Այսօր, կասպեան տարածաշրջանը կը պարունակէ նաւթի եւ կազի աշխարհի մեծագոյն հորերուն մէկ մասը: Ղազախստանի մէջ 2000-ին յայտնաբերուած Քաշականի նաւթի հանքավայրը կը նկատուի վերջին 50 տարիներու աշխարհի մեծագոյն յայտնաբերումը եւ ընդհանրապէս մերձափնեայ մեծագոյն հանքը Միջին Արեւելքէն դուրս: Իսկ Ատրպէյճանի «Շահ Տէնիզ» կազի հանքավայրը կը նկատուի Կասպից ծովու մեծագոյնը եւ աշխարհի 20 մեծագոյններէն մէկը:

2018-ի գնահատումով, Կասպից ծովու տարածքը կը պարունակէ 48 միլիառ տակառ նաւթ եւ 9 թրիլիոն խորանարդ մեթր բնական կազ: Մասնագէտներ, սակայն, կը պնդեն որ այս թիւերը կը ներկայացնեն օգտագործելի պաշարներուն ջնջին համեմատութիւնը եւ ապագային կրնան նոր յայտնաբերումներ կատարուիլ: Բաղդատութեան համար միայն, կ’արժէ նշել, որ Միջին Արեւելքի հորերը, ներառեալ Իրանը, կը պարունակեն փաստուած աւելի քան 836 միլիառ տակառ նաւթ եւ շուրջ 75,5 թրիլիոն խորանարդ մեթր կազ (Իրան առանձինն ունի 158 միլիառ տակառ նաւթ եւ 29.6 թրիլիոն խորանարդ մեթր կազ):

Ճիշդ է, որ մեծ պետութիւնները եւ ուժանիւթի ընկերութիւնները միշտ նաւթի եւ կազի նոր աղբիւրներ փնտռելու վիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն Կասպից ծովու երկիրները քաղաքական եւ տնտեսական միջազգային մրցակցութեան թիրախ դարձած են նաեւ այլ պատճառներով: Նախ՝ տարածաշրջանի յետխորհրդային երկիրները տարիներ շարունակ լքուած էին խորհրդային իշխանութեան օրերուն եւ խիստ կարիքը ունէին արհեստագիտութեան եւ դրամագլուխի՝ իրենց բնական հարստութունները շահագործել կարենալու համար: Երկրորդ, Կասպից ծովը փակ տարածք է եւ պէտք ունի քարիւղատար ու կազատար խողովակներու՝ դրացի երկիրներէ անցնող միջանցնքներով իր բնական հարստութիւնները արտածելու համար: Խորհրդային Միութեան կազմալուծման պահուն, կասպեան շրջանէն, կամ ընդհանրապէս խորհրդային տարածքներէն, նաւթի ու կազի խողովակները կ’ուղղուէին միայն դէպի հիւսիս՝ Ռուսիա: Այս խողովակներուն արդիականացումը, կամ նախընտրաբար նորերուն կառուցումը եւ նոր ուղղութիւններու որոնումը կը դառնար հիմնական: Հիմնական կը դառնար նաեւ քաղաքական կայունութեան հաստատումը՝ տարածաշրջանին քաղաքական ու ազգային առկախ բոլոր հարցերը լուծելու ճամբով:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, արտաքին ուժեր, մօտիկ թէ հեռու, յանկարծ կը զգան, որ Կասպից ծովուն նաւթի եւ կազի նոր աղբիւրները մատչելի են նաեւ իրենց՝ անշուշտ միշտ նկատի առնելով ռուսական ազդակը:

Յետխորհրդային Ռուսիան մեծ ճիգ կը թափէ իր քաղաքական ազդեցութիւնը պահելու կասպեան թէ խորհրդային նախկին բոլոր երկիրներուն մէջ՝ ստեղծելով տնտեսական պարապ մը, զոր կը փորձեն լեցնել Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Եւրոպական Միութիւնը, նոյնիսկ՝ Թուրքիան ու Իրանը: Ռուսական այս քաղաքականութիւնը կտրուկ կը փոխուի 2000-ական թուականներուն, երբ տնտեսական գործօնը կը դառնայ նոյնքան էական որքան քաղաքականը: Օրինակ, երբ Ռուս-Ուքրանական 2006-ի կազի տագնապէն ետք ծնունդ կ’առնէր կասպեան շրջանը Եւրոպայի միացնող եւ Ռուսիան ու Իրանը շրջանցող անդրկասպեան կազատարին գաղափարը, եւ հետագային առնուազն կը սկսի իրականութիւն դառնալ Պաքուէն Եւրոպա գացող Հարաւային միջանցքի ծրագիրը, վախնալով, որ այս ծրագիրները զինք դուրս կրնան հանել տարածաշրջանէն, Ռուսիան՝ թէ՛ իբրեւ պետութիւն (նաեւ զինուորապէս) եւ թէ իբրեւ ուժանիւթի ընկերութիւններ, տնտեսապէս կը սկսի ներկայութիւն դառնալ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն մէջ:

