Հայաստան

Սփյուռք-Հայաստան Միասնություն

Երկու ընկալումներ պէտք է ըլլան: Սփիւռքը պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանը այն երկիրն է, ուր ինքզինք բոլորովին ազատ կրնայ զգալ, անկախ քաղաքական, ռազմական, կուսակցական դրութիւններէն, իսկ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ Սփիւռքը միակ վայրն է, ուր ինք կրնայ դիմել, երբ զինք նեղ կացութեան կը մատնեն: Այս գիտակցութիւնը երկուստեք պէտք է պահպանենք:


«Սփիւռքը Որոշ Ժամանակի Կառավարման Համակարգէն Հիասթափութիւն Ապրելով՝ Երես Պէտք Չէ Դարձնէ Հայաստանէն»

by Asbarez StaffAugust 10, 2022

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊՌՈՇԵԱՆ ԳԻՒՂԻ «ՀԵՐՈՍՆԵՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑԻ (ՅԱԿՈԲԵԱՆ) ՀԵՏ

Գէորգ Թորոյեան յատուկ «Ասպարէզ»ի համար հարցազրոյց մը ունեցաւ Պռոշեան գիւղին մէջ գտնուող «Հերոսների վերականգնողական քաղաք»ի նախաձեռնող Սուրէն Արեենցի հետ:

Վարեց Գէորգ Թորոյեան։

Ստորեւ՝ հարցազրոյցը.

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պրն. Սուրէն, նախ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնէք, թէ ի՛նչ է «Հերոսների վերականգնողական քաղաք»ը:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Նախ շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար, որովհետեւ Սփիւռքի մամուլը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ Հայաստանը առանց Սփիւռքի եւ Սփիւռքը առանց Հայաստանի գոյութիւն չեն կրնար ունենալ:

Պատերազմէն ետք, երբ իմացանք, որ ֆիզիքապէս վիրաւորներու թիւը աւելի քիչ է քան հոգեբանական վնաս ունեցող զինուորներու քանակը՝ մեր խմբակը, որ պատերազմին ընթացքին վիրահատական պարագաներ եւ դեղորայք կը հասցնէր սահմանը, որոշեց հոգեբանական մասնագիտացուած կեդրոն մը հիմնել: Սփիւռքահայեր, որոնք պատերազմի օրերուն մեզի կ՛աջակցէին, մեզի նուիրեցին հողակտոր մը, ուր հիմք դրինք Հայաստանի մէջ առաջին անգամ նեղ մասնագիտական-հոգեբանական կեդրոնի մը: Կեդրոնը նոր ձեւաչափ է Հայաստանի համար. այստեղ ընկերային ծրագիրներու, վերականգնողական, ընդհանուր նոր ապրելակերպի հետ զուգահեռ, հոգեբանական եւ հոգեվերականգնողական  ծառայութիւններ կը մատուցենք, պատերազմին մասնակցողներուն, զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ անոնց, որոնք հոգեբանական հարցը յառաջ եկած է պատերազմին ընթացքին կամ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով: Խօսքը 12,000 եւ աւելի մարդոց մասին է: Այս թիւին մէջ չեն ներառնուած հասարակ քաղաքացիները կամ զինուորական հրամանատարական կազմը:

Կեդրոնի առաջին բացումը կատարեցինք  25 Դեկտեմբեր 2021ին եւ եօթը ամսուան մէջ յաջողեցանք ունենալ 165 քառ .մեթր շինութիւն, ուր ամսական 150 պարագաներ հոգեբանական եւ հոգեբուժական ծառայութիւններ ստացած են: 2022ին, մենք բացինք տարածաշրջանին մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող թուայնացուած եռաչափ վախերու կառավարման Քեարամ Սլոյեանի անուան սենեակը եւ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հիմը դրուեցաւ հոգեբանական թուայնացուած բուժման, այս ձեւով, մենք կրցանք բուժման ընթացքը արագացնել: Կեդրոնը ունի նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ, այլ խօսքով ամէն ինչ կ՛օգտագործենք ՝մարդու ջղային համակարգը հանգստացնելու համար: Պատերազմէն ետք, թիւր կարծիք կար, որ մարդը եթէ ոտքի վրայ է եւ գանգատ չունի, բայց ինքզինք հանգիստ չզգար, այդ մէկը բնական է եւ հարց չկայ: Նոյնիսկ Հայաստանի առողջապահական համակարգին մէջ հոգեբանի դերակատարութեան մասին դրոյթ չկայ, այսինքն՝ օրէնսդրական շատ բացեր կան:  Կեդրոնը պետութեան հետ կ՛աշխատի, որպէսզի կարենանք հոգեբանական բուժումը հասցնել նոր մակարդակի: Այսօր, մեր առաջնահերթ հարցը հացատունը աւարտելն է, հոգեկան բուժման ջրվէժը, որպէսզի ֆոնտեր բանանք նոր շէնքի մը համար, ուր մարզերէն եկողներուն համար մէկ-երկու ամիսով գիշերելու հնարաւորութիւն կը տրուի, որպէսզի 24ժամեայ վերահսկողութեան տակ գտնուին: Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ Արէն Մեհրապեանի անուան գրադարան, որովհետեւ մենք կրթութեամբ ալ պիտի պայքարինք եւ հոգեբանական բուժումը կարելի չէ առանց մտաւոր զարգացման:

Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ IT ոլորտի բաժանմունք, եւ այն զինուորները, որոնք պատերազմէն ետք վերապատրաստուած են, թէ՛ իրենք աշխատանք կ՛ունենան եւ թէ կեդրոնը նիւթապէս եկամուտ կը սկսի ունենալ:

Այստեղ ունինք նաեւ մեծ այգի՝ 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ: Հոգեբանական արդի բուժման մէջ բնութիւնը կարեւոր դերակատար է եւ առանց անոր մարդը չի կրնար ամբողջական կեանքին մէջ մտնել: Կեդրոնին նպատակն է՝ նաեւ մարզերուն մէջ ունենալ փոքր մասնաճիւղեր եւ զինուորները առանց Պռոշեան գալու, պիտի միանան մեր VR ցանցին, որ համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնին միացուած է, եւ այս ձեւով բուժումները կրնանք բազմապատկել:

Ծրագրած ենք 2023ի վերջաւորութեան աւարտել ամբողջ ծրագիրը՝ այսինքն կեդրոնը ամբողջական ձեւով պիտի սկսի աշխատիլ եւ այդ պարագային ամսական բուժումը կը հասնի 300ի, որ Հայաստանեան չափանիշով մեծագոյն թիւն է:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայք։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *