Սփիւռք

Լուռ Եւ Ծրագրուած Գործելու Պահը

Հաւաքականութիւն մը առողջ ու կենսուակ կը պահուի առողջ ու կենսունակ ծրագրումով, իսկ ծրագրումը կարելի կը դառնայ կարիքներու եւ պահանջներու գնահատումով ու արժեւորումով: Ո՛չ աշխատանքային միացեալ մարմին մը կազմուած է ցարդ, ոչ ալ գաղութին կարիքները ճշդող ձեւաչափ մը:

Վարուժ Թէնպէլեան

Լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ տագնապալի, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ աղէտալի օրեր: Քորոնա, ընկերային-տնտեսական տագնապներ, բժշկական հոգատարութեան եւ դեղորայքի դժուարութիւն, կրթական մարտահրաւէրներ, բազում կարիքներ:

Բարեբախտաբար, աջէն ու ձախէն կը լսենք կոչեր, թէ ամէն գնով պիտի պահուի լիբանանահայ գաղութին կենսունակութիւնը: Աներկբայօրէն կը ձայնակցինք այս կոչերուն: Նաեւ կը լսենք կոչեր աշխատանքները միացեալ ճիգերով առաջ տանելու անհրաժեշտութեան մասին: Կոչեր, փափաքներ, բարի տրամադրութիւններ, բայց ցարդ գործնական ոչինչ: Նպաստաբաշխումով հաւաքականութիւն չի՛ պահուիր. կարճ:

Հաւաքականութիւն մը առողջ ու կենսուակ կը պահուի առողջ ու կենսունակ ծրագրումով, իսկ ծրագրումը կարելի կը դառնայ կարիքներու եւ պահանջներու գնահատումով ու արժեւորումով: Ո՛չ աշխատանքային միացեալ մարմին մը կազմուած է ցարդ, ոչ ալ գաղութին կարիքները ճշդող ձեւաչափ մը:

Դասականացած ոճով խոստումները լուծում չեն բերեր տագնապին: Պէտք է ձերբազատիլ այս ինքանպատակ ոճէն եւ ժողովուրդին ներկայանալ նոր բանաձեւումով մը, որ սերտուած ծրագիրներու ձեւաչափով միայն կրնայ արտայատուիլ:

Պարզ հարցումներ. ինչի՞ պէտք ունի կրթական մարզը, մեր դպրոցներուն կարիքները գնահատուա՞ծ են: Ինչպէ՞ս հոգալ այդ կարիքները: Որքա՞ն են ծախսերը:

Բարեսիրական մեր հաստատութիւնները իսկապէս մեծ աշխատանք կը տանին, բայց աւելի գործնական պիտի չըլլա՞յ համակարգումի մարմնի մը յառաջացումը անոնց միջեւ: Ի՞նչ գումարներու կարիքը կայ առողջապական խնամքի որոշ ապահովութիւն մը ներշնչելու մեր գաղութին:

Կը լսենք, որ ամէնօրեայ ուտեստեղէնը ապահովելու դժուարութիւն ունեցող ընտանիքներ կան մեր հաւաքականութեան մէջ: Ունի՞նք ցանկը անոնց: Ինչպէ՞ս կարելի է օժանդակութեան ձեռք երկարել անոնց: Ճշդուա՞ծ են առաջնահերթութիւնները:

Դեռ կարելի է շարքը երկարել, բայց եկէք նաեւ միասնաբար հարց տանք՝ սփիւռքի մեր հայրենակիցներէն արդարօրէն օժանդակութիւն կը պահանջենք, բայց արդեօք աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր ծրագիրներով ներկայանալ աշխարհին՝ առաջնահերթութիւններով եւ ճշդուած գումարներով:

Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞յ ծրագիրներու որդեգրման ձեւը: Ծրագիրներու պարագային, մեր կոչերուն կը միանան նաեւ օտար կազմակերպութիւններ, NGO-ներ:

Ծրագրումը կ’օգնէ նաեւ հաւաքականութեան պատասխանատւութիւնը ստանձնած անձերուն, որ կարենան գնահատումը կատարել հաւաքական կեանքը խոցելի դարձնող թերութիւններուն:

«Խօսքով ապուր չ’եփիր», կ’ըսէ ժողովրդային առածը:

Ժամը հասած է լուռ գործելու:

Բայց նաեւ՝ հաւաքաբար գործելու:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *