Ամբոխային Տրամաբանութեան վարակին աւելորդ տուրք կը շարունակենք տալ ազգովին։
Նազարէթ Պէրպէրեան
ԱՐԱՄին նուիրուած մեծարանքի խօսքերով, համացանցի տարածքին, շատ բան գրուեցաւ այսօր ՄԱՅԻՍ 28ի առիթով։
Արդարօրէ՛ն եւ արժանաւորապէ՛ս։
ԱՐԱՄն է հիմնադիրը ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ։
Այսօր եւս ՍԵՒ ԱՄՊԵՐ կուտակուած են ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ, եւ կրկին ու կրկին անգամ ՊԱՀՆ է զինուորագրուելու հայոց պատմութեան պետականակերտ կոչին, որպէսզի ՄԱՅԻՍ 28ի խորհուրդով եւ ԱՐԱՄի աւանդով վերանորոգենք համազգային մեր ուխտը․
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՄ ՄԱՀ»։
*
* *
1918ի ՄԱՅԻՍ 28ին հաստատուեցաւ եւ հզօրացաւ հայոց ազգային անկախ պետականութեան ՎԷՄը, որ կրցաւ դիմադրել ու վերականգնիլ հայ ժողովուրդի ազատազրկման դարերէն եկած ու ժանգ կապած հայաջինջ մաշումի, այլասերման եւ ուծացման ամէն կարգի ճնշումներուն եւ հարուածներուն։
Մայիս 28ի ուղենշային ա՛յս պատգամն է՝ Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան շուրջ բոլորուելու եւ միաւորուելու ա՛յս աւանդն է, որ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայ ժողովուրդի անխտիր բոլոր զաւակներուն միտքն ու հոգին հպարտութեամբ կը լեցնէ։
Եւ բոլորիս քայլերն ու հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի Սարդարապատ՝ դէպի ազգային ինքնաճանաչման մեր հերոսական պատնէշը։
Բարի լոյս՝ պատմութեան նշանաձողերը ճիշդ տեսնող եւ կարդացող հայ քաղաքական մտքի բոլոր ջահակիրներուն, որոնք Ազգին, Հայրենիքին եւ Պետականութեան սպառնացող ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԻ ՊԱՀՈՒՆ ունկնդիր կը մնան ԱՐԱՄի ՁԱՅՆին․-
«Հայերով ոչ ոք չի հետաքրքրւում շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ Երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»։
ՈՎ ՈՐ ՔԱՋ Է Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ․․․
* * *
ԱՐԱՄի աւանդին եւ ՈՒՂԻԻՆ ժամանակակից՝ մերօրեա՛յ հնչեղութեան վերաբերեալ ուսանելի ընդհանրացում մը կատարած է պատմաբան ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ, 2007ին «ԷՋՄԻԱԾԻՆ» հանդէսի մէջ լոյս տեսած իր «ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՒՄԸ» խորագրուած աշխատասիրութեան մէջ՝ խօսուն, դիպուկ դրուագ մը վկայակոչելով Ա․ ՇԱՀԽԱԹՈՒՆԻԷՆ։
ԱՐԱՄի պետականակերտ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ յաջողութեան մէջ հիմնական նշանակութիւն ունեցած գործօններու շարքին՝ պատմաբանը կ՚ընդգծէ, որ Արամը «անխնայօրէն պատժել է հայ դաւադիր, բարոյալքութիւն սերմանող, ռազմաճակատը քայքայող դասալիք տարրին:
«Բնորոշ օրինակ է թոփալ Յակոբի խռովութեան ճնշումը, որն իր ամբոխով շրջապատում է Ազգային Խորհրդի շէնքը` պահանջելով Արամի եւ միւսների հրաժարականը եւ իրենց յանձնուելը:
«Այդ պահը այսպէ՛ս է նկարագրում Երեւանի պարէտ Ա. Շահխաթունին․-
«Հաւաքուած ժողովրդին ճակատ մեկնելու կոչով դիմող Արամին թոփալ Յակոբը պատասխանում է. «Դու ինքդ գնա՛ ճակատ: Կոմենդանտը ուզում է մեզ սարսափեցնել գնդացիրների մասին խօսելով: Բայց ես ունեմ մաուզերներ: Ձեզ հինգ վայրկեան եմ տալիս, որպէսզի յանձնուէք: Թէ ոչ` գիտեմ իմ անելիքը: Դուք բոլորդ էլ թուրքերին էք ծախուած»:
«Արամը պաղարիւնով ասաց.-
«- Հի՞նգ վայրկեան միայն:
«Ամբոխը պատասխանեց.-
«- Այո՛, հինգ վայրկեան միայն:
«Արամը շատ հանդարտ կերպով եւ բոլորովին իր անձին տէր` նշան տուեց իր անձնական պահակին (վերջինս Արամի գաղտնի հրամանով թոփալ Յակոբի կողքին կանգնած էր – Ա. Ն.).
«- Գէորգ, անմիջապէ՛ս:
«Եւ մի րոպէում Գէորգը հանեց հրազէնը իր թեւից եւ զարկեց թոփալ Յակոբին, որը գետին ընկաւ մեռած:
«Բոլոր ամբոխավարները գոչեցին.
«- Կեցցէ՛ Արամ փաշան»: («ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ամսագիր, Ապրիլ, թիւ 4, 1964, էջ 70):
Ցաւ ի սիրտ՝ պատմութիւնը ինքզինք կրկնելու հակում ունի։
Ամբոխային Տրամաբանութեան վարակին աւելորդ ՏՈՒՐՔ կը շարունակենք տալ ԱԶԳՈՎԻՆ։
Մինչդեռ իշխանաւորներով, ընդդիմախօսներով թէ ժողովուրդը շարժման մէջ դնող հասարակական ամենայն ուժերով՝ կոչուած ենք նշանաձող ընդունելու ԱՐԱՄի ՊԱՏԳԱՄը․- Պահու «գլխաւոր մտահոգութիւնը ռազմաճակատի ամրացումն ու թիկունքի անդորրութեան պահպանումն է»:
Ամէն առումով՝ ազգային մեր յիշողութեան տէր կանգնելու եւ սեփական պատմութեան ներշնչումով յառաջ շարժելու հրամայականը կը յուշէ ՄԱՅԻՍ 28ի տարեդարձը՝ նաեւ ու մանաւանդ հայոց պատմութեան այսօրինակ օրհասական պահերուն։