Ազատ բեմ

Բաց Նամակ Կայծ Մինասեանին

Մաս Բ

Հաւատալով, որ Դաշնակցութիւնը յարափոփոխ շարժումն է եւ չհանգող ու չխաղաղող գաղափարական մարմին մը, անիկա կրնայ անպայմանօրէն ինքզինք վերանորոգել եւ ժամանակի պահանջներուն համաձայն արդիականանալ։ Ահա այստեղ է հեղինակին նշած կարեւոր եզրայանգումը՝ Դաշնակցութիւնը վերադարձնել կուսակցական ընկերներուն։

Գէորգ Թորոյեան

Շարունակենք Ռուբէն Տէր Մինասեանի ղեկավարման ժամանակահատուածին քննարկումը։ Պարոն Մինասեան կ՛ըսէ, թէ Ռուբէն Դաշնակցութիւնը ներսէն ձեւակերպեց, իբրեւ  ամբողջատիրական կառոյց եւ այդ նպատակով Նիկոլ Աղբալեանին թելադրուեցաւ գրել «Մտածումներ ՀՅԴի Մասին» գիրքը, որուն նպատակն էր՝ Ռուբէնի յուշերու կողքին, կաղապարել եւ վերաձեւաւորել դաշնակցականի կերպարը։

Այստեղ անհրաժեշտ է կատարել կարեւոր նշում մը։ Սիմոն Վրացեանի կը պատմէ, թէ իր առաջարկ-թելադրանքով Աղբալեանը գրած է նշեալ գիրքը եւ նկատի ունենալով, որ Վրացեան-Ռուբէն յարաբերութիւնները այնքան ալ դրական չէին (ըստ հեղինակին), ապա Վրացեանի այս քայլը կարելի չէ մեկնաբանել իբրեւ առաւեպաշտութեան ի նպաստ առնուած քայլ մը։ Աւելին. Աղբալեանէն քանի մը տասնամեակ ետք, Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ «Ո՞վ Է Դաշնակցականը» գիրքը, որ նոյնպէս դաշնակցականի կերպարի մասին է։

Եթէ հեղինակը Հրաչ Տասնապետեանը կը համարէ ազատական, ապա այս գիրքը նոյն տրամաբանութեամբ առաւելապաշտներու ջրաղացին ջուր կը լեցնէ։ Բայց պարոն Մինասեանը լռութիւն կը պահէ այս գիրքին մասին։ Պէտք է արձանագրել, որ նշեալ զոյգ գիրքերը շատ յստակ նպատակ ունեցած են՝ Դաշնակցական Մարդու կերպարը ներկայացնել նորահաս սերունդներուն, թէ՛ իբրեւ բարոյական կերպար («Ո՞վ Է Դաշնակցականը») եւ թէ իբրեւ յանձնառու կուսակցական («Մտածումներ ՀՅԴի Մասին»)։

Եթէ Ռուբէնի առաւելապաշտութեան ամէնէն թունդ հետեւորդներէն կը համարուի Բաբգէն Փափազեան, ապա ան իր դասախօսութիւններուն մէջ յաճախ կը շեշտէր այն միտքը, թէ չկայ դաշնակցականի ամբողջական կերպար մը, որուն կարելի է նմանիլ, այլ դաշնակցականութիւնը հաւաքական կերպար մըն է, որուն պէտք է առաւելագոյն չափով մօտենալ ձգտիլ։

Վերադառնալով Ռուբէնին, պէտք է ընդգծել, որ առնուազն իմ գիտութեամբս, մեր յեղափոխական յուշագրութիւններուն մէջէն միայն անոր յուշերուն մէջ կը հանդիպինք, յաճախ տողատակով եւ երբեմն ալ բացայայտ, Դաշնակցութեան հանդէպ քննադատութիւններու, Դաշնակցութենէն ներս յոռի երեւոյթներու մատնանշումին, հակառակ այն իրողութեան որ ան կը մեղադրուի ՀՅԴ պատմութիւնը առասպելականացուած ձեւով ներկայացնելու յանցանքով։ Իսկ ամէնէն բուռն քննադատութիւններուն կը հանդիպինք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանի պատմութեան մէջ (7րդ հատոր), երբ 1919ի Ընդհանուր ժողովէն ետք Դաշնակցութեան փաստացի ղեկավարը ի՛նքը՝ Ռուբէնն էր։

Անշուշտ տակաւին կարելի է հարց տալ, թէ կուսակցութեան ղեկավարման այս գործընթացներուն մէջ ի՞նչ եղած են Նժդեհի եւ Դրոյի դերակատարութիւնները, որոնց մասին հեղինակը գրեթէ ոչինչ կ՛ըսէ։

Եթէ առաւելապաշտութիւնը տարբեր ժամանակաշրջաններուն տարբեր դէմքերով դրսեւորուած է կուսակցութեան մէջ, ապա կարելի չէ առաւելապաշտ բոլոր դէմքերը նոյն հարթութեան վրայ դնել։ Այսինքն կարելի չէ Ռուբէնը համեմատել հեղինակին նշած մերօրեայ առաւելապաշտներուն հետ։

Յօդուածաշարքին մէջ մեծ բաժին կը յատկացուի նաեւ Մարուխեան-Զէյթլեան զոյգին։ Այս հանգրուանին համար ալ բազմաթիւ հարցադրումներ կը ծագին։ Նշեմ գոնէ երկուքը։

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ այդ տարիներուն արտաքին քաղաքականութեան մէջ կատարուեցաւ հիմնական փոփոխութիւն։ Նախկին հակախորհրդային կեցուածքը փոխարինուեցաւ աւելի մեղմ, չըսելու համար դրական, մօտեցումով, մասնաւորաբար՝ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ։ Յօդուածին մէջ պարոն Մինասեան բաւական լաւ ձեւով կ՛անդրադառնայ Արեւմուտքի, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու յարձակողական քաղաքականութեան՝ ԽՍՀՄի դէմ, 1970-80ականներուն (Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, պաղեստինեան զինեալ թեւի կազմալուծում, Իրան-Իրաք պատերազմ եւայլն)։ Արդ, հարց կը ծագի, թէ նման փոփոխութիւն մը որքանով իրատեսական էր, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ Սարգիս Զէյթլեանի ուղղութիւնը, որ կ՛արտայայտուի «Դրօշակ»ի խմբագրականներուն ընդմէջէն, ոչ Արեւելք եւ ոչ Արեւմուտք, այլ հաւասարակշռուած քաղաքական մօտեցումը եղած է։

Նոյն այս ծիրէն ներս, յօդուածագիրը կը նշէ որ, ի հակառակ 1920ին, ՀՅԴի ղեկավարութիւնը չէր հաւատար Խորհրդային Միութեան փլուզման։ Մինչդեռ, 1985-86 թուականներուն, ՀՅԴի տարբեր դէմքեր նախատեսած են խորհրդային կայսրութեան անկումը, յաջորդող քանի մը տարիներու ընթացքին։

Վերոնշեալները կրնան մանրամասնութիւններ թուիլ, բայց հեղինակը, եթէ կը քննադատէ ՀՅԴի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, ապա պէտք է ընդունի, որ անոր արմատները չեն գար առաւելապաշտութենէն, այլ քաղաքական այն ուղեգիծէն, որ որդեգրուած էր Հայաստանի անկախութիւնը անմիջականօրէն նախորդող տարիներուն։ Այս մասին, ինչպէս հեղինակը կը նշէ, բաւական դիպուկ յօդուած գրած է Վահէ Օշական այդ տարիներու, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի եւ «Ասպարէզ»ի մէջ։

Պրն. Կայծ Մինասեան իր յօդուածաշարքը կ՛աւարտէ դրական կերպով։ Յօդուածաշարքով քննադատութիւններ կատարելէ ետք ան նաեւ լուծումներ կ՛առաջարկէ, որոնցմէ գլխաւորը՝ ամբողջական ապակեդրոնացումն է, որ քրիստափորեան Դաշնակցութեան էութիւնն է։

ՀՅԴի հիմնադրութենէն 133 տարիներ եւ անոր հիմնադիր ռահվիրային՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութենէն 117 տարի ետք, Քրիստափորի գաղափարները կը մնան նոյնքան այժմէական։ Ան սովորական կուսակցութիւն չէր ստեղծած։ Մերօրեայ բնորոշումով, Քրիստափորը MEGA կուսակցութիւն մը հիմնած էր եւ անոր պատկերացուցած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ շարժումին կարելի է վերադառնալ իբրեւ դաշնակցային համախմբում կամ շարժում, հիմք ընդունելով ՀՅԴ «Մանիֆեստ»ը եւ դուրս գալով ՀՅԴի կանոնագրային կապանքներէն։

Հաւատալով, որ Դաշնակցութիւնը յարափոփոխ շարժումն է եւ չհանգող ու չխաղաղող գաղափարական մարմին մը, անիկա կրնայ անպայմանօրէն ինքզինք վերանորոգել եւ ժամանակի պահանջներուն համաձայն արդիականանալ։ Ահա այստեղ է հեղինակին նշած կարեւոր եզրայանգումը՝ Դաշնակցութիւնը վերադարձնել կուսակցական ընկերներուն։

(Շար. 2 եւ վերջ)  

Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *