Նորելուկ փանջունիներ չուզեցին հասկնալ, այլեւ չեն ուզեր ընդունիլ, որ առանց համապատասխան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ՝ կարելի չէ ՓՈՂՈՑ ԻՋՆՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ հայրենակերտ ու պետականակերտ ՈՒԺ յառաջ բերել, թափ հաւաքել եւ համակողմանի զարգացման ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵԼ։
Նազարէթ Պէրպէրեան
Երբ գաղափարական պայքարն ու քաղաքական բանավէճը կը զոհաբերուին․․․ ՓՈՂՈՑԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
15 Յուլիս 2022
Ահազանգը շատոնց կը հնչէ, բայց լսողը ո՜վ է, լուրջի առնողը ո՜ւր է․․․
Շատեր զգուշացուցին, նոյնիսկ ազդարարողներ եղան, որ հնարաւոր չէ փոխադարձ անձնական անուանարկումներով, նախատական վերագրումներով եւ, մանաւա՛նդ, փողոցային լուտանքներով ժողովուրդ առաջնորդել, քաղաքական ուղի հարթել։
Սակայն քաղաքացիական հասարակութեանց եւ ժողովրդավարական երկիրներու շարքին դասուելու յաւակնութեամբ լեզու առած նորելուկ փանջունիներ չուզեցին հասկնալ, այլեւ չեն ուզեր ընդունիլ, որ առանց համապատասխան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ՝ կարելի չէ ՓՈՂՈՑ ԻՋՆՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ հայրենակերտ ու պետականակերտ ՈՒԺ յառաջ բերել, թափ հաւաքել եւ համակողմանի զարգացման ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵԼ։
Արդէն անհեթեթ եւ անարդարանալի բեւեռացման աքցանին մէջ ՊԱՏԱՆԴ ինկած ենք ազգովին՝ ժողովուրդով, քաղաքական կառոյցներով եւ պետական կռուաններով։
Իսկ աւելի ահաւորը՝ փաստի սով մատնող հայհոյանքը այնքան համատարած, համայնակուլ ու հեղձուցիչ դարձած է, որ արդէն սպառնալիքի եւ ահաբեկումի սեւ ասպետներու ցուցադրած․․․ սուրերով ու տասնոցներով կատարեալ արշակաւանի մը վերածուած է Հայաշխարհը՝ քաղաքամայր Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի ամէնէն ծայրամասային ու լքուած անկիւնը։
Այլեւս ինչո՜ւ զարմանալ կամ հարց տալ՝ հարց տալու սիրոյն, թէ Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, ինչո՛ւ հայը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ օր ցերեկով եւ յաչս արար աշխարհին ՎԱՐԿԱԲԵԿԵԼՈՒ Հայաստանի պետական ներկայացուցիչները՝ իմա՛ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը, իսկ փոխադարձաբար՝ Հայաստան մուտքի սահմանապահ հայ ոստիկանը ի՛նչ իրաւունքով ԿԸ ԲՌՆԱԳՐԱՒԷ եւ կը պղծէ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԺԱՄԱՆՈՂ ՀԱՅՈՒՆ հայաստանեան անձնագիրը։
Սթափեցէք այլեւս․ ԻՆՉ ՈՐ ՑԱՆԵՍ, ԱՅՆ ԿԸ ՀՆՁԵՍ․․․
Վերջին հաշուով՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՓՈՂՈՑը քաղաքակրթական եւ քաղաքացիական զարգացման ԱՆՍՊԱՌ ու ԱՆԿԱՇԱՌ ՈՒԺ Է, երբ կը ներշնչուի ու կ՚առաջնորդուի Ազգի ու Հայրենիքի, Ժողովուրդի ու Պետականութեան ԴԱՐԱՒՈՐ ԵՐԹՈՎ նուաճուած, այլեւ ծաղկած ու ինքնամաքրուած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ։
Հայաստանն ու Հայութիւնը արդար եւ օրինաւոր ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆ ԵՆ ազգակերտման ու պետականակերտման ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ԱՒԱՆԴԻՆ։
Փողոցին մէջ խեղդամահ չի կրնար ըլլալ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ԱՒԱՆԴը։
Շահագործող ցեցերու փողոցային տիղմէն հեռու պահենք ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ
Գրառումը՝ Նազարեթ Պէրպէրյանի ֆեյսբուքյան էջից։