Միւս կողմէ, նկատի առնելով անոր տնտեսական աճող հզօրութիւնը  եւ ուժանիւթի աղբիւրներու մնայուն ծարաւը, կասպեան շրջանը Չինաստանի համար կը նկատուի գրաւիչ շուկայ մը, որ ներդրումներու պարարտ հող կը տրամադրէ: Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին, անոնք ընդհանրապէս մասնակից են ուժանիւթի առնչուող տարբեր ծրագիրներու, եւ հակառակ կարգ մը երկիրներու ցանկութեան, Կասպից ծովը եւ անոր անմիջական շրջանները չեն գտնուիր ամերիկեան ուղղակի վերահսկողութեան տակ, ինչպէս է պարագան, օրինակ, Պարսից ծոցին: Շատ հաւանաբար, աշխարհի այլ շրջաններէ աւելի, Կասպից եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները մնան աշխարհաքաղաքական բազմաբեւեռ գօտիի մէջ: Թէեւ Իրան աշխարհի մեծագոյն նաւթ արտադրող երկիրներէն մէկն է եւ կը նկատուի բնական կազ արտադրող աշխարհի երկրորդ մեծագոյն երկիրը, ան կը շահարկէ կասպեան հարստութեան մէկ փոքր բաժինը միայն: Իրանի աշխարհաքաղաքական եզակի դիրքը սակայն՝ Կասպից ծովուն եւ Պարսից ծոցին միջեւ եւ իր ծովային ելքերով, զայն կը դարձնէ տարանցումի կարեւոր երկիր մը:

Երբ կասպեան երկիրներու աստղը կը սկսի փայլիլ իբրեւ ուժանիւթ արտադրողներ, Թուրքիա հաշիւ կ’ընէ, որ կրնայ շահագործել իր էթնիք եւ մշակութային կապերը՝ նկատի առնելով, որ ազերիները, թիւրքմէնները, ղազախները եւ իւզբէքները բոլորը թրքական ժողովուրդներ են, եւ իբրեւ յառաջացած երկիր, ինք կրնայ ազդեցութիւն ունենալ շրջանի երկիրներուն վրայ, սակայն, ի յայտ  կու գայ, որ կասպեան երկիրները կը նախընտրեն գործ ունենալ ռուս, չինացի, ամերիկացի կամ եւրոպացի ներդրողներու հետ, երբ մանաւանդ խօսքը կը վերաբերի ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումներու: Այս երկիրներէն միայն Ատրպէյճանը բացառութիւն կը կազմէ, որովհետեւ հոն Թուրքիա կը յաջողի ներդրումներ կատարել մասնաւորաբար Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատար խողովակի կառուցման մէջ եւ ատրպէյճանական նաւթը հասցնել միջերկրականեան իր ծովափը, նաեւ՝ Հարաւային Կազային Միջանցքի ծրագրին մէջ, որ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ վրայով, ատրպէյճանական կազը պիտի հասցնէ Եւրոպա:

Եւրոպական Միութիւնը էապէս կը մնայ կասպեան նաւթով եւ կազով շահագրգռուած կողմ մը, որովհետեւ մեծ կարիքը ունի անոնց եւ զուրկ է աղբիւրներէ: Ինչպէս նշեցինք, ռուսեւուքրանական կազի տագնապէն ետք, ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանութիւնը Եւրոպայի համար կը դառնայ հրամայական: Եւրոպա իր աչքերը կը դարձնէ դէպի կասպեան երկիրները, բայց հիմնականօրէն կը կեդրոնանայ Ատրպէյճանի վրայ: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատար խողովակին բացումը 2006-ին, կը նպաստէ Եւրոպա-Ատրպէյճան ուժանիւթի մարզի մէջ համագործակցութեան՝ ճամբայ բանալով նաեւ Ատրպէյճանի վրայով Ղազախստանէն նաւթ ներածելու կարելիութեան: Իսկ Կազային Հարաւային Միջանցքի ծրագիրը, որ կ’առաջադրէ ատրպէյճանական կազը Վրաստանի ու Թուրքիոյ վրայով հասցնել Եւրոպա, աւելի եւս կը խթանէ Եւրոպական Միութեան հետ Ատրպէյճանի կապը:

Կը մնայ նշել, որ կասպեան շրջանով շահագրգռուած բոլոր կողմերը հետամուտ կը թուին ըլլալ տարածաշրջանին մէջ քաղաքական ընդհանուր կայունութեան ստեղծման եւ տագնապներու լուծման՝ առեւտուրի զարգացման, ուժանիւթի աղբիւրներու ապահովման, եւ այս մարզին մէջ հսկայ ներդրումները պաշտպանելու առաջադրանքներով:

Civilnet.am

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *