ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Առանց Անկախութեան՝ Չկա՜յ Անվտանգութիւն

Անկախութեան Տօնակատարումը՝ մեր հերոսածին մայրերու առջեւ հոգեպէս խոնարհանալու եւ ակնածանքի մեր տուրքը անոնց տալու ազգային երգեցողութիւնն է։

Յարութ Գալայճեան

1918-ի Մայիս 28-ի Հայաստանի Անկախութեամբ Հայ Ժողովուրդը վայելեց ինքնիշխան պետականութիւն, որ միայն իր երկու եւ կէս տարուան ժամանակահատուածի ընթացքին կարողացաւ (տնտեսական շատ ծանր պայմաններու մէջ) ստեղծել դրօշ, օրհներգ, համալսարան, ժողովրդավարութիւն, ինքնիշխանութիւն, ազատութիւն, կանացի իրաւունքներու մտածողութիւն, ընկերային արդարութիւն, ամուր հայկականութիւն, արտաքին լայնատարած քաղաքականութիւն եւ անվտանգութիւն։ Եւ երբ այդ վերջինը՝ երկրի անվտանգութիւնը ճզմուեցաւ թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին միջեւ՝ բնականաբար հայ ժողովուրդը կորսնցուց Անկախութիւն Հայրենին։

1991-ի Սեպտեմբեր 21-ի հրչակագրով տեղի ունեցած Մայիսեան Անկախութեան վերականգնումը ցարդ ամբողջական իմաստով չէ յաջողած պարզ այն պատճառով, որ մեր երկրի սահմաններու անվտանգութեան տէրը չեղանք մենք. այլ՝ այն ուրիշը, որ կը դաւանի ըլլալ մեր ռազմավարական դաշնակիցը, որ՝ ուրիշ Սեպտեմբերի մը՝ 2020-ին կրճատել տուաւ մեր պատմական սահմանները ու դաւադրաբար ցնցեց մեր երկրի կիսակայացած անկախութիւնը։

Ու այսօր, դեռեւս, չենք համոզուած, որ առանց մեր ամբողջական ուժով հակակշռուող ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ պետական յենասիւնին՝ երկիրը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսնցնէ իր ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ։ Եւ փոխադարձաբար։

Մեր անվտանգութեան ՄԻԱԿ երաշխաւորողը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՆ Է, որ այնքա՜ն պիտի հզօրանայ՝ որպէսզի  կարողանայ միշտ կանգուն պահել մեր երկրի անկախութիւնը ու դարձնել զայն իսկական հանրապետութիւն՝ ԱՌԱՆՑ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՒ…

Եւ հաստատ պիտի գայ այդ օրը՝ երբ պիտի յայտարարենք, որ այսօրուան ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ Հայաստանը արթուն պահակն է ու իրաւայաջորդը՝ 1918-ի ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ։

Այսօր, մեր Անկախութեան Վերականգման Երեսնամեակի Տօնակատարութեան նախօրեակին՝ ազգային դժբախտ երեւոյթը ականատես ըլլալն է Սերժոքոչարեանական «գունագեղ» բառախաղերուն, որոնք պարզապէս կ՚ոտնակոխեն Հայաստանի Անկախութեան Գաղափարը ի խնդիր քաղաքական ճղճիմ շահարկումներու։

Եւ անտարակոյս, երկու նախագահներն ալ իրենց ԼԾԱԿԻՑ եւ ԱՆԴԻՄԱԳԻԾ կուսակցութիւններուն հետ լրատուական վարձկան լարախաղացութեամբ,  եւ Անկախութեան Արժէքին ու Պատմական/Անվտանգային Հողերու նկատմամբ իրենց ռուսամոլ/թրքանպաստ աւելի քան երեսնամեայ պահուածքին հաւատարմութեամբ, առաւել՝ իրենց ինքնանպատակ իշխանատենչութեամբ, դատապարտուած են քաղաքական անխուսափելի ինքնաբնաջնջման։

Մենք ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ պատշաճօրէն ՆՇԵԼ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ, որովհետեւ այդ օրը.

• Անցած 30 տարիներու Ազգային մեր Հաշուետուութեան Պարտքն է։

• Մեր յաղթանակներու եւ պարտութիւններու Վերաիմաստաւորման Պահն է։

• Ռուսի, թուրքի եւ բոլոր ոտնձգութիւններու նկատմամբ մեր ինքնիշխանութեան վերահաստատման զայրոյթի դրսեւորումն է։

• 1918-ի Մայիսեան Արշալոյսի վերալուսաւորումն է։

• Ժողովրդային Ներշնչման եւ հոգեբանական վերընձիւղման աղբիւրն է։

• Ազերի ոսոխին կողմէ յափշտակուած մեր կտրիճ գերիներու ՏՈՒՆԴԱՐՁ-ի տարածաշրջանային ու համամարդկային մեր պոռթկումի դրսեւորման պատուհանն է։

• Մեր նոր ու գալիք սերունդներուն քաղաքացիական , ազգային ու պետական պատգամը փոխանցելու յայտարարագրումն է։

• Արցախեան Կարգավիճակի վերջնական յստակացման անտեղիտալի պահանջի արարողութիւնն է։

• Տարածաշրջանը Հայաստանով խաղաղօրէն ապրեցնելու եւ արարելու պետական հրաւէրն է։

•Եւ վերջապէս ու առաւելաբար, մեր ՀԵՐՈՍԱԾԻՆ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ առջեւ հոգեպէս խոնարհանալու եւ անոնց մեր ակնածանքի տուրքը տալու ազգային երգեցողութիւնն է։

ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, Անկախութեան Երեսնամեակի Տօնը՝ Հայկ Նահապետէն մինչեւ Արամ Մանուկեանի դարաշրջանը  եւ Արթուր Մկրտչյանէն մինչեւ 44-օրեայ պատերազմին ինկած, յայտնի թէ անյայտ՝ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ազատ ու ինքնիշխան ապրելու իրաւունքի վերահաստատման Օրն է։ Եւ պարտաւոր ենք ԱՆԸՆԴՀԱՏ նշել այդ օրը, Տօնակատարե’լ, որովհետեւ՝ առանց անկախութեան չկայ անվտանգութիւն։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *