26.4 C
Yerevan

Կարմիր Գիծեր Եւ Փախուստ Դէպի Յառաջ

«Տարա­կուսանքի տեղիք կու տայ, երբ այս փոքրա­մասնութեան մաս կազմող մեծա­գոյն՝ «Հայաստան» դաշինքի ղեկա­վա­րը՝ երկրորդ նախա­գահ Քոչա­րեան, չի վարա­նիր օր ցերե­կով Հայաստա­նի պետա­կան անկա­խութիւնը եւ ինքնիշխա­նութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնե­լու»։

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ

Հայաստա­նի քաղա­քա­կան առօ­րեա­յին հետեւողնե­րուն համար արդէն սովո­րա­կան դարձած երեւոյթ է անցեալ Յունի­սէն ի վեր, Ազգա­յին ժողով կոչուած պետա­կան հիմնարկութեան մէջ շարունա­կուող կատա­կերգաողբերգութիւնը:

Արդէն հասած ենք այնտեղ, ուր միակ դժուա­րութիւնը խորհրդա­րա­նի անցուդարձնե­րուն հետեւո­ղին մօտ՝ կատա­կերգաողբերգութեան իւրա­քանչիւր արա­րէ ետք որո­շելն է, թէ այդ օրը լա՞յ, թէ խնդայ:

Այսպի­սի զաւեշտա­խառն ողբերգութեան ընթա­ցիկ թատե­րա­կան արար մըն էր 21 Մարտին տեղի ունե­ցած եւ պատկե­րասփիւռով սփռուած Ազգա­յին ժողո­վի արտա­քին յարա­բե­րութիւննե­րու յանձնա­ժո­ղո­վի նիստը: Արտա­քին գործոց նախա­րա­րին մասնակցութեամբ գումա­րուած այս նիստին գլխաւոր թեմա­նե­րէն մէկն էր՝ Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի միջեւ մօտ ապա­գա­յին կանխա­տե­սուող բանակցութիւննե­րը: Այս գծով, հասկնա­լիօ­րէն, խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութիւնը շահագրգռուած էր նախա­րա­րէն իմա­նա­լու, թէ արդեօք Հայաստան եւս, Ատրպէյճա­նի նման, բանակցութիւննե­րուն մէջ ունի՞ կարմիր գիծեր, զորս կարե­լի չէ խախտել: Անշուշտ, ինչպէս սպա­սե­լի էր, նախա­րա­րի պնդումնե­րը՝ որ բնա­կա­նա­բար Հայաստան եւս ունի կարմիր գիծեր, երկու ղրուշնոց արժէք չունե­ցան խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութեան մօտ: Եւ այդպէս, նիստը շարունա­կուե­ցաւ առանց կարե­նալ հանդարտեցնե­լու բորբո­քած կիրքե­րը եւ ստեղծե­լու կառուցո­ղա­կան քննարկումի միջա­վայր մը: Պարզա­պէս աւե­լորդ է մանրա­մասնել, որ նիստի մնա­ցեալ տեւո­ղութիւնը ինչպէս վերա­ծուե­ցաւ ատե­լա­վա­ռութեամբ լեցուն տրա­մա­յի՝ միշտ համա­հունչ այսօ­րուան խորհրդա­րա­նի բարո­յա­կան եւ կենցա­ղա­վա­րա­կան չափա­նիշնե­րուն:  

Խորհրդա­րա­նա­կան առօ­րեա­յէն առնուած այս տխուր պատկե­րին մէջ ուշադրութիւն գրաւո­ղը  այնտեղ բարձրա­ցուած «կարմիր գիծե­րու» թեման է, որուն առի­թով ալ անդրա­դարձանք այս նիստին:  

Ինչպէս վերը յիշե­ցինք՝ կը նախա­տե­սուի մօտ ապա­գա­յին սկսիլ Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի միջեւ բանակցութիւննե­րը՝ Մինսքի խումբի համա­նա­խա­գահնե­րուն հովա­նաւո­րութեամբ: Երկու երկիրնե­րուն միջեւ վերջնա­կա­նա­պէս խաղա­ղութիւն հաստա­տե­լու պատկե­րա­ցումով մեկնարկուող այս բանակցութիւննե­րը պիտի ընդգրկեն բոլոր խնդրա­յա­րոյց հարցե­րը, որոնցմէ վստա­հա­բար դժուա­րա­գոյն լուծե­լին պիտի ըլլան Արցա­խի ժողո­վուրդի ապա­հո­վութեան եւ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կի հարցե­րը: Ասոր կողքին, մեր ժողո­վուրդը յուզող կամ շահագրգռող այլ իրա­դարձութիւն է Հայաստա­նի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ եղող միջ-պետա­կան բանակցութիւննե­րը, որոնք, թէեւ, ինչպէս կը յայտա­րա­րուի, տեղի կ՛ունենան առանց նախա­պայմաննե­րու, հասկնա­լիօ­րէն չեն դադրիր մտա­վա­խութիւն առթե­լէ, յատկա­պէս երբ նկա­տի ունե­նանք Թուրքիոյ ռազմա­քա­ղա­քա­կան դիրքի եւ թրքա­կան դիւա­նա­գի­տութեան ունե­ցած բացա­յայտ առաւե­լութիւննե­րը:

Բանակցա­յին դժուար եւ բարդ այս գործընթացնե­րուն խորա­պատկե­րին վրայ խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութեան կողմէ «կարմիր գիծե­րու» թեման թէժ օրա­կարգա­յին նիւթի վերա­ծե­լու մօտե­ցումը հասկնա­լի է: Առանձնա­պէս,  արտա­սո­վոր բան չկայ այս երեւոյթին մէջ: Խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութեան իրաւունքն է սուր կերպով բարձրացնե­լու այս խնդիրնե­րը, հարցումներ ուղղե­լու կառա­վա­րութեան  եւ պարզա­բա­նումներ պահանջե­լու խորհրդա­րա­նա­կան բաց թէ փակ նիստե­րու ընթացքին: Այս բոլո­րը ընե­լու իրաւունքը ունի խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութիւնը, նոյնիսկ երբ անհա­մեստօ­րէն ինքն իրեն իրաւունք տայ դիմա­ցի­նին ազգա­սի­րութիւնը եւ հայրե­նա­սի­րութիւնը հաւա­տաքննո­ղի կոպտութեամբ խօսե­լու:

Այս բոլո­րը ըսե­լով եւ ընդունե­լով հանդերձ, խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութեան ենթադրա­բար ազգա­յին-պետա­կան շահի գիտակցումէն մղուած այս վարքա­գի­ծը առնուազն տարա­կուսանքի տեղիք կու տայ, երբ այս փոքրա­մասնութեան մաս կազմող մեծա­գոյն՝ «Հայաստան» դաշինքի ղեկա­վա­րը՝ երկրորդ նախա­գահ Քոչա­րեան, չի վարա­նիր օր ցերե­կով Հայաստա­նի պետա­կան անկա­խութիւնը եւ ինքնիշխա­նութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնե­լու, Ռուսիոյ հետ ինչ որ միութե­նա­կան պետութեան մը մէջ Հայաստա­նը ներա­ռե­լու մասին վարկածներ հրա­պա­րակ նետե­լով: Յօնք կիտե­լու չափ հեգնա­կան է այս պատկե­րը: Այսինքն գործ ունինք խորհրդա­րա­նա­կան փոքրա­մասնութեան մը հետ, որուն տիրութիւն ընող ղեկա­վա­րը մեր պետա­կա­նութեան անկա­խութեան եւ ինքնիշխա­նութեան գերա­գոյն արժէքնե­րը, այդպէս, մէկ օրէն միւսը, մամլոյ ասուլի­սով մը հրա­պա­րա­կայնօ­րէն սակարկութեան դնե­լէ չի խուսա­փիր: Եւ փաստօ­րէն, կարմիր գիծե­րու պահանջա­տէ­րի պատմուճան հագած խորհրդա­րա­նա­կան այս փոքրա­մասնութիւնը խորհրդա­րա­նի խաղա­դաշտին մէջ կ՛ուզէ քաղա­քա­կան խաղի սահմաններ ճշդո­րո­շել, առանց, սակայն, իր իսկ ղեկա­վա­րի բերա­նով մեր պետա­կա­նութեան կարմիր գիծե­րը սահմա­նա­հա­տած ըլլա­լու լրջութեան զգա­ցո­ղութիւնը ունե­նա­լու: Խորքին մէջ այս պատմուճա­նը պարզա­պէս միջոց մըն է երկրորդ նախա­գա­հի ամպհո­վա­նիին տակ ներկա­յա­ցող խորհրդա­րա­նա­կան այս խմբա­կի քաղա­քա­կան մերկութիւնը ծածկե­լու: Քոչա­րեան՝ ինք, նախանձե­լի քաղա­քա­կան ժառանգութիւն մը չէ ձգած իր ետին: Անոր համար աւե­լի ծանր կը կշռէ ոչ թէ իր քաղա­քա­կան ժառանգութեան «փրկութիւնը», այլ իր նիւթա­կան ժառանգութեան ապա­հո­վումը: Բայց աւե­լի կարեւո­րը՝  ասի­կա առա­ջին անգա­մը չէ որ երկրորդ նախա­գա­հը անլուրջ վերա­բերմունք ցուցա­բե­րած է մեր պետա­կա­նութեան հանդէպ: Կը բաւէ յիշել իր նախա­գա­հութեան տարի­նե­րուն, Հայաստա­նի ինքնիշխա­նութեան համար ռազմա­վա­րա­կան մեծա­պէս կարեւո­րութիւն ունե­ցող տնտե­սա­կան եւ գիտա­կան հիմնարկնե­րու՝ չնչին գումարնե­րու դիմաց վաճառքը Ռուսիոյ: Կը բաւէ յիշել նաեւ, որ վերջին հաշուով, Քոչա­րեա­նի նման ղեկա­վարնե­րու քաղա­քա­կան ժառանգութեան կը պատկա­նի պետա­կա­նօ­րէն անփութութեան մատնող կոյր ու միա­միտ արեւե­լումի վարքա­գի­ծը, որուն իբրեւ արդիւնք մենք պատե­րազմ կորսնցուցինք 2020ին:

Եթէ քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան պէտք է տալ Ռուսիոյ հետ միութե­նա­կան ինչ որ պետութեան մը մաս կազմե­լու գաղա­փա­րին, ապա, լաւա­գոյն պարա­գա­յին, զայն կարե­լի է  համա­րել փախուստ դէպի յառաջ, վախկոտ քայլ մը՝ եւ ուրիշ ոչինչ:

Այո, Հայաստան մեծա­գոյն մարտահրաւէրնե­րու դէմ յանդի­ման կը գտնուի, սակայն վերջին հայը, որուն կարի­քը ունի մեր հայրե­նի­քը այսօր, այս մարտահրաւէրնե­րուն առջեւ անճրկած եւ անմի­ջա­պէս ուրի­շի փէշե­րուն տակ  պահուը­տե­լու պատրաստ Քոչա­րեա­նի տիպա­րով ներկա­յա­ցող քաղա­քա­կան ղեկա­վարն է: Վերջին հայը, որուն մեր հայրե­նի­քը պէտք ունի այսօր, այն ղեկա­վարն է, որ դոյզն իսկ  հաւատք չունի իր ժողո­վուրդի ներուժին եւ կարո­ղա­կա­նութեան վրայ, յաղթա­հա­րե­լու համար յառա­ջա­ցած ճգնա­ժա­մե­րը:

Շատ դժուար եւ բարդ ժամա­նակներ կ՛ապրի մեր հայրե­նի­քը այսօր, սակայն, տակաւին ոչ այն դժուա­րութիւննե­րուն եւ բարդութիւննե­րուն չափով ու ծանրակշռութեամբ, որոնց ճնշումին տակ մեր առա­ջին Հանրա­պե­տութեան ղեկա­վարնե­րը պարտադրուե­ցան երկի­րը յանձնե­լու բոլշեւիկնե­րուն: Հետեւա­բար, Ռուսիոյ հետ միութե­նա­կան պետութեան գաղա­փա­րի քննարկումը այս հանգրուա­նին կանխա­հաս անձնա­տուութեան տրա­մադրութիւններ ստեղծե­լու նպա­տա­կին կը ծառա­յէ միայն: Միւս կողմէ, ուշադրութե­նէ չի վրի­պիր, որ խորհրդա­րա­նի փոքրա­մասնութեան կողմէ Հայաստա­նի համար, խիստ տագնա­պա­լի այս օրե­րուն, ամէն մեծ եւ փոքր առի­թի, երկրի իշխա­նութիւննե­րը վարկա­բե­կե­լու, հասա­րա­կա­կան պետա­կան կեանքի բոլոր ոլորտնե­րը սեւցած պատկե­րով ներկա­յացնե­լու վարքա­գի­ծը առա­ջին Հանրա­պե­տութեան խորհրդայնա­ցումին նախորդող ժամա­նակնե­րու երկրի իշխա­նութիւննե­րուն դէմ բոլշեւիկնե­րու տարած քարոզչութիւնը կը յիշեցնէ:              

Առնչվող Հոդվածներ