Հայաստան

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմէն Մէկ Տարի Ետք

Մարդկութիւնը պատրա՞ստ է եւ կը փափաքի՞ հետընթաց ապրելու, այնպէս ինչպէս 12-15 դարերուն պատահեցաւ, երբ թրքացեղ ժողովուրդներու արշաւանքներուն դիմաց Արեւմուտքը չմիաւորուեցաւ եւ Պոլիսը իյնալով արեւելքը եւ արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներ քաղաքակրթական նահանջ ապրեցան:

Գէորգ Թորոյեան

Ռուս-ուքրանական պատերազմը արդէն թեւակոխեց երկրորդ տարին (պատերազմը սկիզբ առաւ 24 Փետրուար 2022ին) եւ հորիզոնին վրայ անոր աւարտին պատկերը տակաւին չերեւիր:

Պատերազմի անցնող մէկ տարուան ընթացքին շատ բան խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ անոր մասին: Արդէն մէկ տարի է աշխարհի բոլոր լրատուականներու կեդրոնական լուրը այդ պատերազմն է: Ինչպէս նաեւ մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու հեղեղը կը շարունակուի նոյն թափով, ինչպէս որ էր պատերազմի առաջին օրերուն:

Պատերազմը շղթայազերծած Ռուսիան եւ անոր դաշնակիցները ինչպէս նաեւ անոր համակիր լրատուականները առաջին օրերուն կը նախատեսէին կարճ պատերազմ եւ Ուքրանիոյ արագ գրաւում: Միւս կողմէ, աւելի իրատեսները կը նախատեսէին, որ Ուքրանիա կրնայ նոր Աֆղանիստան մը ըլլալ եւ Ռուսիոյ դէմ հայդուկային կռիւներով ուքրանացիք կրնային ջախջախել ռուսական բանակը: Սակայն առաջին քանի մը շաբաթներու այդ նախատեսութիւնները ջուր ինկան: Ռուսական բանակը առաջին շաբաթներու փոքր յաջողութիւններ արձանագրեց եւ քանի մը քաղաքներ գրաւեց որմէ ետք սկսաւ մղձաւանջը Ռուսիոյ համար: Ուքրանացիք անկանխատեսելի դիմադրութիւն ցոյց տուին յարձակող բանակին եւ ժամանակ մը անց հակայարձակողականներով որոշ շրջաններէ դուրս մղեցին ռուսական բանակը: Պատերազմի բռնկումէն եւ ուքրանական դիմադրութենէն քանի մը շաբաթ ետք արդէն պարզ դարձաւ որ պատերազմը կրնայ տարիներ տեւել: Տակաւին օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յայտարարեց թէ ռուս-ուքրանական պատերազմը դեռ կրնայ տեւել երկու-երեք տարի:

Ժամանակի ընթացքին ռուսական բանակի ձախողութիւնները աւելցան, որուն հետեւանքով ռուսական կողմը իր ամէնէն բարձր պատասխանատուներու բերանով սկսաւ հիւլէական ռումբ գործածելու սպառնալիք կատարել: Միայն այսօրինակ յայտարարութիւնները բաւարար են ապացուցելու, որ ռուսական կողմը զինուորապէս պարտութեան ուրուականը կը դիմագրաւէ: 

Բնականաբար, Ուքրանիոյ զինուորական այս յաջողութիւններուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի հաւաքական Արեւմուտքը: Եթէ պատերազմի բռնկումէն առաջ եւ անոր յաջորդող քանի մը օրերուն Արեւմուտքի մէջ կային որոշ տարակարծութիւններ, ապա ժամանակ մը ետք կարելի եղաւ միաւորուիլ եւ ամէն տեսակի օժանդակութիւններ տրամադրուեցան եւ կը տրամադրուին Ուքրանիոյ: Այլ խօսքով, այս պատերազմը վերածուած է անուղղակիօրէն Արեւմուտք- Ռուսիա պատերազմի, որ Արեւմուտքը կը մղէ ուքրանացիներուն միջոցով եւ անոնց հողին վրայ: 

Արեւմուտքին քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական աջակցութեան շնորհիւ է, որ Ուքրանիա աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը դիմակայէ ռուսական յարձակումը: Արեւմուտքը, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները ամէնէն խիստ տնտեսական պատժամիջոցները որդեգրած են Ռուսիոյ դէմ, որոնց հետեւանքով ռուսական տնտեսութիւնը շատ շուտ փուլ եկաւ: 

Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտնեց, թէ այս տարի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն պիւտճէն արձանագրած է 2.58 եռիլիոն ռուբլիի բաց, մինչ անցեալ տարի նոյն ամիսներուն Ռուսիոյ պիւտճէն ունեցած 415 միլիառ ռուբլիի յաւելուրդ: Այս տարուան անկման հիմնական պատճառը քարիւղի եւ կազի վաճառքէն եկամուտներու անկումն է: Անկախ տնտեսական պատժամիջոցներէն, Արեւմուտքը գրեթէ մեկուսացուցած է Ռուսիան: Մարզական, մշակութային, արուեստի եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ միջազգային մրցոյթներուն թէ այլ ձեռնարկներուն անոր մասնակցութիւնը արգիլուեցաւ: Միացեալ Նահանգներ արդէն կը սպառնայ նոյնիսկ այն երկիրներուն, որոնք գաղտնաբար կը գործակցին Ռուսիոյ հետ, անոր փոխանցելով բոլոր այն ապրանքատեսակները, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին մասնաւորաբար զինուորական մարզին համար: Այս սպառնալիքը մղեց Չինաստանին յայտարարելու, թէ ինք այս պատերազմի կողմերէն ոչ մէկուն զինական օժանդակութիւն կը տրամադրէ:

Այս պատերազմը նաեւ երեւան հանեց ռուսական բանակի հզօրութեան առասպելին կեղծիքը: Վերջերս տակաւին տարակարծութիւններ ծագեցան ռուսական բանակին եւ »Վակներ« մասնայատուկ ջոկատայիններուն միջեւ։ Այս բոլորը ցոյց կու տան ռուսական բանակի անկազմակերպ վիճակը, որուն հետեւանքով անոր կորուստները, ըստ արեւմտեան աղբիւրներու, կը հասնին 100,000 զոհի եւ կրկնապատիկը՝ վիրաւորներ:

Այսօր ամէնէն թունդ ռուսական արեւելում ունեցողներն անգամ արդէն չեն հաւատար ռուսական յաղթանակին: Նոյնիսկ ռուս պաշտօնատարներ տողատակով կը յայտնեն այդ մասին երբ կ՛ըսեն, թէ Ռուսիոյ պարտութիւնը կը նշանակէ Ռուսական Դաշնութեան մասնատումը:

Եթէ Ուքրանիոյ դիմադրութիւնը հնարաւոր դարձաւ շնորհիւ Արեւմուտքի անվերապահ եւ ամբողջական աջակցութեան, ապա անոր պարտութիւնը պիտի նշանակէ Արեւմուտքին պարտութիւնը: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ եւ ինչի՞ կրնայ յանգեցնել հաւաքական Արեւմուտքին պարտութիւնը:

Այսօրուան արեւմտեան երկիրները իրենց քաղաքակրթական աստիճանով ուղղակի շարունակութիւնն են յունա-հռոմէական քաղաքակրթութիւններուն: Այսինքն այդ երկիրներու պարտութիւնը կը նշանակէ աւելի քան 2500 տարիներու քաղաքակրթութիւններուն պարտութիւնը:

Արեւմուտքի պարտութիւնը կը նշանակէ այդ երկիրներու գիտական (բժշկութիւն, արհեստագիտութիւն, եւայլն), մարդկային արժէքներու (ժողովրդավարութիւն, ազատութիւններ, ընկերային որոշակի արդարութիւն եւայլն), արուեստներու, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու պարտութիւնը, որուն հետեւանքով մարդկութիւնը պիտի կորսնցնէ հարիւրամեակներու իր նուաճումները:

Արդ, մարդկութիւնը պատրա՞ստ է եւ կը փափաքի՞ հետընթաց ապրելու, այնպէս ինչպէս 12-15 դարերուն պատահեցաւ, երբ թրքացեղ ժողովուրդներու արշաւանքներուն դիմաց Արեւմուտքը չմիաւորուեցաւ եւ Պոլիսը իյնալով արեւելքը եւ արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներ քաղաքակրթական նահանջ ապրեցան:

Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *