Հայկական գիւղերու գլուխներուն անէծքի նման կախուած, տարիներու անհոգութեան ու անտարբերութեան պատճառաւ գիւղացիներու մօտ անյուսութեան զգացում յառաջացնող դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, որոնք մարդկային իրաւունքներու իսկ տեսակէտէն անընդունելի եւ դատապարտելի պէտք է ըլլան, ահա վերացուելու ընթացքի մէջ են Դեբետի պարագային եւ քանի մը տարիէն գրեթէ վերջնական տեսքով կ՝ունենանք ժամանակակից օրինակելի գիւղ մը։
Աբօ Պողկիեան
Դեպետի լուսաւոր փոխակերպման վկաներէն էի անցեալ Շաբաթ։ Սիվիլնեթի նկարահանող խումբին (Լուսինէ, Ժաննա եւ Տիգրան) հետ Լոռիի Դեպետ գիւղ գացի՝ նորոգուած, ներողութիւն, ժամանակակից, արդիական տեսք ու բովանդակութիւն ստացած գիւղապետարանի բացման հանդիսութեան ներկայ ըլլալու։
Սիվիլնեթի հետաքրքրութիւնը անշուշտ չէր կրնար սահմանափակուիլ գիւղապետարանի բացման պաշտօնական արարողութեամբ։ Պէտք էր աւելի ընդգրկուն պատկեր մը ներկայացնել գիւղի ընդհանուր փոխակերպման, 21րդ դարու համապատասխան համայնքի վերածուելու գործընթացը, որ դժբախատաբար կ՝ընթանար յայտնի ու անյայտ խոչընդոտներ յաղթահարելու լարումներով։
Այո, գիւղապետարանը կը փայլէր, սակայն՝ լոյսը այդ ժամերուն անջատուած էր։ Ամբողջ գիւղը լոյս չունէր։ Բացման հանդիսութիւնը կազմակերպողները անյարմար կը զգային, բայց, անշուշտ, իրենց ձեռքէն դուրս էր։
Գիւղը նաեւ խմելու ջուր չունի, ճանապարհները գրեթէ անանցանելի։ Գիւղի մուտքին կառուցուած եւ արդէն գործող «Սմարթ» կեդրոնը շուտով համակողմանի զարգացման խոստումի վկայութիւնն է, իսկ Հայաստանի Մանուկներ (COAF)բարեգործական հիմնարկութեան պատասխանատուներու եւ իրենց հետ գործակցող՝ գիւղապետարանի վճռականութիւնը երաշխիքն է, որ մինչեւ 2025 ենթակառուցուածքային հիմնական խնդիրները կը լուծուին։ Օրինակ, աշխատանք կը տարուի ելեկտրական կայանը ուժեղացանելու, գիւղի մուտքի ճանապարհը միջազգային կազմակերպութեան մը ծախսերով սկսած են ասֆալթապատել, Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամի միջոցներով գիւղի ներքին ճանապարհները պիտի ասֆալթապատուին, դպրոց ու մանկապարտէզ պիտի վերակառուցուին, գիւղապետարանը, գիւղապետ Աշոտ Ղազարեանի գլխաւորութեամբ, կը կատարէ գիւղի ջուրի հարցը լուծելու եւ 25 քիլոմեթր հեռուէն ջուր բերելու աշխատանքը, որ 80 տոկոսով իրականացած է։
Հայկական գիւղերու գլուխներուն անէծքի նման կախուած, տարիներու անհոգութեան ու անտարբերութեան պատճառաւ գիւղացիներու մօտ անյուսութեան զգացում յառաջացնող դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, որոնք մարդկային իրաւունքներու իսկ տեսակէտէն անընդունելի եւ դատապարտելի պէտք է ըլլան, ահա վերացուելու ընթացքի մէջ են Դեբետի պարագային եւ քանի մը տարիէն գրեթէ վերջնական տեսքով կ՝ունենանք ժամանակակից օրինակելի գիւղ մը։
Հապա մի՞ւս գիւղերը։
Գիւղերու, բոլոր գիւղերու մէջ համընդհանուր զարգացման միջոցներ եւ ծրագիրներ իրականացնելու պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը անշուշտ պետութեան վրայ կ՝իյնայ։ Պիւտճէի սահմանափակութիւնը միշտ եղած է պատրուակ ոչինչ ընելու։ Որոշ բարելաւման ուրուագիծը կ՝երեւի ու յոյսով ենք, որ թէ գիւղացիներու ցոյց տրուած աջակցութեան աճով եւ գիւղերու ենթակառուցածքները բարեկարգելու ծրագիրները աւելի արագ թափով կ՝ընթանան եւ գիւղերը կը դառնան աւելի արժանապատուօրէն ապրելու, երիտասարդը հողին կապող բոլոր հմայքներով, աշխատանքով ապահովող վայրեր։ Մինչ այդ, Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի օրինակով օրինակելի գիւղեր ստեղծելու ծրագրին կրնան լծուիլ նաեւ այլ մեծ հիմնադրամներ, գործելով Հայաստանի ու Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ։
Դեբետի պարագային, հիմնադրամի պատասխանտուներէն Կորիւն Խաչատրեան կը վստահեցնէ, որ զարգացման ծրագրին մէջ պիտի ներգրաւուին նաեւ հարեւան գիւղերը, որոնց գիւղապետներն ալ ներկայ էին բացման հանդիսութեան։ Բնական պարտադրանք մըն է ատիկա։ Գիւղը մնացեալ շրջաններէն կղզիացած, առանձնացած տեղ մը չէ։ Հարեւան գիւղերու հետ կենդանի կապեր կան, պիտի աւելնան, մանաւանդ երբ բարձր մակարդակով դպրոց պիտի կառուցուի, որուն բարիքներէն միւս գիւղերու երեխաները չեն կրնար չօգտուիլ։ Հարեւան Դսեղի մէջ արդէն կը մշակուի առողջապահական արդիական կեդրոնի մը ծրագիրը՝ ամբողջ շրջանի համար, գիւղերը իրարու եւ շրջանի կեդրոններուն կապելու հաղորդակցութեան միջոցներ պիտի գործեն։
Սիվիլնեթի խումբը դիմաւորեց Լիբանան ծնած, Եւրոպա ապրած ու ուսանած Պետօ Տեմիրճեանը, որուն հետ մեր խումբը շրջեցաւ Դեպետի թաղերը, աչքով տեսաւ իրականացած աշխատանքները, լսեց նոր ծրագիրներու մասին։ Օրուան վերջաւորութեան, առիթ ունեցայ առանձին խօսելու Պետոյին հետ։ Յոգնած ու սպառած էր, սակայն իր պարզագոյն բառերով, զաւակին՝ փոքրիկն Շանթ Ռուբէնին մազերը շոյելով, ինծի փոխանցեց ամբողջական բաւարարութեամբ հայրենիքի մէջ աշխատելու զգայնութիւնը։
Սիվիլնեթ կը վերադառնայ Դեբետ եւ մեզ հետեւողներուն կը փոխանցէ աշխատանքներու ընթացքը։