Սփիւռք

Փոխ-կապակցուած Տրամաբանութեամբ

Հակառակ որոշ կորուստներու, պարտութիւններու եւ կորուստներու, պիտի վերանորոգենք մեր կռիւը, պիտի շարունակենք պահանջել, պիտի շարունակենք պայքարիլ:

Երէկ, ազգայինէ մը հեռախօսազանգ ստացայ, ուր ան մտահոգ սակայն յարգալիր կերպով հարց կու տար թէ ինչպէ ՞ս արդարացնել թէ հայրենիքի մէջ հող կորսնցուցինք եւ այսօր ալ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ ենք, իսկ մենք համայնքները կը լարենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով պահանջատիրութեան համար, ստորագրահաւաքներ ու այլ միջոցառումներ կազմակերպելով:

Եւ քանի որ մօտ ամիս մը առաջ նմանօրինակ պատգամ մըն ալ ստացած էի անծանօթ հայրենակիցէ մը (Ի՞նչու ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջէք, պահանջեցէք Արցախի ճանաչում),

1. Հայ Դատի եւ յանուն հայ ազգի ազատագրական պայքարը բազմամակարդակ եւ բազմաշերտ կռիւ է, որ կը պահանջէ պայքար մի քանի տարբեր ուղղութիւններով:

2. Հայ ազգի պահանջատիրութեան ուղղութիւնները երբեմն իրարմէ անկախ, բայց շատ անգամ փոխ-կապակցուած տրամաբանութեամբ առաջ կը տարուին։

3. Տուեալ պահու մը, տուեալ պայմաններու բերումով, կարելիութիւններ կը ներկայանան մէկ կամ միւս ճակատի ուղղութեամբ պայքարը սաստկացնելու, մինչ մէկի սաստկացումը յաճախ իր բարենպաստ ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ այլ ուղղութեամբ տարուած պայքարին: Օրինակ, Թուրքիոյ դէմ տարուող քարոզչական մարտերը, նաեւ իրենց պտուղները կ՚ուտան մեր հաւաքական պայքարի այլ ուղղութիւններով, այսինքն Արցախի ուղղութեամբ։

4. Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած պայքարի ճամբով ձեռք բերուած յաջողութիւնները, բարեկամութիւնները, քաղաքական բանալիները միշտ ու միշտ ծառայած են ու կը ծառայեն մեր հաւաքական օրակարգի այլ ուղղութիւններու օգտին՝ ՀՀ-ին ու Արցախին տնտեսական թէ այլ օժանդակութիւն հասցնելէն մինչեւ Արցախի հիմնահարցի գծով յառաջխաղացք ապահովելու համար։

5. Աշխարհով մէկ եւ տասնամեակներու վրայ Թուրքիոյ դէմ շղթայազերծուած պայքար,ը որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ համապատասխան հատուցում կը պահանջէ, նաեւ կը ծառայէ ազգի զաւակները զգօն պահելու եւ սերունդներ դաստիարակելու, ինչը իր անմիջական դերը կը խաղայ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ բարձր պահելու ազգային ազատագրական պայքարի գծով յանձնառութեան ոգին:

6. Ոեւէ պահի, մէկ ուղղութեամբ եւ մէկ ճակատի վրայ ուժերու լարումը չի նշանակեր մէկ այլ ուղղութեամբ ճիգերը մեղմացնել: Աշխարհի վրայ տասը միլիոն հայեր, իւրաքանչիւրը իր պայմաններուն եւ իր կարելութեան սահմաններուն մէջ պէտք է նպաստէ համընդհանուր պայքարին, այն ինչ ուղղութեամբ որ կարելի է: Պայքարիլ հայրենիքի եւ անոր ամբողջականութեան ու վերելքին համար, չի նշանակեր որ մարդ չկարողանայ ակնթարթ մըն ալ տրամադրել ու ստորագրահաւաքի մասնակցիլ: Տղաք եւ սերունդներ իրենց կեանքը տուած են ազգին համար, մեզմէ ակնկալուածը շատ յաճախ ոչինչ է բաղդատութեան մէջ:

Վերջապէս, Ապրիլ ամիսը հայկական պահանջատիրութեան եւ յատկապէս Թուրքիայէն շեր պահանջները խորհրդանշող ամիս է։ Հակառակ որոշ կորուստներու, պարտութիւններու եւ կորուստներու, պիտի վերանորոգենք մեր կռիւը, պիտի շարունակենք պահանջել, պիտի շարունակենք պայքարիլ, եւ պիտի արձանագրենք նորանոր յաղթանակներ մեր դարաւոր, բազմամակարդակ, բազմաշերտ ազատագրական պայքարին մէջ՝ մինչեւ ամբողջական յաղթանակ։ Ամէն մէկ քայլ որ կ՚առնենք այս ուղղութեամբ, խօսքերն ու խոստումները դուրս կը բերենք լոզունքայինէն ու հռետորականէն, ու զանոնք կը վերածենք իրականութեան:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *