ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Պետականութեան Բանական Մեր Ընթացքը

Հայ ժողովուրդի ներկայ քաղաքական կեանքը ցոյց կուտայ, որ յետ-խորհրդային անկախ միջավայրի մէջ պետականութիւն եւ ժողովրդավարութիւն միտքերը տակաւին չեն կրցած իրարու յարմարիլ։ Հայ քաղաքական մտքի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրը ժողովուրդ-ընտրանի համարկման տարազով մը այս պատշաճեցումը գտնելն է։

Ռազմիկ Շիրինեան

Բնական է, որ հայ անհատի կեանքին հետ կապուած ընկերաքաղաքական ու տնտեսական հարցերու մեկնաբանութիւնները – ներառեալ առարկայական եւ ենթակայական տուեալներու յարաբերութիւնները, հայրենի ժողովուրդին ու հայրենի բնութեան յարաբերութիւնները, անցեալի եւ ներկայի բարդ հանգոյցը, ինչպէս նաեւ ապագայի նկատմամբ մեր պատկերացումներն ու կարելիութիւնները – քննարկումի լայն նիւթեր կը մնան տակաւին հայրենի պետականութեան կառուցման ու արդիականացման ուղղութեամբ ընթացող քաղաքական բանական մեր մտածողութեան մէջ։

Անհրաժեշտ է նախ բանականութիւն յղացքը իմաստաւորել, իբրեւ հաւաքական կեանքի զարգացման եւ յառաջդիմական հոլովոյթ։ Այլ խօսքով, ազգին մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու կեանքի պատկերացումները միացնել հաւաքական կեանքի մը իտէալին շուրջ։ Պատկերացուած իտէալը (կամ ծրագիրը) իր քաղաքական գործադրելի արտայայտութիւնը կը գտնէ երբ միակցուի երկրին մէջ հաստատուած կառոյցներուն հետ։ Իտէալի եւ կառոյցներու մօտեցման այս ընթացքը իրաւական պետականութեան հաստատման անհրաժեշտ ուղղութիւնը կը ճշդէ, ու գործնական իր լայն շրջագիծին մէջ՝ ժողովրդային իղձերն ու պահանջները կը կապէ իշխանութեան կամ ընտրանիի մշակոյթին հետ։

Զուգահեռաբար եւ նոյն անհրաժեշտութեամբ պէտք է անդրադառնալ արդիականացում յղացքին՝ իբրեւ քաղաքական բանականութեամբ ընթացող զարգացման ու յառաջդիմական յատուկ երեւոյթ։ Արդիականացումը կ՛ենթադրէ հաւաքականութեան կարողութեանց եւ կարելիութեանց աճումն ու գիտութեան կիրարկումը արտադրական բոլոր մարզերու մէջ։ Արդիականութիւնը, ի վերջոյ, ընկերաքաղաքական, մշակութային թէ հոգեբանական իր մեկնութեամբ՝ արտադրութեան ընթացքին եւ գիտութեան կիրարկման կապը ամրապնդող անհրաժեշտ ճամբան կը հարթէ։ Իբրեւ օգտապաշտ մեկնութիւն, արդիականութիւնը նաեւ իր շրջագիծին մէջ կը ներառէ ժամանակակից ընկերաքաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող բնական եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերը։

Ընդհանուր առմամբ կ՛ուզեմ պատկերացնել, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, գիտական ու ընկերաքաղաքական զարգացումները ու, յատկապէս, ազգային կազմաւորումը կը մեկնաբանուին հայ իրականութեան հետ շաղկապուած ու հայ կեանքին մէջ իբրեւ անառարկելի բանական հոլովոյթ։ Ասոնք յաջորդական իրագործումներ կամ հանգրուանային զարգացումներ են, ուր առկայ կը մնան ընկերաբանական մեր մտայղացումները իբրեւ մեկնողական կիրարկում, որոնց միջոցաւ հայկական բնութեան ու հայկական աշխարհի հարցերը առհասարակ իրենց լուծումը կը գտնեն հայրենի ենթակառոյցին մէջ։ Այս իմաստով՝ հայ ազգի գոյացման ու բանական արդիականացման ընթացքին մէջ կը ներառուի ազգային գաղափարախօսութիւն հասկացողութիւնը իբրեւ ընկերաքաղաքական ու մասնաւորաբար ժողովուրդ-ընտրանի քաղաքական մշակութային մերձեցման իտէալ արտայայտութիւն։  

Հիմնական միտքը հոս՝ ժողովուրդ-ընտրանի մերձեցման հարցն է, որ ցարդ քաղաքական եւ գործնական իր լաւագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ ժողովրդավարութիւն յղացքին մէջ։ Հետեւաբար, կարելի է ըսել, որ ժողովրդավարութիւնը կը մնայ միջոց մը արդիականացման ու զարգացման ուղղութեամբ քալող հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Հաւանաբար (ասոր ալ տակաւին ամբողջապէս վստահ չեմ կրնար ըլլալ) ընդունուած ցարդ լաւագոյն միջոցը։

Փակագիծին մէջ հաստատումս hետեւեալն է. եթէ հայրենի մեր ժողովրդավարութիւնը կը պարփակուի ազատական ժողովրդավարութեան հասկացողութեան մէջ, ապա անիկա  ենթարկուած կը մնայ արեւմտեան թէզին ու կը կորսնցնէ իր բնիկ եւ հայրենի արժէքը։ Ըսել կ՛ուզեմ ու կ՛ընդհանրացնեմ, որ հայ քաղաքական միտքը տակաւին լուռ է բնիկ հայ կեանքը յուզող հարցերուն ու մասնաւորաբար հայ ժողովուրդին դէմ ցցուած ժամանակակից վտանգներուն նկատմամբ։ Դժբախտաբար քննարկումները եղած են կողմնորոշուած, անմիջական, անհատականացած ու մերժողական տրամաբանութեան մէջ։ Յուսադրիչ չեն հայ ժողովուրդին կեանքը փոթորկող ընկերաքաղաքական ու տնտեսական վերիվայրումները մեկնաբանելու ու հասկնալու մտահոգութեամբ ներկայացուած հարցադրումներն ու անոնց հետեւող բանական-գիտական մտածողութեան մէջ կառուցուած պատասխանները։

Հայ ժողովուրդի ներկայ քաղաքական կեանքը ցոյց կուտայ, որ յետ-խորհրդային անկախ միջավայրի մէջ պետականութիւն եւ ժողովրդավարութիւն միտքերը տակաւին չեն կրցած իրարու յարմարիլ։ Հայ քաղաքական մտքի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրը ժողովուրդ-ընտրանի համարկման տարազով մը այս պատշաճեցումը գտնելն է։ Կարեւորը կառչիլն է մէկ կողմէն պետական կառոյցներուն եւ միւս կողմէն հայ անհատի բնական, առօրեայ ու սովորական կեանքը բնութագրող ընկերաքաղաքական ենթակառուցային յարաբերութիւններուն, որոնք ապագայ ժողովրդավարութեան հայկական բնատուր տարածքը կը յստակացնեն։

Ժողովուրդ-ընտրանի քաղաքական մերձեցման տարազով մը նաեւ կառոյց-ենթակառոյց համարկման համընկնող հայկական քաղաքական արեւելում մը կը յստականայ։ Ի վերջոյ ներքին ընկերային-քաղաքական արեւելումին մէջ կ՛ամբողջանան ազգ-հաւաքականութեան քաղաքական առկայութեան եւ զարգացման ներկայ պայմանները, եւ «ազգային» քաղաքական հասկացողութիւնը, ամբողջական իր ընկերամշակութային տուեալներով, կը ստանայ գաղափարական ամբողջական իմաստ։

Եզրակացնելու համար ըսեմ, որ հայ ազգի բանական գոյառումը, ըստ իս, կարելի է մեկնաբանել ընկերաբանական առնուազն երեք մտայղացքներով, որոնք ազգութեան կու տան բանականութեամբ ձեւաւորուած ու կազմաւորուած հաւաքականութեան մը պատկերը։ Առաջինը՝ բանականացում-արդիականացում զուգընթաց յղացքներու հոլովոյթի մը առկայութիւնն է, որ կը հիմնաւորէ ազգի շարունակական գոյութեան ու զարգացման անհրաժեշտութիւնը. Ապա՝ ժողովուրդ-ընտրանի զոյգ յղացքներու մերձեցման, կամ մինչեւ իսկ նոյնացման չափանիշի մը հաստատումը. Եւ ի վերջոյ՝ մշակոյթ երեւոյթին գոյութիւնն ու զարգացումը քաղաքական գործուն միջավայրի մը մէջ։ Այս երեք մտայղացքներու մեկնողական հիմնաւորումներուն եւ ուժականութեան կը յենի հայ ազգայնականութիւն գաղափարախօսութիւնը՝ իբրեւ հայ կեանքի բանականացուած ցարդ իտէալ մէկ պատկերացում։

Աղբյուրը` Asbarez.am

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *