Սփիւռք

Ինչո՞ւ Շուշին Չդարձավ Մեր Ստալինգրադը

Մենք չկրցանք մնալ Լեռնային Ղարաբաղին մէջ, որուն ազատագրութեան համար սկսաւ պայքարը, եւ Սթալինկրատի նման մնալու կեցութիւն ստեղծել։

Վահե Աբելյան

ՍԹԱԼԻՆԿՐԱՏԸ …Վերջերս Ֆէյսպուքին վրայ կը կարդամ հետեւեալ նկատողութիւնը՝ որ Արցախը մեր Սթալինկրատն է։ Նոյն կարելի է կարդալ poster ներու վրայ եւս ցոյցերու ընթացքիին։ Կ՚ուզեմ հետեւեալ նկատողութիւնը ընել։ 

Սթալինկրատը տեղի մը համար ակնարկ չէ, այլ ժողովրդային դիմադրութեան ակնարկ է։ Գետինին վրայ յամառօրէն մնալու ակնարկ է։ Wikipedia-ն ցոյց կուտայ որ Սթալինկրատի պատերազմը տեւեց 23 August 1942 – 2 February 1943, այսինք 163 օր։ Բայց այդ  պատերազմին տեւողութեան ոչ մէկ քաղաքացի Սթալինկրատը ձգեց։ Չմոռնանք որ Սովետական Միութեան միահեծան իշխողը Սթալինն էր եւ քաղաքը իր անունով կոչուած էր։ Ոչ մէկը, չեմ ըսեր զինուոր այլ նաեւ քաղաքացի կրնար համարձակիլ ձցել եւ հեռանալ քաղաքէն, ինչպէս կը պատահի այժմ Ուքրանիոյ մէջ։ Սթալինկրատի քաղաքացիները մնացին ահռելի պայմաններու մէջ, բայց մնացին հոն՝ Սթալինկրատի մէջ։ 

Բայց մենք չկրցանք մնալ Լեռնային Ղարաբաղին մէջ, որուն ազատագրութեան համար սկսաւ պայքարը, եւ Սթալինկրատի նման մնալու կեցութիւն ստեղծել։ Ղարաբաղը շատ շուտ դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն։ Իմ կարծիքովս այդ եղաւ քանի որ անցնող 30 տարիներուն ժողովուրդը չպատրաստուեցաւ այդ հաւանականութեանը։ Նմանապէս այդ երէք տասնամեանկներուն ոչ միայն սահմանապահ զինուորներուն համար միայն bunker–ներ,  պէտք եղած թիւով պատսպարաններ շինելու կարիքը կար այլ նաեւ Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնը լաւ պաշտպանուած պատսպարաններու մէջ ապաստան գտնելու կարիքը կար։ Առաջարկներ եղան մամուլին մէջ։ Բայց այդ ուղղութեամբ մտածողութիւն չկար կարծես։  Կամ ալ Նիւթական միջոցները չկային։ Տրոններուն ռմբակոծումներով Ղարաբաղը չէր իյնար եթէ ժողովուդը գետնին տակ, լաւ կառուցուած ապստարաններու մէջ պաշտպանուած մնալու կարելիութիւնը ունենար։ Ղաբաբաղը շատ շուտ պարպուեցաւ իր ժողովուրդէն։ 

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին պզտիկ Մալթա կղզին, որ լեռնային Ղարաբաղէն շատ աւելի պզտիկ է, անդադար ռմբակոծուեցաւ Նազի Գերամնիոյ կողմէ։ Ըստ տեղեկութեան Մալթա կղզիին վրայ շատ աւելի շատ ռումբ տեղած քան Անգլիոյ, բայց ժողովուրդը մնաց կործանուած կղզիին վրայ եւ Նազի Գերմանացիները չկրցան ծունկի բեռել կղզին ռմբակոծումով եւ գրաւել կղզին։ Գետինը, գետնի վրայ կռուող զինուորը կը գրաւէ, եթէ կրնայ գրաւել, եւ ոչ թէ օդէն հարուածող օդաչուները կամ տրօնները։  Ազերի զորքը չէր կրնար գրաւել Շուշին եթէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը մնացած ըլլար պաշտպանուած bunker ներու մէջ։ 

Այնպէս որ ան որ կ՚ըսէ որ Ղարաբաղը մեր Սթալինկրատ է, դժբախտաբար նմանութեան պատմական իրողութիւնէն տեղեակ չի թուիր ըլլալ։ Այլապէս նման բաղդատութիւն պատմականօրէն սխալ է։ Լեռնային, ապառաժ Շուշին, բնութեանբ ամրոց մը, անխորտակելի ամրոց մը ըլլալու ամէն կարելիութիւն ունէր, բայց չեղաւ, վատնուած կենսական երեսուն տարիներուն պատճառաւ։

Աղբյուրը՝

https://www.facebook.com/1686843286/posts/10217311313449971

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *