Կանոնագիրի փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան էութեան վրայ: Կուսակցութիւնը ժամանակակից կազմակերպութեան վերածելու համար պէտք է վերադառնալ Քրիստափորականութեան:
Յարութ Աղբալեան
ՀՅԴ կանոնագիրի գլխաւոր թերութիւնը կը մնայ այն իրողութիւնը, որ ան ժողովրդավար չէ այնքան, որքան կը յաւակնին ցոյց տալ կանոնագիրի պաշտպանները:
Հայաստանի անկախացումէն առաջ, ՀՅԴ ծրագիրին քաղաքական պահանջներ բաժինին մէջ կար ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ ենթաբաժինը, ուր բանաձեւուած էր այն կէտը, որ անկախ Հայաստանի մէջ բոլոր տեսակի ընտրութիւնները պէտք է կատարուին ուղղակի եւ համամասնական դրութեամբ: Անկախացումէն ետք, այս բաժինը հասկնալի պատճառներող դուրս եկաւ ծրագիրէն, իբրեւ անմիջական իրագործելի առաջադրանք: Ամբողջ երեսուն տարի Դաշնակցութիւնը միշտ ալ հետամուտ եղաւ իր այդ նպատակին իրագործման: Այստեղ սակայն կը ծագի հիմնական հարցումը: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ կուսակցութիւնը մը դաւանի սկզբունք մը (ուղղակի եւ համամասնական ընտրակարգ) եւ իր շարքերուն մէջ որդեգրէ իր դաւանանքին ճիշդ հակառակը (մեծամասնական եւ անուղղակի ընտրակարգ): Այսինքն կանոնագիրը, ըսռ էութեան կը հակասէ ՀՅԴ ծրագիրին եւ հաւատամքին: Ուղղակի եւ համամասնական ընտրակարգը ՀՅԴ դաւանած էր, որովհետեւ ժողովրդավարութեան մէջ այն կը համարուի ամէնէն արդար ընտրական համակարգը, այլ համակարգեր ժողովրդավարութեան կեղծիքներն են: Որովհետեւ ներկայացուցչական դրութեան մէջ, վարի խաւի ընտրողները կը դառնան փոքրամասնութիւն ընտրող ժողովներուն մէջ: ՀՅԴ վերնախաւը լաւապէս իրազեկ եղած է այս փաստին եւ զայն օգտագործած է ահընդհատ ինքզինք վերարտադրելու: Այլ խօսքով, տասնամեակներէ ի վեր, ՀՅԴ մարմինները չեն ներկայացներ իրենց կազմակերպութեան ընտրազանգուածի, այսինքն ընկերներու կամքը, այլ զիրենք ընտրող ժողովներու մեծամասնութեան կամքը, որ կրնայ առաջացած ըլլալ փոքրամասնութենէ: ՀՅԴ կանոնագիրի ընտրական ձեւը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ որ ընկերներու 25-35 առ հարիւրը մարմիններ ընտրող ժողովներուն (Ներկայացուցչական, Շրջանային, Ընդհանուր) դառնան մեծամասնութիւն: Այս իրողութիւնը կազմակերպութեան մէջ ստեղծած է մենաշնորհային (monopol) իրավիճակ մը, իր բացասական բոլոր հետեւանքներով: Ինչպէս նաեւ այս ընտրական դրութիւնը պատճատ դարձած է որ ընտրական կարգը շրջուի գլխիվայր, եւ ընտրող մասսան ենթարկուի մարմիններուն եւ ընտրութիւնը կատարէ անոնց ցուցմունքներով:
Երկրորդ ոչ-ժողովրդավար դրոյթը որ գոյութիւն ունի կանոնագրին մէջ, կամ աւելի ճիշդ կը բացակայի անկէ, կուսակցական մարմիններու անդամակցող եւ միաժամանակ պետական եւ ազգային պաշտօններ զբաղեցնող անձերու զատորոշումն է: Այստեղ ժողովրդավարութեան ամբողջական խախտում կայ, երբ մարմնի անդամ (ներ) միաժամանակ կը զբաղեցնեն պաշտօններ, եւ բնականաբար նոյն անհատը կը դառնայ միաժամանակ հաշուռտու եւ հաշուեառ: Ժողովրդավարօրէն անհասկնալի եւ անբացատրելի է այս դրոյթին բացակայութիւնը ՀՅԴ կանոնագիրէն:
Կանոնագիրէն կը բացակայի նաեւ ՀՅԴ մարմիններու անդամակցութեան ժամկէտը: Այսինքն նոյն անհատը կրնայ տասնեակ տարիներ մաս կազմել միեւնոյն մարմինին, բան մը որ երկար տարիներու եւ վերեւը նշուած ոչ-ժողովրդավար դրոյթներուն, կը յանգեցնէ մենաշնորհի, թէ անհատական եւ թէ խմբակային: Այս անսահմանափակ հնարաւորութիւնը որ տուած է կանոնագիրը, պատճառ դարձած է քատրերու պատրաստութեան բացակայութեան եւ մարմիններու անդամներու անընդհատ վերարտադրման, երիտասարդ եւ նոր ուժերու ներառման եւ հետեւաբար կուսակցութեան վերաթարմացման, երիտասարդականացման եւ արդիականացման, որու հետեւանքով կուսակցութիւնը աւելի շատ սկսած է ծառայել (այսօր ալ կը ծառայէ) խմբակի մը շահերուն եւ ոչ թէ կուսակցութեան նպատակներուն եւ ժողովուրդին:
ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը որոշում ունէր կանոնագիրի վերանայման, դժբախռաբար այդ գծով անցնող երեք տարիներուն ոչինչ կատարուած է:
Կը յաջողի՞ Դաշնակցութիւնը վերանայելու եւ անհրաժեշտ սրբագրումներն ու փոփոխութիւնները կատարել կանոնագիրին մէջ: Այս հարցումին պատասխանէն կախեալ է անոր հետագայ ընթացքը: Եթէ Դաշնակցութեան վերնախաւը բծախնդիր է կուսակցութեան վարկով եւ ապագայով, ապա անյապաղ պէտք է դիմէ կանոնագիրի փոփոխութիւններուն: Ինչպէս նշուեցաւ, այսօրուայ ապառողջ իրավիճակը ծնունդ է կանոնագիրի թերի ժողովրդավարութեան ուստի անոր փրկութիւնը կախեալ է իր կանոնագիրէն:
Կանոնագիրի փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան էութեան վրայ: Կուսակցութիւնը ժամանակակից կազմակերպութեան վերածելու համար պէտք է վերադառնալ Քրիստափորականութեան: Հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն տարածուն եւ ժողովրդական լայն ենթահող վայելող կազմակերպութիւն, ան ի վիճակի է իր ներուժը առաւելագոյնը օգտագործելու, եւ այդ կարելիութիւնը հնարաւոր է ստեղծել կանոնագիրի արմատական փոփոխութեամբ, հաւատարիմ մնալով ապակեդրոնացման սկզբունքին եւ Քրիստափորականութեան:
Դաշնակցութեան փրկօղակը իր կանոնագիրն է:
ՎԵՐՋ