Խորհրդային կարգերու փլուզումէմ ետք, մեզի ընձեռուած անկախութեան առաջին օրերուն, մեր ժառանգած բազմաթիւ տնտեսական կռուանները սեփականաշնորհելով՝ մենք փաստօրէն մեր հետագայ զարգացման յենասիւնները կամաւոր կերպով փճացուցինք եւ կործանեցինք, որուն պատճառով հարիւր հազարաւոր մարդիկ անգործ մնացին եւ ստիպուած հեռացան երկրէն:
Աւօ Պօղոսեան
Չինացի ռազմագէտ, փիլիսոփայ եւ զինուորական Սուն Ցուի կը վերագրեն հետեւեալ իմաստուն խօսքը. «Խաղաղութեան ժամանակ պատրաստուիր պատերազմի, պատերազմի ժամանակ՝ խաղաղութեան»:
Այս իմաստութեան լաւագոյն կիրարկող երկիրներէն է մեր նման աշխարհագրական պայմաններու մէջ գտնուող, լեռներով շրջապատուած եւ մեկուսացած Զուիցերիան:
Զուիցերիան երկու Համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին կրցաւ իր չէզոքութիւնը պահել եւ չմիացաւ որեւէ ռազմական ճամբարի, սակայն խուսափեցաւ գերմանական հաւանական ներխուժումէն՝ առաւելաբար իր բարձրաբերձ լեռներուն եւ անդնդախոր ձորերուն շնորհիւ, սակայն, անիկա իր ապահովութիւնը չվստահեցաւ՝ ապաւինելով միայն իր լեռներուն եւ աշխարհագրական դժուար անցանելի դիրքին, այլ՝ իրեն շնորհուած խաղաղութեան ընթացքին, ամէնէն լուրջ ձեւով պատրաստուեցաւ հաւանական որեւէ պատերազմի վտանգին:
Այդ պատրաստուածութեան տարողութիւնը ընկալելու համար, անհրաժեշտ է ներկայացնել մանրամասնութիւններ:
Զուիցերիոյ տարածքին, գետերու եւ կիրճերու վրայ կան 40,000 կամուրջներ, 2000 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեամբ առաւել քան 1300 փապուղիներ (tunnels), որոնք թէ՛ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութիւնը կը դիւրացնեն եւ թէ երկրի ապրանքներու ներքին արագ փոխադրութիւնը եւ քաղաքները ու շրջանները իրար միացնող 5323 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեամբ երկաթուղիներ:
Զուիցերիացիները այս բոլոր ենթակառոյցները ականապատած են գերհզօր պայթուցիկ նիւթերով, որպէսզի մէկ կոճակի սեղմումով քանդուին՝ ներխուժող բանակի շարասիւնները թաղելով անոնց տակ: Աւելին, քաղաքները եւ ամէնէն յետին գիւղերը օժտած են միջուկային պատերազմի պարագային ամրակուռ ստորգետնեայ պատսպարաններով, ուր նոյնիսկ անհրաժեշտ պիտոյքները եւ ինքնապաշտպանութեան սպառազինութիւնը ամբարուած են:
Ինքնապաշտպանութիւնը կատարեալ դարձնելու համար, այսօր բնակչութեան մինչեւ 44 տարեկան այր մարդիկ ենթակայ են պարտադիր զինուորագրումի, այսինքն՝ 18 շաբաթ լուրջ մարզումի, նաեւ տարին քանի մը շաբաթ վերամարզումի՝ մինչեւ աւարտեն ընդհանուր 245օրեայ ծառայութիւնը: Այս բոլորը բնակչութիւնը կը դարձնեն մարտական գործողութիւններու վարժ՝ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:
Ռազմական ոլորտի արդիականացումը եւ երկրի պաշտպանութեան կատարելագործումը, սակայն, բաւարար չեն երկիրը հզօրացնելու: Հզօր տնտեսութիւն ունենալը նոյնքան կարեւոր է եւ մրցունակութիւնը՝ նախապայման, մանաւանդ նկատի ունենալով որ Զուիցերիա ծով ունեցող երկիր չէ եւ արտադրութեան փոխադրութիւնը դէպի արտաքին շուկայ յաւելեալ ծախս կ՛ենթադրէ: Այս անպատեհութիւնը մասամբ մեղմացուած է նախ անոր ամէնէն մօտիկ ծովերէն շատ հեռու չգտնուելուն, ապա՝ դրացի երկիրներուն՝ զարգացած եւ քաղաքակիրթ ըլլալնուն պատճառով:
Զուիցերիա նաեւ բախտաւոր է այն առումով, որ եւրոպական մեծ պետութիւնները անցեալ դարերուն, իրար միջեւ երկարատեւ արիւնալի պատերազմներէ ետք նախընտրած են իրենց միջեւ ունենալ պատուար-չէզոք պետութիւն մը. առ այդ, հաշտ աչքով կը վերաբերին այս փոքր երկրի գոյութեան:
Այսուհանդերձ, հակառակ այս դրական պայմաններուն, զուիցերիացիները ժամանակին արթնութիւնը ունեցած են իրենց տնտեսութիւնը զարգացնելու այնպիսի ոլորտներու մէջ, ուր փոխադրութեան ծախսը նուազագոյնն է եւ մանաւանդ իւրայատուկ: Անոնք որդեգրած են ծառայութիւններու ճարտարարուեստը՝ ինչպէս դրամատնայինը, որ կը կազմէ տնտեսութեան 75 տոկոսը, ճշգրիտ առարկաներու արտադրութիւններու, ժամացոյցերու եւ բարձրորակ սպառողական ապրանքներու, աշխարհահռչակ տուրմերու, քիմիական նիւթերու, դեղորայքի եւ ելեկտրական ու մեքենական բազմաթիւ բարձրորակ գործիքներու արտադրութիւնը:
Այս արտադրողական կատարելութեան հասնելու համար, անոնք կազմակերպած են բարձր մակարդակի անվճար կրթական համակարգ մը՝ պարտադիր ուսում մինչեւ 15 տարեկան, այսինքն ինն տարի, իսկ անկէ ետք, միայն լաւագոյնները կը շարունակեն երկրորդական երեք տարիները համալսարան մուտքէն առաջ: Մնացեալները, որոնք կ՛ուզեն հմտանալ արհեստներու մէջ՝ կը յաճախեն արհեստներու վարժարաններ, ուր երեք տարիներու ընթացքին կը մասնագիտանան իրենց ընտրած ոլորտին մէջ: Այսպիսով, գործարանները կ՛օժտուին բարձրորակ մասնագէտներով, ճարտարագէտներով, իսկ երկիրը՝ լաւագոյն գիտաշխատողներով:
Որպէսզի միայն եւրոպական երկրի մը օրինակով չբաւարարուինք՝ նշենք ուրիշ օրինակ մը եւս տարբեր աշխարհագրական վայրէ մը: Լիբանանի օրինակը հետաքրքրական պիտի ըլլայ: 2000ին, իսրայէլեան հզօր բանակը ստիպուած հեռացաւ հարաւային Լիբանանի մէջ յառաջացած իր դիրքերէն, վարժ չըլլալով երկրի այդ շրջաններուն մէջ շիի մարտիկներու կիրառած փարթիզանական կռիւի մարտավարութեան: Վեց տարի ետք, իսրայէլացիները դարձեալ ներխուժեցին հարաւային Լիբանան, աւելի արդիական զէնքերով, սակայն այս անգամ ալ նոյն այդ շիի համայնքի կիսազինուորական միաւորները, արդէն վեց տարիներու անդորրէն օգտուելով՝ աննկատօրէն եւ գերազանց կազմակերպուածութեամբ սահմանային գօտիին մէջ բազմաթիւ գաղտնի գետնափոր պատսպարաններ կառուցած էին: Յառաջացած զինուորական գումարտակներու թիկունքին յայտնուելով, դարանակալ զինեալները դուրս գալով իրենց թաքստոցներէն՝ բազմաթիւ զոհեր պատճառեցին անոնց եւ պարտադրեցին նահանջել իրենց ելման կէտերը, սահմանէն անդին: Իսրայէլական բանակը պարտուած էր:
Այս երկու օրինակները, ինչպէս կը տեսնենք, խիստ նման են մեր իրավիճակին՝ առաջինի պարագային մեկուսացած աշխարհագրութեամբ, իսկ երկրորդին՝ դիմադրութեան կարելիութեամբ: Նոյն օրինակները տարբեր են մեր իրավիճակի բացասական պայմանները չէզոքացնելու եւ յաղթահարելու քաղաքականութեան բացակայութեան տեսանկիւնէն:
Խորհրդային կարգերու փլուզումէմ ետք, մեզի ընձեռուած անկախութեան առաջին օրերուն, մեր ժառանգած բազմաթիւ տնտեսական կռուանները սեփականաշնորհելով՝ մենք փաստօրէն մեր հետագայ զարգացման յենասիւնները կամաւոր կերպով փճացուցինք եւ կործանեցինք, որուն պատճառով հարիւր հազարաւոր մարդիկ անգործ մնացին եւ ստիպուած հեռացան երկրէն: Մինչ նոյն այդ թալանուած գործարանները կարելի էր արդիականացնել եւ յարմարցնել նոր աշխարհաքաղաքական դրութեան, որուն մէջ յայտնուած էինք եւ տնտեսութիւնը զարգացնել: Իսկ կրթական համակարգը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին տուած էր բազմաթիւ գիտաշխատողներ ու զարգացած սերունդներ, անկախութենէն ետք արժեզրկուեցաւ տիրող նոր նիւթապաշտ բարքերուն պատճառով, իսկ ուսումը եւ կրթութիւնը դարձան ոչ-պիտանի արժէքներ:
Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակէն ետք, հետեւելով Սին Ցուի իմաստուն խօսքին, պէտք էր գէթ լիբանանեան օրինակին հետեւէինք եւ նոյն կերպ պատրաստուէինք: Մինչ Լիբանանի հարաւը ռազմավարական իմաստով անտառներէ եւ բարձունքներէ գրեթէ զուրկ է, Արցախի տեղանքը լեռնային եւ անտառապատ է, ուր հազարաւոր ամուր եւ անտեսանելի թաքստոցներ կրնայինք պատրաստել, կանխատեսելով այս երկրորդ պատերազմը:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից: