ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Քրիստափորեան Ուղիով

Դժբախտաբար, հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը չանսաց բովանդակ հայութեան իղձերուն, երազներուն եւ արդար պահանջին: Արցախեան պահանջատիրութիւնը վիժեցուցին իր բնական հունէն՝ ոտնակոխ ընելով Հայաստանի իրաւական բոլոր որոշումները: Հայաստանի անկախութենէն ետք, անուղղակի վերադարձ կատարուեցաւ գծուած քարտէսներու հոգեվիճակներուն եւ քաղաքականութեան:

Գէորգ Թորոյեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի կեդրոնական դէմքը անկասկած Քրիստափոր Միքայէլեանն է: Անկախ հիմնադրութեան մէջ իր նշանակալից դերակատարութենէն եւ ամբողջ 15 տարիներ յեղափոխականի իր անխոնջ պայքարի արգասիքէն, ան նաեւ գաղափարական-քաղաքական նոր ուղղութիւն եւ աշխարհայեացք մը բացաւ Դաշնակցութեան ճամբով, հայ քաղաքական միտքին մէջ:

Կարդալով անոր գրութիւնները, որոնք մէկտեղուած եւ հրապարակուած են «Յեղափոխականի Մը Մտքերը» անուան տակ, կը հասկնանք, որ Քրիստափոր Միքայէլեան քաղաքական միտքի դարբնոց է եւ տեսանող:

«Պատռել է հարկաւոր քարտէզների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած քարտէզները. ջնջել է հարկաւոր, այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում: Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չի կարող բաժանել մի ժողովուրդի, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի կռուելու անսասան վճռականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»:

Շուրջ հարիւր քսան տարիներ առաջ գրուած այս տողերով, ան կը մերժէր արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստաններու արհեստական բաժանումը եւ այդ սահմանները գծողները՝ Ռուսիոյ ցարը եւ օսմանեան սուլթանը կ՛անուանէր աւազակապետներ: Ան համոզուած էր, որ ոեւէ ժողովուրդի մը հայրենիքի խլումը եւ օտարացումը իր բնիկներէն, աւազակութիւն էր: Քրիստափոր կը մերժէր ճանչնալ այդ աւազակապետերու կողմէ կատարուած կամայական բաժանումները, եւ կը հաւատար, որ անոնք մնայուն չեն եւ կայ միայն մէկ եւ միացեալ Հայաստան:

Սահմանները եւ ստրկացման բոլոր բռնամիջոցները անզօր են, երբ կայ ընդհանուր շահերու գիտակցութիւնը: Այս ինքնին մեծ յեղափոխականին կողմէ պատգամ մըն է՝ վեր բարձրանալու տարբեր հատուածականութիւններէ եւ ազգային գիտակցութեամբ գործելու հայութեան հաւաքական շահերուն ի խնդիր:

Քրիստափոր կը հաւատար հայութեան միացեալ ուժերու արդիւնքին. Աւելին՝ ան ոչ միայն հայութեան կոտորակման կանխումը կը տեսնէ հայութեան միասնական ուժին եւ հաւաքականօրէն պայքարելու անոր կամքին, այլեւ ժողովուրդի փրկութիւնը անոր հաւաքական գիտակցութեամբ կը պայմանաւորէ: Մէկ եւ միասնական հայութիւնը հաւաքականօրէն կրնայ իր ազատագրումի ճամբան բանալ: Ան կը գիտակցէր, որ բաժան-բաժան եղած հայրենիքը վերջապէս կորստեան պիտի մատնէ հայ ժողովուրդը, եւ, հետեւաբար, կոչ կուղղէր՝ քարտէսներու վրայ գծուած սահմանները շրջանցելու, դառնալու մէկ ժողովուրդ, որ միասնական պայքարով մէկընղմիշտ վերացնէ նոյն ժողովուրդին միջեւ եղող բաժանարար բոլոր գիծերը եւ սահմանները:

