Հայաստան

Խաղաղութեան Մեռեալ Օրակարգը

Ռուս-ուքրանական պատերազմը քաղաքական պարգեւ մըն էր, որ տրուեցաւ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին։ Ռուսական կողմի թուլացումը պատճառ դարձաւ, որ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան քաղաքական շարունակականութիւնը կանգ առնէ։ Արեւմուտքը արդէն սկսած է թափանցել տարածաշրջան եւ ռուս-թրքական ծրագիրի իրագործման արգելք հանդիսանալ։

Գէորգ Թորոյեան

2020 Նոյեմբեր 9ի յանձնուողական յայտարարութենէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրեցին խաղաղութեան օրակարգը։ Նոյն այս օրակարգով, ներկայ վարչակազմը կազմակերպեց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ժողովուրդի վստահութեան քուէն ստանալով, ինքզինք աւելի ապահով զգաց Հայաստանի հարեւան-թշնամիներուն հետ երկխօսութեան ձեռնարկելու։

Թէ՛ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ եւ թէ անկէ ետք, Ատրպէյճան ոչ միայն չյարգեց Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները (գերիներու ազատ արձակում, զինադուլի յարգում, Բերձորի միջանցքի անխափան գործունէութիւն եւայլն), այլ նաեւ երեք անգամ պատերազմ ձեռնարկեց Հայաստանի դէմ։ Միաժամանակ, բազմաթիւ անգամներ Արցախի խաղաղ բնակիչներ թիրախ դարձան Ատրպէյճանի բանակի դիպուկահարներուն, տեղի ունեցան Խծաբերդի, Փառուխի, բռնագրաւումները։ Անցեալ տարի ատրպէյճանցիներուն կողմէ փակուեցաւ Արցախ ուղղուող կազատարը։ Իսկ թէ՛ պետական, թէ՛ լրատուական-քարոզչական մակարդակներու վրայ, ատրպէյճանցիները կը յոխորտան ոչ միայն Սիւնիքի միջանցքի պահանջով, այլ նաեւ Սեւանայ լիճը, Երեւանը խլելու սպառնալիքով։ Իսկ այս Դեկտեմբերի սկիզբին Բերձորի անցքին փակումը, ատրպէյճանական հերթական ճնշումն է Հայաստանի վրայ, խաղաղութեան անոր պատկերացումներուն տեղի տալու։

Դժբախտաբար, հայ քաղաքական միտքը ճշգրիտ գնահատականը չտուաւ 44օրեայ պատերազմին։ Չհասկցանք, որ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս պատերազմին շարունակութիւնն է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, տակաւին չենք ուզեր հասկնալ որ Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութիւնը շարունակուող օղակն է Քեմալ-Լենին 1920ի համաձայնութեան, որով Հայաստանը իբրեւ մանրադրամ բաժնեցին իրենց միջեւ։

44օրեայ պատերազմը տեղադրել միմիայն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան ծիրէն ներս, մեծագոյն սխալն է, որ ինքզինքին թոյլ կրնայ տալ քաղաքական որեւէ ուժ։ Միայն Մինսքի խմբակի անցեալի գործունէութիւնը անոր վառ ապացոյցն է։ Եւ այս հանգամանքը, դժբախտաբար, երեք տասնամեակ ականջի ետեւ նետեցինք։ Հետեւանքը՝ 44օրեայի մեր պարտութիւնն էր։

Ռուս-ուքրանական պատերազմը քաղաքական պարգեւ մըն էր, որ տրուեցաւ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին։ Ռուսական կողմի թուլացումը պատճառ դարձաւ, որ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան քաղաքական շարունակականութիւնը կանգ առնէ։ Արեւմուտքը արդէն սկսած է թափանցել տարածաշրջան եւ ռուս-թրքական ծրագիրի իրագործման արգելք հանդիսանալ։ Այս պարունակին մէջ պէտք է տեսնել Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումը եւ ռուսական անկարողութիւնն ու չկամութիւնը։

Սակայն միջանցքի փակումը նաեւ քաղաքական խաղաթուղթ մը տուաւ Հայաստանին։ Անցնող շաբաթ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ Բերձորի անցքի փակման քննարկումը, ինքնըստինքեան թէ՛ անցքին եւ թէ առհասարակ Արցախի հարցին միջազգայնացումն էր, թէկուզ մարդասիրութեան պիտակին տակ։ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին խօսք առնողները, որոնք շեշտեցին անցքի բացման անհրաժեշտութիւնը, անուղղակիօրէն ընդունեցին Արցախի հարցի գոյութիւնը, զորս Ատրպէյճան աւելի քան երկու տարի է կը հերքէ։ Այս փաստը պէտք է օգտագործուի հայկական դիւանագիտութեան կողմէ, առաջ մղելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Եթէ 30 տարի Հայաստանի իշխանութիւնները խաբեցին սեփական ժողովուրդին, թաքցնելով բանակցութիւններու ընթացքը, այն սին պատրանքը ստեղծելով, որ կը բանակցին Արցախի կարգավիճակին շուրջ, ապա այսօր Ռուսիոյ թուլացումով եւ Ատրպէյճանի ոչ-ճիշդ հաշուարկներու բերումով Հայաստանին տրուած է առիթ մը Արցախի կարգավիճակի հարցը բարձրացնել միջազգային ատեաններու մէջ եւ զայն ներկայացնել թէկուզ իբրեւ մարդասիրական խնդիր։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները կը յուշեն, թէ խաղաղութիւն առայժմ չկայ։ Մեզի տրուած խաղաղութեան այս պահը հանգրուան մըն է, որ կրնայ երկար չտեւել։ Արեւմուտքի կողմէ խաղաղութեան եւ կայունութեան կոչերը եւս հանգրուանի մը համար են, որմէ պէտք է առաւելագոյնս օգտուինք։

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներէն գլխաւորը Արցախի եւ արցախահայութեան գոյութեան հարցերն են։ Ոչ իշխանութիւնները, ոչ ալ ընդդիմութիւնը այլեւս իրաւունք չունին կեղծ օրակարգերով ներկայանալու ժողովուրդին, որ յոգնած է արդէն անոնց լեզուակռիւներէն եւ փոխադարձ անիմաստ մեղադրանքներէն։

1994ին պարտուած Ատրպէյճանը 25 տարի չգնաց խաղաղութեան եւ համբերատար կերպով բանակցելով, ժամանակ շահելով, հզօրացաւ այնքան, որ ձեռնարկեց պատերազմի եւ այսօր խաղաղութեան կոչեր հնչեցնող Երեւանին կը սպառնայ նոյնինքն Երեւանի գրաւումով։

Ատրպէյճանի խաղաղութեան պատկերացումը 1915ի Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։ Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հայկական կողմին խաղաղութեան պատկերացումը պարտադրել Ատրպէյճանին ։ Ահաւասիկ այս հարցումին պարտաւոր են պատասխանել Հայաստանի քաղաքական ուժերն ու իշխանութիւնները։

Ինչպէս նշեցինք. առանց 44օրեայ պատերազմի քաղաքական ճշգրիտ գնահատականը տալու, առանց ընդունելու իւրաքանչիւրիս յանցաւոր մեղսակցութիւնը այդ պարտութեան, մենք պիտի շարունակենք խարխափիլ հերոսներ եւ դաւաճաններ փնտռելու ոլորապտոյտին մէջ։ Թշնամիին ցանկութիւնն ալ այդ է։

Արցախի հարցը անխուսափելիօրէն միջազգայնացած է, ի հեճուկս Ալիեւի եւ Ռուսիոյ։ Անհրաժեշտ է օգտուիլ քաղաքական այս պահէն, ճիշդ կողմնորոշումով ապահովել առաջին հերթին անոր անվտանգութիւնը եւ ապա քաղաքական կարգավիճակը։ Ճիշդ է, որ միջազգային ընտանիքը այսօր աւելի շատ զբաղած է ռուս-ուքրանական պատերազմով, բայց եւ այնպէս մեզի համար ստեղծուած է որոշ չափով բարենպաստ պայմաններ Հայաստանի շահերը առաջ մղելու։

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են հասկնալ եւ Ատրպէյճանին հասկցնել եւ գործել այն համոզումով, որ եթէ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի, ապա այդ պէտք է ըլլայ հայկական օրակարգով։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *