ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Սփիւռքի Բռնցքացման Համար

Փաստօրէն մինչեւ այսօր, Հայաստանի պետութեան եւ ժողովրդավարութեան սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգներուն դէմ պայքարելու եւ Թրքական/Ռուսական դեսպանատուներու առջեւ ցոյցեր կազմակերպելու փոխարէն՝ արտաքին ճակատի վրայ նախընտրուեցաւ վարկաբեկել ՀՀ պետական ներկայացուցիչներ (դեսպան, նախարար, վարչապետ եւ այլ)։

Յարութ Գալայճեան

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Հայկական Սփիւռքը ՉԿԱՐՈՂԱՑԱՒ  իր գոյութեան տալ նոր արժէք եւ իր առաքելութիւնը վերաիմաստաւորել՝ պայքարելով հայոց նոր պետականութեան ամրապնդման ի խնդիր, այլ մնաց ու գործեց գաղութային տրամաբանութեամբ, անինքնուրոյն, թմբկահարելով Հայաստանի մէջ տակաւ առ տակաւ արմատաւորուող օլիկարգային մտայնութիւնը, որ խլիրդանման զարգացումներով մեր երկիրը հասցուց Նոյեմբեր 9-ի Ազգային Ամօթին։ Ու մինչեւ այսօր, սփիւռքը կը շարունակէ ապրիլ անմիաբան, անտէր, անտեսլական։ 

Սփիւռքի այդ ահաւոր նահանջի պատճառները բազմազան են, որոնցմէ հիմնականները երկուքն են՝1- Սփիւռքահայ մտաւորական վերնախաւի բացակայութիւնը։ 2- ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան/ Յանձնակատարութեան ձախողումը։  

Փաստօրէն մինչեւ այսօր, Հայաստանի պետութեան եւ ժողովրդավարութեան սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգներուն դէմ պայքարելու եւ Թրքական/Ռուսական դեսպանատուներու   առջեւ ցոյցեր կազմակերպելու փոխարէն՝ արտաքին ճակատի վրայ նախընտրուեցաւ վարկաբեկել ՀՀ պետական ներկայացուցիչներ (դեսպան, նախարար, վարչապետ եւ այլ)։ 

Իսկ ի՞նչ ըրաւ Հհ Սփիւռքի Յանձնակատարը։ Փոխանակ հասարակ-յայտարար գիծեր որոնելու եւ ամրագրելու, բոլոր կողմերէն՝ գիտական/մտաւորական ուղեղներ հաւաքագրելու ու մէկ սեղանի շուրջ համախմբելու եւ երկարաշունչ  օրակարգ բանաձեւելու՝ Յանձնակատարը նախընտրեց աւանդական ոճով՝ հակադրութիւններ սրող հրապարակային ելոյթներ/մեկնաբանական ասուլիսներ  կազմակերպել։ Այդ բոլորի ցաւոտ հետեւանքը եղաւ այն՝ որ կարգ մը սփիւռքահայերու մուտքը արգիլուեցաւ Հայաստան։ 

Այլ առիթով գրած եմ, որ որեւէ հայ, յատկապէս սփիւռքի մէջ, երբ ՀՀ պետական խորհրդանիշ կ՚անպատուէ՝ արժանի է ոչ միայն նախատինքի այլեւ՝ նախազգուշական միջոցներու կիրարման, բայց ոչ անսահամանափակ պատջամիջոցներու գործադրման։ Վերջին հաշուով, եթէ պատիժը վրէժխնդրական բնոյթ չունի եւ խորքային է ու դաստիարակչական, ուրեմն պէտք է ունենայ կառուցողական շարունակականութիւն եւ դրական հետեւանքներ, որոնց զուգահեռ՝ արժէ՜ վերանայումներ կատարել կամրջային տրամաբանութեամբ:

Եւ այդ ողջամիտ տրամաբանութեան հարթակին վրայ, առաջին քայլը պարտաւոր է առնել ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, յարաբերական նոր խողովակներով եւ ԱԺ-ին Հայաստան-Սփիւռք բեղմնաւոր գործակցութեան համար օրենսդրական բարեփոխումներ առաջադրելով։ 

Մեր պետութեան անյետաձգելի հզօրացման համար ի վերջոյ  կենսական նշանակութիւն է անդրադառնալ, որ սփիւռքը բռնցքաւորելու ճանապարհին՝ անտեղի են եւ գուցէ վնասակար՝ Մ.Փափազեաններու մուտքը Հայաստան արգիլող կտրուկ եւ «անվերանայելի» պատժամիջոցները եւ  գրեթէ նոյն տրամաբանութեամբ՝ արդիւնաւէտ չեն բնաւ՝ Սինանեանական ծիրին մէջ սահմանափակուող կիսակառուցողական եւ անբարեխառն մթնոլորտը։ 

Եւ վերջապէս, Հայաստանի Վերանկախացման մօտալուտ տօնին առիթով եւ յանուն անզուգական Չարենցին՝ ՀՀ Կառավարութիւնը պարտի անյապաղ գտնել ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ՝  Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները մեր պետական պահանջներու արդիական տարազաւորուման ենթարկելով եւ փոխ-ներգործութեան ճամբով ստեղծել համայն աշխարհին շահագրգռող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆԽՈՐՏԱԿԵԼԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *