Հայաստան

Իրականութեանց Հետ Առերեսուելու Պահը

Եկած եմ այն տխուր եզրակացութեան, որ 21րդ դարուն, փոքր երկիրներու գոյութիւնը միայն մեծերու հաշիւներուն համապատասխան ըլլալուն մէջ է. գոյութիւն կ՛ունենան եթէ գերպետութիւններուն վնաս չեն ներկայացներ եւ շատ յաճախ, երբ անոնք պատուար կը հանդիսանան երկու հզոր պետութիւններու միջեւ շփման գիծը հեռացնելու իմաստով։

Աւօ Պօղոսեան

Իրականութեան հետ առերեսուելու պահը
Կարծեմ ժամանակը եկած է եթէ անգամ ուշ չէ, որ վերջապէս առերեսուինք մեր իրականութեան հետ, առանց մտածելու ինչպէս մինչեւ ներկայիս, որ մեր աղտոտ լաթերը պետք չէ հանրութեան ու մանաւանդ մեր թշնամիներուն  առջեւ ցուցադրուին, որովհետեւ մենք կ’ապրինք քսանմեկերորդ դարում եւ գիտութիւնը այնքան զարգացած է որ օտարները հասու են գիտնալու մեր մասին այն բոլորը ինչը մենք ինքներս անգամ երբեմն չենք գիտեր, եւ  հետեւաբար այդպիսի մօտեցում մեր կողմէն պիտի նմանի ջայլամի վարմունքին։ 
Մեր մասին արտայայտուելէ առաջ, անհրաժեշտ է ճանչնալ մեր անմիջական հարեւանները, ապա կարկինը աւելի լայն բանալով հասկնալ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղացող պետութիւններու քաղաքականութիւնը։
Առաջին հերթին ի հարկէ Թուրքիան է որ պետք է ճանչնանք եւ առանց ստորակայութեան  բարդոյթի ընդունինք ինչպէս որ են ներկայիս, այսինքն գիտակցինք որ գործ ունինք հարեւանի մը հետ որ մարդկային անհամեմատ աւելի ներուժ ունի մեզի համեմատ ու ամէն ոլորտներուն մէջ. Պետք է հաշտուինք այն իրողութեան հետ որ Աթաթուրքով ու անկէ ետք մինչեւ Էրտողանի իշխանութեան գալը, արդէն դարձած էր բաւականին ուժեղ եւ կայուն պետութիւն, որու հաշիւը կ’ընէին գերպետութիւնները, շնորհիւ նաեւ անոր աշխարհագրական դիրքին իբր կամուրջ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ ու նաեւ որպէս սահմանակից այդ օրերուն Սովետական Միութեան։ Պաղ պատերազմի աւարտով ու Սովետական Միութեան փլուզմամբ եւ քիչ անց Էրտողանի իշխանութեան գալով, թէեւ Թուրքիոյ նախկին կարեւորութիւնը նուազեցաւ, քանի այլեւս չկար նախկին ուժեղ Խորհրդային միութիւնը, սակայն երեւան եկաւ Էրտողանի շշմեցուցիչ գործունէութիւնը որ շրջեց ամէն կանխատեսում Թուրքիոյ մասին ու աշխարհը ականատես եղաւ այդ մարդուն բացառիկ կառավարելու կարողութեան եւ հմուտ դիւանագիտութեան, ինչը երկիրը վերածեց տնտեսական եւ ռազմական շրջանային, եւ նոյնիսկ միջազգային հզոր պետութեան, այնքան որ նոյնիսկ անուանի քաղաքական փորձագետներ երկու տասնամեակ առաջ կը նախատեսէին որ քսանմեկերորդ դարու կեսերուն անոնք պիտի կարենան յառաջանալ մինչեւ Կովկասի սիրտը ու անկէ անդին։ 
Երկրորդը, մեր միւս թրքացեղ հարեւան` Ազրբէյճանն է։ Ինչ կարելի է ըսել անոր մասին բացի անկէ, որ բնութիւնը զայն շնորհած ըլլալով հսկայական ընթերքային հարստութեամբ, ան կրցաւ այդ լծակը լաւապէս օգտագործել իր շրջանային քաղաքականութեան առաջ տանելուն, գերազանցապէս զինուելուն եւ օգտուելով նաեւ Ռուսաստանի լուռ համաձայնութենէն ու Թուրքիոյ արհեստագիտական եւ ռազմագիտական օգնութենէն, շղթայազերծելու վերջին, մեր համար աղետալի պատերազմը։
Երրորդը գուցէ Իրանի մասին պետք է ըսել, որ հակառակ իր խորքայինօրէն տրամաբանական հակադրութեան իր հիւսիսը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ աշխարհաքաղաքական նոր ձեւավորումներուն նկատմամբ, շատ հեշտութեամբ չի կրնար գործնականօրէն միջամուխ ըլլալ եւ ի նպաստ իրեն փոխել քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները, տրուած ըլլալով արեւմուտքի կողմէ իր դէմ գոյութիւն ունեցող պատժական  միջոցառումները եւ քաղաքականութիւնը։ 
Մեր հիւսիսի հարեւան Վրաստանը միւս երեքէն աւելի թոյլ պետութիւն ըլլալով հանդերձ մեր նկատմաբ առաւելութիւն ունի, քանի աշխարհագրականօրէն աւելի նպաստաւոր դիրքի վրայ կը գտնուի եւ աշխարհին բացուելու եւ հաղորդակցուելու ծովը ունի։ 
Ռուսաստանը` մեր ռազմավարական դաշնակիցը, այսօր կը գտնուի ճակատագրական մեծ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման որ կրնայ սպառնալ թէ իր, եւ թէ մոլորակի գոյութեան. Այո իր համար գոյութենական վտանգ կը սպառնայ Ռուս_Ուքրաինական պատերազմին վերջինին յաղթանակով աւարտը, ու այստեղ պետք չկայ մտնելու բացատրութիւններու մէջ։ Արցախեան պատերազմին ալ Ռուսաստանի Ազրբէյջանի կողմ թեքումը պետք է բացատրել Ուքրաինայի մէջ իր սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններու ծրագրումին տրամաբանութեան մէջ. կ’ուզէր իր հարաւը ամրապնդել եւ վնասազերծել, միւս կողմէ ալ մօտ ըլլալ նաֆթամուղերուն, հակակշռելու եւ վերահսկելու եւ պետք եղած միջոցին ալ արգիլելու արեւմտեան աշխարհի հաւանական միջամտութիւնները։ Պետք է նաեւ շեշտել որ մեր կողմէ երբեմն զարմացական հարցադրումները Ռուսաստանի Կովկասեան քաղաքականութեան մասով, եւ զգուշացնող հորդորները թէ Կովկասի թուրքացումը կամ այն թուրքական ազդեցութեան գոտիի վերածումը, Ռուսաստանի կործանման ամենամօտ ճանապարհը կրնայ ըլլալ, իրատեսական չեն, ու պարզապէս պետք է նայիլ մեր աշխարհագրական տարածքին ու բաղդատել այն Ռուսաստանի զբաղեցուցած տարածքին հետ, ու այնժամ գիտակցիլ որ ան` Ռուսաստանը, հսկայական տարածքներու կը տիրապետէ ու այնտեղ բազմաթիւ ժողովուրդներ ու ազգութիւններ իրեն հպատակեցուցած է, իսկ մօտ անցեալին աւելի մեծ տարածքներ ալ կցած էր իր ստեղծած խորհրդային Միութեան մէջ, ու այսօր ալ անոնք կը գտնուին իր ազդեցութեան գոտիէն ներս, իսկ մենք փոքր, աշխարհագրականօրէն մեզի շատ անհրաժեշտ եւ կենսական, Արցախի տերը չկարողացանք ըլլալ ու պահել զայն, հակառակ որ երեսուն տարի մեզի նուէրի նման ժամանակ շնորհուած էր։ Ուրեմն պետք է գիտակցինք որ Ռուսաստանը իր պետական շահերուն շատ աւելի գիտակից է քան մենք կը հաւակնինք ըլլալ։  
Այս ամէնը գիտնալով, ինչ պետք է ընենք մենք, որպեսզի գոյատեւենք այս կտոր մը հողին վրայ։ Եկած եմ տխուր եզրակացութեան մը.  քսանմեկերորդ դարուն, փոքր երկիրներու գոյութիւնը միայն մեծերու հաշիւներուն համապատասխան ըլլալուն մէջ է, գոյութիւն կ’ունենան եթէ գերպետութիւններուն վնաս չեն ներկայացներ եւ շատ յաճախ երբ անոնք պատուար կը հանդիսանան երկու հզոր պետութեանց միջեւ շփման գիծը հեռացնելու իմաստով։ Մեր պարագային նոյնպէս, մեր գոյութիւնը պայմանաւորուած է գերպետութեանց եւ շրջանային ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեանց հաշուին, այլապէս եթէ բոլոր մեր հարեւաններուն համար  միասնաբար նպատակայարմար ըլլար մեր վերացումը, այդ անկարելիութիւն մը չէր, որովհետեւ մենք զուրկ ենք մեր գոյութիւնը մինչեւ վերջ պահպանելու համար պետք եղած ամէն ինչէ, սկսած մարդկային ներուժէն մինչեւ տնտեսական, ռազմական, ռազմարդիւնաբերական եւ միւս  կառոյցներն ու համակարգերը։ Հետեւաբար կը կարծեմ որ մեզի համար լաւագոյն ռազմավարութիւնը պիտի ըլլար ամէն գնով ջանալ պահպանել ներկայ իրավիճակը ( status quo )մինչեւ որ մենք խելքի գանք ու փոխանակ ամէն առիթ օգտագործենք պետութիւնը տկարացնելու պարզապես իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար, նուիրուինք պետութիւն կառուցելու դժուարին եւ հետեւողական աշխատանքին, գոյացնելով առողջ եւ կառուցողական ընդդիմութիւն, կառավարողներուն զգաստացնելու եւ ճիշտ ուղղուն բերելու համար, եւ ամենքով լծուինք երկիրը ամէն միջոցներով հզորացնելու։ Այդ նպատակին հասնելու համար նախապայման է որ գիտակցինք որ մենք ամէն ինչով մեր հարեւաններէն ետ ենք, եւ քանի արդէն ուշացած ենք այս մրցավազքին մէջ, պարտինք մենք մեզ գերազանցել ու մղուիլ կրթելու մեր սերունդները, անոնց ջամբելով ամենաբարձր մակարդակի գիտութիւն որ ունենանք ֆիզիկոսներու, մաթեմաթիկոսներու, ճարտարագետներու, ճարտարապետներու, բժիշկներու, քաղաքագետներու, դիւանագետներու, տնտեսագետներու եւ այլ մասնագիտութիւններու բանակ։ Մենք այս կրթութեան մակարդակին հասնելէ ետք ալ թերեւս  չկարենանք մրցակցիլ հարեւաններուն հետ քանի իրենք վստահաբար ձեռնածալ պիտի չմնան, սակայն գերպետութիւններու հաշիւներուն մէջ գուցէ ի նպաստ մեզ փոփոխութիւն կը յառաջացնենք, առնուազն տնտեսական ներդրումներու հոսքի առումով։ Վերջապէս տգէտ, հետամնաց, ու թոյլ պետութիւն մը ոչ մէկուն ալ պետք չէ, ինչ փոյթ որ հազարամեակներու պատմութիւն ունի։ 

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *