Սփիւռքը պարտի որոնել միջոցներ եւ ճանապարհներ հայկական տնտեսական կարողութիւնները ճշգրիտ կերպով օգտագործելու եւ քաղաքական լծակներ ստեղծելու։
Գէորգ Թորոյեան
Արցախեան վերջին պատերազմը, մասնաւորաբար իր ծանր հետեւանքներով, եկաւ ապացուցելու թէ սփիւռքը եւս անպատրաստ էր նմանօրինակ իրադարձութեան ըստ կարելւոյն արձագանքելու։
Հայկական ցեղասպանութեան հետեւանքով կազմաւորուած դասական սփիւռքը առաջին տասնամեակներուն ինքնամփոփ մշակութային օճախներու հաւաքականութիւն մըն էր։ Գաղութները կազմակերպ կեանք ունէին դպրոցներու, եկեղեցիներու, մշակութային միութիւններու եւ կուսակցութիւններու շուրջ։ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը՝ 1965ը անկիւնադարձային եղաւ Հայ Դատի աշխատանքները քաղաքական, քարոզչական եւ աւելի ուշ, ցուցականօրէն հետապնդելու առումով։ Ամբողջ քսանհինգամեակ մը եղաւ սփիւռքի քաղաքական զարթօնքի ժամանակաշրջանը։
Հայաստանի անկախացումէն ետք, դժբախտաբար սփիւռքի ներուժը մէկ կողմէ կեդրոնանալով անկախացած Հայաստանի հզօրացման տրամադրուելով, միւս կողմէ, միաժամանակ քայլ չկարենալ պահելով մասնաւորաբար միջազգային փոփոխութիւններուն հետ, սփիւռքը սկսաւ լուսանցքայնանալ եւ մնալ հին մտածողութեան մէջ: Դժբախտաբար այս լուսանցքայնացման մէջ ժխտականօրէն դերակատար եղան նաեւ Հայաստանի 30 տարիներու իրարայաջորդ իշխանութիւններու սփիւռքի նկատմամբ վարած քաղաքականութիւնը։
Միջին Արեւելքի սփիւռքեան օճախները այդ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական յարափոփոխ իրադրութիւններու հետեւանքով նօսրացան ու ուժաթափ եղան։ Երբեմնի տնտեսապէս, մշակութապէս ինչպէս նաեւ քաղաքականօրէն գործունեայ գաղութները սպառած են։ Այս տխուր իրականութեան դիմաց աշխուժ եւ գործունեայ ներուժ ունին արեւմտեան գաղութները։
Սակայն ինչպէս նշեցինք, վերջին պատերազմին նոյնիսկ արեւմտեան գաղութները ոչ քարոզչական գետնի վրայ, ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ տնտեսական գետնի վրավ պատրաստ չէին դիմագրաւելու նման կացութիւն մը եւ նեցուկ ըլլալ հայրենիքին։
Այսօր ազգովին կը գտնուինք նոր հանգրուանի մը սեմին եւ պէտք է լուծումներ գտնել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։
Յունիս 20ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուելիք իշխանութիւնները անհրաժեշտ է վերափոխեն իրենց քաղաքականութիւնը սփիւռքի նկատմամբ։ Սփիւռքը պէտք է դադրի միմիայն զբօսաշրջիկային գործօն կամ տնտեսական որոշ լծակ ըլլալէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են սփիւռքին նայիլ իբրեւ քաղաքական ուրոյն միաւոր։
Սփիւռքը պէտք է դուրս գայ իր կրաւորական դիրքէն։ Սփիւռքահայ ղեկավարութիւնը պարտի հասկնալ որ պաղ պատերազմը միանգամընդմիշտ աւարտած է եւ այլեւս այդ տրամաբանութեամբ սփիւռքի գոյութիւնը դատապարտուած է ամլութեան։ Պէտք է դուրս գալ դասական հասկացութենէն; Բազմաբեւեռ եւ գիտական ոստումներով աշխարհի մը մէջ պէտք չէ բաւարարուիլ միայն դպրոց-եկեղեցի-ակումբ համախմբումով։ Պէտք է բացուիլ աշխարհին։ Առաջին հերթին սփիւռքի մէջ պէտք է ձեւաւորուի մէկ ղեկավարութիւն, որ ունենայ ներկայացուցչական բնոյթ։ Անհրաժեշտ է ունենալ մէկ-միացեալ բազմալեզու քարոզչամեքենայ, օգտագործելով արհեստագիտութեան բոլոր հնարաւորութիւնները։
Սփիւռքը պարտի ունենալ հայեցի կրթութեան մէկ եւ միացեալ ծրագիր, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ հայկական պահանջատիրութիւնը։
Սփիւռքը պարտի որոնել միջոցներ եւ ճանապարհներ հայկական տնտեսական կարողութիւնները ճշգրիտ կերպով օգտագործելու եւ քաղաքական լծակներ ստեղծելու։
Այս նշումները բարի ցանկութիւններ չեն միայն։ Սփիւռքի ժամանակակից ձեւով եւ ժամանակի պահանջներուն համահունջ կազմակերպումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է, որու իրականացման պարագային, սփիւռքը ի վիճակի կրնայ դառնալ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան գործօն։
Վերջին շրջանին ակնյայտ հետաքրքրութիւն մը կայ Հայաստանի հանդէպ, մասնաւորաբար արեւմուտքին կողմէ։ Հաւանաբար յարմարագոյն առիթն է սփիւռքի հինցած մոտէլը առանց մեծ ցնցումներու կերպարանափոխել եւ դարձնել աւելի արդիական կառոյցներով քաղաքական միաւոր մը, ի շահ Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին։
Ընկերս՛ կարծես կը խօսիս իմ սրտէս ու միտքէս, բայց մտիկ ընող կայ՞.
Այսօր բոլոր կուսակցութիւնները (ներքին եւ արտաքին ) զբաղած են միայն մենաշնորհումով եւ աթոռի կռիւով .
Ինչպէս նշեցիր՛ պէտք է այլեւս սփիւռքը ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական ուժ աշխարհի բոլոր մասերէն (ինչպէս են հրեաները ) եւ պարտադրել ներդրումներ աշխարհի եւ հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ ի նպաստ հայրենիքին.
Կը հաւատամ որ ժամանակն է ունենալ նոր դաշնակցութիւն միացնելու մեր ուժերը եւ ինչու չէ հիմնել հայ սփիւռք-ային կառավարութիւն, ներկայացնող սփիւռքի բոլոր համայնքները .
բայց ամենէն կարեւորը պէտք է պաշտօնական եւ կազմակերպուած ներգաղթը ըսկսի, մանաւանդ միջին արեւելքէն. վերջապէս՛ հայաստանը կրնայ միայն գոյատեւէ եւ զարգանայ նոր ուժերու ներդրումով .