Քրիստափորի այս պատգամը միայն յեղափոխական կռիւ մղելու պարունակին մէջ պէտք չէ հասկնալ, այլապէս անիկա կը դատարկուի իր էութենէն եւ խորքային բովանդակութենէն:

1988ին ծայր առած Արցախեան շարժումը Քրիստափոր Միքայէլեանի մատնանշած աւազակապետներու կողմէ գծուած քարտէսները պատռելու կոչին փաստացի արտայայտութիւնն էր: Ստեփանակերտի մէջ պահանջատիրական ցոյցերուն արձագանգելով՝ առաջին հերթին հայրենի մեր ժողովուրդը, ապա սփիւռքահայութիւնը, իրենց հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ պատռեցին Լենին-Ստալին-Աթաթուրք աւազակապետներու կողմէ գծուած քարտէսները եւ ոչ միայն ներկայացան իբրեւ սոսկական պահանջատէրներ, այլեւ, ինչպէս մեծ յեղափոխականը կ՛ըսէ, ունեցան անսասան կռուելու վճռականութիւն եւ կերտեցին Արցախեան առաջին պատերազմի փառահեղ յաղթանակը;

Դժբախտաբար, հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը չանսաց բովանդակ հայութեան իղձերուն, երազներուն եւ արդար պահանջին: Արցախեան պահանջատիրութիւնը վիժեցուցին իր բնական հունէն՝ ոտնակոխ ընելով Հայաստանի իրաւական բոլոր որոշումները: Հայաստանի անկախութենէն ետք, անուղղակի վերադարձ կատարուեցաւ գծուած քարտէսներու հոգեվիճակներուն եւ քաղաքականութեան: Շատ հաւանաբար, օտար միջամտութիւններ եւ թելադրանքներ ունեցան իրենց որոշիչ բայց կործանիչ դերակատարութիւնը: Նոյնիսկ Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը բաժանուած հայութիւնը չվերամիաւորեց, որուն պատճառով զինուորական յաղթանակը չյաջողեցանք վերածել քաղաքական յաղթանակի: Իսկ Հայաստանի անկախութենէն ասդին, արհեստականօրէն ծնունդ առաւ Հայաստանցի, արցախցի, եւ սփիւռքահայ եզրոյթը, որ միայն աղէտ բերաւ հայ ժողովուրդին:

2020ի Արցախեան պատերազմը ոչ միայն դրսեւորեց բաժանումները եւ տարակարծութիւնները, այլեւ աւելի խորացուց վիհը հայութեան ոչ միայն երեք հատուածներուն միջեւ, այլեւ իւրաքանչիւր հատուած բաժան-բաժան եղաւ, դժբախտաբար:

Այսօր, երբ Արցախը եւ Հայաստանը վիրաւոր են, իսկ Սփիւռքը՝ շփոթահար, երբ Ատրպէյճան թշնամին քայլ առ քայլ կը սողոսկի հայկական լեռնաշխարհը, երբ նորօրեայ աւազակապետներու գծած քարտէսներով Բերձորը պիտի յանձնուի թշնամիին, հայ ժողովուրդը՝ իբրեւ քաղաքայան միաւոր լուռ է եւ հետեւող, թէ ինչպէ՛ս բզիկ-բզիկ կը դառնայ իր պատմական հայրենիքը: 1988ի ոգին, շունչը եւ կամքը ամբողջութեամբ կը բացակային մեր կեանքէն:

Քրիստափոր Միքայէլեանի պատգամը աւելի քան այժմէական հրամայական մըն է այսօր, մեր ժողովուրդը իր թմբիրէն հանելու, դուրս վանելու քաղաքական այն ուժերը, որոնք չեն ցոյացներ հայ ժողովուրդի դարաւոր արդար իրաւունքներուն պահանջատիրական ոգին եւ մեր հայրենիքի սահմանները մեր ձեռքով գծելու վճռականութեամբ համախմբուելու հայկական պետականութեան շուրջ:

Հաւաքական շահերու այս գիտակցութեամբ կրնանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, եւ Քրիստափորեան ուղիով եւ շունչով շարունակել պատմական մեր երթը:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *