Սփիւռք

Պետք Է Զգա՛լ Դաշնակցութիւնը

Իսկութեան մէջ, Դաշնակցութեան բազմաճակատ ու բազմահուն գործերու ընթացքին է, ուխտեալ անդամներու անօրինակ նուիրումի եւ անչափելի զոհաբերութեանց բովին մէջն է, որ խմորուած ու բիւրեղացած են մեր բարոյական ըմբռնումները, սկզբունքները, կուսակցութեան ողջ էութիւնը, որոնց ամբողջութեան յաճախ կը տրուի «Դաշնակցութիւն» բացատրութիւնը:

Միհան Քիւրտօղլեան

Երիտաարդ Ընկերներուս Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բարոյական Ըմբռնումներու Մասին

(Փարիզի մէջ 1984-ին կայացած Հ.Յ.Դ. երիտասարդականներու համագաղութային Բ. Բանակումի ընթացքին տրուած դասախօսութիւն-զրոյց մըն է hետագայ գրութիւնը, զոր որոշ պատշաճեցումներով եւ առանձին գլուխներով յաջորդաբար ու օրընդմէջ կը ներկայացնեմ երիտասարդ ընկերներուս՝ ֆէյսպուքեան չափերու մէջ, այսինքն՝ խտացած ու կարճ : Նկատենք, որ կազմակերպութիւնը տակաւին չէր վերընձիւղուած Հայաստանի մէջ):


Ա. Դաշնակցութեան ինքնատիպ նկարագիրը

Ընդհանրապէս քաղաքական կուսակցութիւններ ծնունդ կ’առնեն կանխապէս մշակելով ու հրատարակելով իրենց ծրագիրը եւ կանոնագիրքը, ապա կը ստեղծեն իրենց կազմակերպութիւնը՝ այդ երկու կռուաններուն վրայ:
Դաշնակցութեան պարագան տարբեր եղաւ: Դաշնակցականներ կային, երբ տակաւին Դաշնակցութիւն չկար: Ծրագիր ու կանոնագիր չունէր ան, մինչ կուսակցութիւնը կազմուած էր արդէն եւ կազմակերպութիւնը կը գոդծէր թէ’ հայրենիքի մէջ եւ թէ’ անկէ դուրս: Կը նշանակէ, որ գործը կար, բայց խօսքը չկար: Որով պատմական փաստ է, որ Դաշնակցութիւնը գործի անհրաժեշտութենէն ծնաւ, գործի մէջ ձեւ ու մարմին առաւ ու մնաց գերազանցապէս գործի կուսակցութիւն: Այսուհետեւ նոյնպէս, պատճառ չկայ, որ ինքնատիպ իր նկարագիրը չպահէ: Ընդհակառակն.սփիւռքեան կեանքը աւելի քան երբեք կը հարկադրէ, որ խօսքէն աւելի գործի հետամուտ ըլլայ ան՝ իրեն ենթարկել կարենալու համար յառաջանալիք պայմաններուն հոլովոյթը:

Անկրկնելի հիմնադիրներէն Ռոստոմ, որ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ձեւ ու մարմին եւ հիմնաւորում տուողը եղաւ, այսինքն մշակողը կուսակցութեան առաջին ծրագրին, երբ առիթով մը հարցի մը մասին իր կարծիքը կը խնդրուի, ան հաւաքին դիմաց քիչ մը մտացրիւ , կարճ պահ մը կը դժուարանայ մտքերը ամփոփելու , կ’ըսէ. «այնքան շատ գործերով տարուեցանք, որ խօսիլն ալ մոռցանք…»:

Իսկութեան մէջ, Դաշնակցութեան բազմաճակատ ու բազմահուն գործերու ընթացքին է, ուխտեալ անդամներու անօրինակ նուիրումի եւ անչափելի զոհաբերութեանց բովին մէջն է, որ խմորուած ու բիւրեղացած են մեր բարոյական ըմբռնումները, սկզբունքները, կուսակցութեան ողջ էութիւնը, որոնց ամբողջութեան յաճախ կը տրուի «ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» բացատրութիւնը
1909-10-ին Ռոստոմի հետ հանդիպումի մը առիթով Վրացեանն է. «ընկեր Ռոստոմ, բացատրէ թէ ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը…»: Ռոստոմ ժպտելով կը պատասխանէ. «Աստուած սիրէք, ինձ այդպէս դժուար հարցեր մի’ տաք: Ես ինչպէ՞ս բացատրեմ անբացատրելի մի բան: Դաշնակցութիւնը կարելի չէ բացատրել: Բացատրելու ամէն փորձ փոքրացնում է նրան: Դաշնակցութիւնը կարելի է եւ պէտք է զգալ միայն, ապրիլ եւ հաւատալ…»:

Ռոստոմի այս խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, որ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան յաջորդող քսան տարիներու ընթացքին արդէն իր ազգային նպատակներով, գաղափարական ու ֆէտայական պայքարով ու կազմակերպական ցանցերով տարածուած էր հայաշխարհի մէջ եւ գրաւած՝ հայ մարդոց միտքն ու հոգին: Ահա թէ ինչու անկրկնելի Ռոստոմ կ’ըսէր թէ՝ « Դաշնակցութիւնը կարելի է ու պէստք է զգալ միայն, ապրիլ ու հաւատալ…»:

Այնպէս որ, բոլորին նման անձս ալ չէ յաւակնած ու չի յաւակնիր պարզելու եւ մանաւանդ մեկնաբանելու Դաշնակցութեան բարոյական ըմբռնումներն ու սկզբունքները, այսինքն՝ դաշնակցականութիւնը: Պարզապէս պիտի ընդգծեմ, որ այդ սկզբունքներուն մէջն է Դաշնակցութեան էութիւնը, որ աւելի’ն է քան ծրագիրն ու կանոնագիրը: Ծրագիրն ու կանոնագիրը ժամանակին ու պայմաններուն հետ փոփոխութիւններ կը կրեն, առանց որ կուսակցութիւնը խախտի կամ կորսնցնէ իր նկարագիրը, ներքին ամրութիւնն ու ուժականութիւնը: Ինչ կը վերաբերի բարոյական ըմբռումներուն ու սկզբունքներուն, անոնց հետ մնայուն ու հետեւողական հաղորդութեան մէջ պիտի գտնուին հին ու նորագիր դաշնակցականները, որովհեսեւ անոնք են Դաշնակցութեան հիմնախարիսխը, կուսակցականները բարոյապէս զինող, ասպետական ոգի ներշնչող ու դաստիարակող աղբիւրը: Այս իմաստով ալ, յատկապէս ղեկավարութիւնը եւ ընդհանրապէս պարզ շարքայիններ պարտ են չափազանց զգոյշ ըլլալու ոչ միայն որեւէ արատ չբերելու Դաշնակցութեան բարոյական սկզբունքներուն ու ըմբռնումներուն վրայ, այլ ընդհակառակն. անոնք պիտի ըլլան ծայր աստիճան նախանձախնդիր, որ անաղարտ պահեն-պահպանեն եւ իրենց վարքով ու գործքով հարստացնեն զանոնք:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *