Բարի Լոյս

Կը Փնտռուի․․․Օրակարգ

Բամբասանքի, զրպարտութեան եւ հայհոյանքի տիղմին մէջ միայն խեղդամահ կրնան ըլլալ Գաղափարի եւ Բարոյականութեան պատմակերտ հունտերը։

Բարի լոյս

Երբ սպառած են բամբասանքի, զրպարտութեան եւ հայհոյանքի ամբոխավարական պաշարները

Նազարէթ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի վերաշխուժացման ուղին, այլեւ համահայկական վերականգնումի լոյսի ելքը որոնող գաղափարակիր բոլոր զինուորագրեալներուն, որոնք տակաւ կը փորձեն թօթափել բոլորիս մտքին, սրտին եւ խղճմտանքին վրայ ծանրօրէն նստած ՊԱՐՏԵԱԼ Ազգի եւ Հայրենիքի, Ժողովուրդի եւ Պետութեան յուսալքումի ու անճար անձկութեան ԲԵՌը։

Բարի լոյս՝ Արցախեան Պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ արիւնաքամ ինկած, անփոխարինելի հայրենի հող կորսնցուցած, բայց այդուհանդերձ Հայ Դատի պայքարին առջեւ վերազարթնումի յոյսն ու հաւատքը վերարծարծելու Դրօշին նորովի՛ հաւատարմագրուած հայ քաղաքական մտքի բոլոր արթուն պահակներուն, որոնք վերանորոգ թափով կ՚աշխատին մարտունակ շունչ եւ ոգի հասցնել Մեր Ուղին հարթելու համազգային ԵՐԹին։

Մենք քակած ենք եւ մէկդի նետած ենք նահանջի բոլոր կամուրջները, ընկրկելու եւ ետ դառնալու բոլոր փորձութիւնները յաղթահարուած են, աւելի՛ն՝ սպառած են մէկ տարիէ ի վեր հայ քաղաքական միտքը ներքին արիւնահոսութեան մատնած եւ ազգովին մեզ ջլատած բամբասանքի, զրպարտութեան եւ հայհոյանքի ամբոխավարական բոլոր պաշարները։Ի վերջոյ բոլորով ապրեցանք ու տեսանք, թէ ինչպէ՜ս մեր ժողովուրդին անարիւն յեղափոխութեան դէմ կեանքի կոչուեցաւ Ատելութեան Փողոցը, որ կրկէս մը դարձաւ Անձնական Մրցապայքարի եւ որ յանգեցաւ Հայոց Ազգային Ժողովը վարկազրկելու կոչուած Շիշեր Շպրտելու․․․ բեմահարթակի։

Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդին աչքերէն ամէն կարգի փականները պոկող ու պատռող եւ, բաց մտքով, վաղուան մեր պայծառ օրուան սեւեռելու զանգերը հնչեցնող հայ քաղաքական մտքի բոլոր երախտաւորներուն, որոնք սեփական փորձութիւնները, մոլորանքը եւ ձեռնթափութիւնները խոստովանելով ու յաղթահարելով՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺի մեր պաշարները կը մաքրաջրեն ու կը մաքրազտեն։

Բամբասանքի, զրպարտութեան եւ հայհոյանքի տիղմին մէջ միայն խեղդամահ կրնան ըլլալ Գաղափարի եւ Բարոյականութեան պատմակերտ ՀՈՒՆՏերը։

Վաղուան մեր ՕՐը հունաւորելու, հարթելու եւ նուաճելու ՕՐԱԿԱՐԳի ժամանակն է։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *