Հեղինակը լռութեամբ կ՛անցնի հիմնադիր սերունդի կարգ մը դէմքերուն վրայէն, իսկ ուրիշներուն հազիւ կը յիշատակէ։ Մարտին Շաթիրեան, Լորիս Մելիքով, Արամ Արամեան չեն յիշուիր եւ մենք այդպէս ալ չենք իմանար, թէ ինչ եղած է անոնց դիրքորոշումը։ Նաեւ չի յիշուիր, թէ Քրիստափորը ունեցա՞ծ է գաղափարակիցներ թէ՞ իր գաղափարները մահացած են իր հետ։
Գէորգ Թորոյեան
«Դաշնակցութիւնը Պէտք Է Հայերին…» վերնագիրով յօդուածաշարք մը լոյս տեսաւ «Մեր Ուղին» կայքին վրայ, 11 Նոյեմբեր 2022էն 26 Յունուար 2023ի միջեւ։ Յօդուածաշարքը ստորագրուած է Կայծ Մինասեանի կողմէ։ Ինը մասերու վրայ բաժնուած յօդուածներով, հեղինակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ ՀՅԴի կազմակերպական եւ քաղաքական կեանքի հոլովոյթը, հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը։
Զանց կ՛առնեմ ՀՅԴի հայաստանեան գործունէութիւնը, նկատի ունենալով, որ անոր դերակատարները տակաւին քաղաքական բեմահարթակին վրայ են։ Կը բաւարարուիմ անդրադառնալու առաջին հարիւր տարիներու (1890-1990) հեղինակին մատնանշած բազմաթիւ հարցերուն եւ երեւոյթներուն, որոնց հետ համամիտ չեմ։
Առաջին հերթին, յօդուածագիրը ոչ մէկ յղում կը կատարէ իր նշած տեղեկութիւններուն գծով, մանաւանդ, որ յօդուածաշարքին մէջ կան տեղեկութիւններ, որոնք մեծ հարցականներ կրնան ստեղծել։ Իսկ եթէ վերլուծումները կատարուած են միմիայն դէպքերու տրամաբանական յաջորդականութեան հիման վրայ, ապա այդ մէկը տեղեկութիւններու վաւերականութիւնը չի հաստատեր։
Յօդուածաշարքը ընթերցողին մօտ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ ՀՅԴի առաջին հարիւրամեայ քաղաքական եւ կազմակերպական պատմութեան հոլովոյթի հիմնական դերակատարները եղած են Քրիստափոր Միքայէլեան, Յովնան Դաւթեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Մարուխեան-Զէյթլեան զոյգը։
Առաջին անարդարութիւնը գործուած է Սիմոն Զաւարեանի նկատմամբ, երբ գրեթէ լուսանցքի վրայ դրուած է անոր դերակատարութիւնը։ Մինչդեռ Զաւարեանի մասնակցութիւնը չի սահմանափակուիր հիմնադրութեան ժողովներու մասնակցութեամբ։ Ան թէ՛ գաղափարական-բարոյական, թէ՛ կազմակերպական եւ թէ քաղաքական առումով մեծ աւանդ ունի Դաշնակցութեան ձեւաւորման մէջ։ Ան եղած է գլխաւոր ջատագովը ապակեդրոնացեալ դրութեան եւ մեր Կանոնագիրի նախատիպի կազմութեան գլխաւոր դէմքն է։ Ռուբէնի վկայութեամբ, 1909ին Վառնայի մէջ գումարուած 5րդ Ընդհանուր ժողովին, անոր ճառը ռուսական յեղափոխութեան մասնակցելու կամ չմասնակցելու գծով, Դաշնակցութիւնը փրկած է արկածախնդրութենէ։
Նոյնպէս բաւարար չափով չէ գնահատուած Ռոստոմի դերակատարութիւնը։ Բոլորը կը վկայեն, որ 4րդ Ընդհանուր ժողովին, Դաշնակցութեան միասնութիւնը պահպանած դէմքը եղած է ան եւ այդ ժողովէն մինչեւ իր մահը (Յունուար 1919) ան եղած է ՀՅԴի միասնութեան խորհրդանիշը։ Պատահականութիւն չէ, որ Զաւարեանն ու Ռոստոմը, Քրիստափորի կողքին, հիմնադիր սերունդին մէջ կը համարուին հիմնադիր երրորդութիւնը։
Հեղինակը լռութեամբ կ՛անցնի հիմնադիր սերունդի կարգ մը դէմքերուն վրայէն, իսկ ուրիշներուն հազիւ կը յիշատակէ։ Մարտին Շաթիրեան, Լորիս Մելիքով, Արամ Արամեան չեն յիշուիր եւ մենք այդպէս ալ չենք իմանար, թէ ինչ եղած է անոնց դիրքորոշումը։ Նաեւ չի յիշուիր, թէ Քրիստափորը ունեցա՞ծ է գաղափարակիցներ թէ՞ իր գաղափարները մահացած են իր հետ։ Որովհետեւ հիմնադրութենէն մինչեւ 1905-1907, Դաշնակցութիւնը գործած է Քրիստափորի ուղիով որմէ, ըստ հեղինակին, շեղում կը կատարուի անոր ժառանգորդ-զինակիցներուն կողմէ 1907ի 4րդ Ընդհանուր ժողովին, երբ Դաշնակցութեան միասնութիւնը փրկելու համար, Դաշնակցութիւնը կը դառնայ դասական կուսակցութիւն։ Այստեղ ի՞նչ կ՛առաջարկէ հեղինակը։ Դաշնակցութեան տրոհե՞լ, թէ՞ կուսակցութեան անուան տակ աշխատանքը շարունակել։
Նոյնպէս հարեւանցի ակնարկութիւն կայ Դաշնակցութեան առաջին սերունդի կարեւոր դէմքերուն։ Նիկոլ Դուման կը նկատուի առաւելապաշտ, մինչդեռ Դումանը աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել արմատական էր եւ անոր բարոյական ըմբռնումները ուղեցոյց հանդիսացած են յեղափոխականներուն համար։ Հպանցիկ ակնարկ կը կատարուի Արմէն Գարոյի մասին, որ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր գործերով մեծ աւանդ ունի Դաշնակցութեան մէջ։ Իսկ ամէնէն տարօրինակը այն է, որ 1907-1920 թուականներու մասին գրեթէ ոչինչ կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։
Պարոն Մինասեան յօդուածաշարքին մէջ շատ մեծ տեղ կը յատկացնէ Ռուբէն Տէր Մինասեանին, զայն մեղադրելով կուսակցութեան ներկայ «չարիքներուն» սկիզբը, պնդելով, որ ան իբրեւ առաւելապաշտ եւ բռնատէր անջնջելի դրոշմը ձգած է կուսակցութեան վրայ, թէ՛ իր գործելաոճով եւ թէ իր յուշերով։ Միաժամանակ ան կը մեղադրէ նաեւ առաւելապաշտները, որոնք Ռուբէնը կը նկատեն դաշնակցականի բացարձակ դրական մարմնաւորում։ Այս պարագային հեղինակը ինկած է միւս ծայրայեղութեան գիրկը, երբ Ռուբէնը կը ներկայացուի իբրեւ բացարձակ ժխտական կերպար։
Հեղինակը շատ լաւ ծանօթ է Դաշնակցութեան եւ հայոց պատմութեան։ Նոյնիսկ Ռուբէնի գաղափարական ընդդիմադիրները կը հաստատեն անոր ամէնէն մեծ իրագործումը՝ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի հայացումը, որ այսօրուան Հայաստանի անվտանգութեան եւ գոյութեան երաշխիքն է։ Այլ խօսքով, այսօրուան Հայաստանի գոյութիւնը, իր միատարր հայութեամբ, կը պարտինք Ռուբէնին։
Ռուբէն նաեւ հեղինակն է «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» յուշագրութեան, որ ՀՅԴ պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի։ Նոյնիսկ եթէ գրուած է որոշ վիպականութեամբ, անիկա հում ատաղձ է ապագայ պատմաբանին, աշխարհագրագէտին, ազգագրագէտին եւայլն։ Այս յուշագրութիւնը նաեւ դաստիարակչական ուղեցոյց եղած է եւ է նորահաս սերունդներուն համար, ուր «բռնատէր» Ռուբէնը յաճախ կը քննադատէ Դաշնակցութեան եւ այդ քննադատութիւններուն ամէնէն շատ կը հանդիպինք Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ, երբ ան Բիւրոյի հերթապահն էր։
Ըստ յօդուածաշարքի հեղինակին, Ռուբէնի «բռնատիրութիւնը» կը սկսի Արմէն Գարոյի մահէն (1923) ետք եւ մասնաւորաբար կ՛ամրապնդուի 1927ին, 11րդ Ընդհանուր ժողովով եւ կը տեւէ մինչեւ 1947, այսինքն քսանամեակ մը։ Փորձենք դիտել այս օրերու Սփիւռքի հայութեան եւ Դաշնակցութեան քարտէզը։
Միջին Արեւելքը, ուր գաղութները նոր կազմաւորման փուլի մէջ են, կը գտնուի Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ տիրապետութեան տակ։ Եւրոպայի մէջ հայութիւնը կեդրոնացած է հիմնականօրէն Ֆրանսայի եւ Յունաստանի մէջ։ Ռուբէն կ՛ապրէր Ֆրանսա։ Իսկ ի՞նչ պատկեր ունէր Եւրոպայի քաղաքական քարտէզը։ Անգլիան հեռու է։ Մէկ կողմը կայ Խ. Միութիւնը՝ իշխող Համայնավար կուսակցութեամբ եւ իր բոնատէր Ստալինով։ Գերմանիոյ մէջ նացիներն են, իշխողը բռնատէր Հիթլերն է։ Նոյնն է պարագան նաեւ Իտալիոյ եւ Սպանիոյ։ Այլ խօսքով բռնատիրութիւնը այդ ժամանակահատուածի տարածուած եւ ընդունուած «մոտէլ»ն է։ Թերեւս միայն Ֆրանսան է, որ ժողովրդավարութիւն կը շնչէ, բայց հոն եւս ծայրայեղ ազգայնականութիւնը նոյնպէս բաւական զօրաւոր է։ Հեղինակը յօդուածաշարքի երրորդ մասին մէջ կ՛արդարացնէ 1960-70ականներու արաբական ազգայնական «Պաաս» կուսակցութեան ազդեցութիւնը Դաշնակցութեան վրայ, սակայն կ՛անգիտանայ 1930-40ականներու եւրոպական երկիրներու «մոտէլ»ին ազդեցութիւնը։
Արդ հարց կը ծագի. եթէ չըլլար Ռուբէնի «բռնատիրութիւնը» Դաշնակցութիւնը պիտի դիմանա՞ր այդ տարիներու արտաքին ճնշումին եւ ապահով հասնիլ մեր օրերը։
(Շար.1)
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։