Պիտի գա՞յ այն օրը երբ դաշնակցական երիտասարդութիւնը սթափի եւ վերադառնայ 20րդ Ընդհ Ժողովի ոգիին եւ տրամաբանութեան:
Հարութ Աղբալյան
1972ին գումարուած ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովը կը յատկանշուէր հիմնականին մէջ երկու կարեւոր որոշումներով: Առաջինը ժամանակի եւ պայմաններու բերմամբ յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումն էր, իսկ երկրորդը աւելի կարեւոր՝ դաշնակցական երիտասարդութիւնը յեղափոխականացնելու եւ քաղաքականացնելու որոշումն էր:
ՀՅԴ շարքերը եւ մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը քաղաքականցնելու որոշումը երկար գործընթացի մը սկզբնակէտ մըն էր: Այդ որոշումէն ետք տարբեր գաղութներու մէջ հիմնուեցան երիտասարդական միաւորներ, աշխուժացման աշխատանք տարուեցաւ ուսանողական միութիւնները աւելի գործունեայ դերակատարութիւն ունենալու, ՀՅԴ մամուլը գաղափարական եւ քաղաքական լայն արշաւ մը ձեռնարկեց, խրախուսուեցաւ մտաւորականութիւնը, թէ կուսակցական շարքերուն մէջ եւ թէ համակիր շրջապատին մէջ: Այս աշխատանքին արդիւնքը եղաւ այն որ գաղափարական սերունդ մը հասակ առաւ, աւելի հայկական, աւելի պահանջատէր եւ աւելի իրազեկ հայ կեանքին եւ մեր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման: Գաղափարական-քաղաքական հասունութեան տէր այս երիտասարդութիւնը տարբեր հանգրուաններու եւ տարբեր գործելադաշտերու մէջ ինքզինք լաւագոյնս դրսեւորեց, որուն լաւագոյն օրինակներէն կարելի է համարել Հայաստանի մէջ ՀՅԴի վերընձիւղումն ու Արցախեան առաջին պատերազմւ սփիւռքահայ երիտասարդներու մասնակցութիւնը:
Դժբախտաբար 1985-1986 թուականներուն Լիբանանի մէջ Դաշնակցական որոշ ընկերներու դէմ կատարուած առեւանգումներն ու ահաբեկումները այս գործընթացին թափը կասեցուցին:
1994ին Արցախեան առաջին պատերազմի աւարտէն եւ մասնաւորաբար 1998էն ետք, ՀՅԴ շարքերուն մէջ, բնականաբար առանց որոշումի, սկսաւ 1972ի որոշումին հակառակ գործընթացը: Կազմակերպական կեանքը սկսաւ ամլանալ, քաղաքականացումը տեղի տուաւ քաղքենիացման եւ ենթարկուելու մտայնութեան: Կուսակցականացումը գերադասուեցաւ հայկականութենէն եւ ՀՅԴի բարոյական սկզբունքներէն եւ երիտասարդութիւնը փոխանակ քաղաքականացնելու աշխատանքը շարունակելու, անուղղակիօրէն աշխատանք տարուեցաւ կեղծ կամ զգացական հայրենասիրութիւնը շեփորահարելու, տեղայնականութիւնը սկսաւ տարածուիլ, իսկ ամէնէն վտանգաւորը այն է որ ՀՅԴ շարքերն ու երիտասարդութիւնը գերին դարձաւ գաղափարական-քաղաքական հիմնաւորում չունեցող նշանախօսքերու: Այլ խօսքով երիտասարդութիւնը ապաքաղաքականացնելու եւ մեր իրաւունքներու հետապնդումը իր քաղաքական պարունակէն պարպելու եւ զայն վերածելու լոզունգային: Մասնաւորաբար ակներեւ է վերջերս հրապարակ նետուած լոզունգները՝ դիմադրութիւն, Արցախը ուրացողը դաւաճան է եւայլն:
Այսօր, 1972ի Ընդհանուր Ժողավէն յիսում տարի ետք, ՀՅԴ շարքերը կը պարզեն կուսակցականներու ամբողջութիւն մը, զուրկ քաղաքական յստակ տեսլականէ, հայրենիք-պետութիւն-իշխանութիւն եռեակ հասկացութիւնը փոխարինուած է իշխանատենչութեան վտանգաւոր լոզունգներով, իսկ գաղութներու մէջ առօրեայ տեղայնական սպառիչ հարցերով: Նոյնիսկ ներկայ բախտորոշ հանգրուանին չկայ պատկերացում սփիւռքի դերակատարութեան, անոր ներուժի օգտագործման ի սպաս Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին: Պատկերացում չկայ նոյնիսկ սփիւռքի ապագայի նկատմամբ, եւ կարծէք ձուլման գործընթացի հետ հոգեբանօրէն հաշտուած է այսօրուան դաշնակցականը:
Կը մնայ հիմնական հարցումը. Պիտի գա՞յ այն օրը երբ դաշնակցական երիտասարդութիւնը սթափի եւ վերադառնայ 20րդ Ընդհ Ժողովի ոգիին եւ տրամաբանութեան: Պիտի գա՞յ այն օրը երբ դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը վերադառնայ 20րդ Ընդհ Ժողովի որոշումներու գործադրութեան գործընթացը վերսկսելու: