16.3 C
Yerevan

Լուսա­վո­րության Առաքյա­լը

Նիկոլ Աղբա­լեան, ճիշդ ա՛յս առումով, եղաւ առա­քեա­լը հայ ազգա­յին որա­կի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնա­մաքրման եւ որա­կա­կան բարձրացման մեծ մարտահրաւէ­րին արժա­նաւո­րա­պէս ընդառա՛ջ քալե­լով, յաղթակա՛ն սլացք նուա­ճե­լով։

Նազա­րեթ Պերպերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ (1873–1947).
Հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին որա­կի վեհացման եւ հայացման առա­քեա­լը

Ն. Պէրպէ­րեան

24 Մարտ 2023

Մարտ 24ին կը նշենք ծնունդը առա­քե­լա­տիպ Մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբա­լեա­նի։
Բազմաշնորհ ու տաղանդա­շատ մտքի մշակ, ազգա­յին-պետա­կան ղեկա­վար գործիչ եւ քաղա­քա­կան-հասա­րա­կա­կան անձնուէր առաջնորդն է Նիկոլ Աղբա­լեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնե­լէ եւ միշտ պատնէ­շի վրայ անե­րեր պայքա­րե­լէ ետք, իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկա­վարժի եւ հանրա­յին դաստիա­րա­կի իր անունը անջնջե­լիօ­րէն կապե­լով Պէյրութի մէջ Լեւոն Շանթի հետ իր հիմնադրած Համազգա­յի­նի Հայ Ճեմա­րա­նին։
Բառին խորա­գոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստա­նի ու հայութեան արդի ժամա­նակներ մուտքին եւ ազգա­յին ինքնա­հաստա­տումին կոչուած Առա­քեալ մը եղաւ Նիկոլ Աղբա­լեան։
Անսա­կարկ եւ անձնուէր ծառա­յութեան լծուե­ցաւ հոն, ուր հայ ժողո­վուրդը կարի­քը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։
Եւ ուր որ ալ գործեց՝ Աղբա­լեան արժա­նաւո­րա­պէս տէր կանգնե­ցաւ հայ Ժողո­վուրդի ազգա­յին որա­կին բարձրացման ու բիւրե­ղացման, ինչպէս եւ Հայաստան Աշխարհի հայացման ի սպաս անսա­կարկ եւ բոլոր ուժե­րով նուի­րուե­լու իր վսե­մա­գոյն կոչումին։
ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէ­րը թիւ 1 խնդիրն էր Ն․ Աղբա­լեա­նին եւ անոր պատկա­նած Անկա­խութեան անզուգա­կան Սերունդին։
Քսա­նե­րորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզի­քա­կան-ժողովրդագրա­կան, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումնե­րով հայացման՝ հայ ազգա­յին որա­կի ինքնա­մաքրման եւ բիւրե­ղացման մարտահրաւէ­րը։

Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերա­ծած էր վաչկա­տուն, եկուոր եւ հայա­մերժ տարրե­րով բնա­կուած խառնա­րան երկրի մը, այլեւ աւե­լի հիմնա­կա­նը՝ այլա­սերման ու տժգունացման դատա­պարտած էր նոյնինքն հայ ազգա­յին կերպա­րը։
Հայոց ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առա­ջին քայլե­րէն իսկ դէմ յանդի­ման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէ­րին։
Օսմա­նեան, Պարսկա­կան թէ Ցարա­կան տիրա­պե­տութեանց տակ կոտո­րա­կուած ու տարտղնուած՝ մեր ժողո­վուրդը ոչ միայն ամէն քայլա­փո­խի կռնա­կէն դաշունա­հար կ’ըլլար եկուոր եւ հայա­մերժ տարրե­րու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքե­րը վարա­կած ստրկա­կան համա­կերպումի եւ սեփա­կան մորթը ամէն գնով փրկե­լու պատե­հա­պաշտութեան Չարի­քին։
Հայը կանգնած էր իր ազգա­յին նկա­րա­գիրն ու մարդկա­յին որա­կը բնո­րո­շող ու պայմա­նաւո­րող արժէքներն ու արժա­նիքնե­րը վերջնա­կա­նա­պէս կորսնցնե­լու ծանրա­գոյն վտանգին առջեւ։
Ազատ աշխա­տանքի, արժա­նա­պա­տիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառա­ցող Հայկ Նահա­պե­տի եւ Մեսրոպ Մաշտո­ցի մարմնաւո­րած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։
Հարկ էր շրջել պատմութեան կործա­նա­րար անկումի ընթացքը։
Հարկ էր վերա­կանգնել Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողո­վուրդին ազգա­յին նկա­րա­գիրն ու դէմքը՝ ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իմաստով, ֆիզիքապէ՛ս։
Նիկոլ Աղբա­լեան, ճիշդ ա՛յս առումով, եղաւ առա­քեա­լը հայ ազգա­յին որա­կի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնա­մաքրման եւ որա­կա­կան բարձրացման մեծ մարտահրաւէ­րին արժա­նաւո­րա­պէս ընդառա՛ջ քալե­լով, յաղթակա՛ն սլացք նուա­ճե­լով։

Ծնած Թիֆլիս՝ 1873ի Մարտ 24ին, Նիկոլ Աղբա­լեան համեստ ընտա­նի­քի զաւակ էր։
Թիֆլի­սի «Ներսի­սեան» վարժա­րա­նը եւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմա­րա­նը աւարտե­լէ ետք, նուի­րուե­ցաւ ուսուցչութեան եւ գրա­կան-քննա­դա­տա­կան յօդուածնե­րով կանո­նաւո­րա­բար աշխա­տակցե­ցաւ ատե­նի թիֆլի­սեան հեղի­նա­կաւոր «Մուրճ» ամսագրին՝ անմի­ջա­պէս ուշադրութիւն գրաւե­լով եւ հռչա­կի արժա­նա­նա­լով։
Հակա­ռակ նիւթա­կան իր անձուկ պայմաննե­րուն, ան ամէն ճիգ թափեց եւ յաջո­ղե­ցաւ բարձրա­գոյն ուսման դասընթացքնե­րու հետեւիլ Մոսկուա­յի, Փարի­զի եւ Լօզա­նի համալսա­րաննե­րուն մէջ։
Երի­տա­սարդ տարի­քէն Աղբա­լեան միա­ցաւ Դաշնակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասա­րա­կա­կան գործունէութիւնը կապեց իր պաշտած կուսակցութեան հետ, որուն հոգեմտաւոր եւ բարո­յա­կան աւանդնե­րու ստեղծման մէջ անզուգա­կան ներդրում ունե­ցաւ։
1900ականներու սկզբնաւո­րութեան, Նիկոլ Աղբա­լեան արժա­նաւո­րա­պէս իրա­գործեց հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առա­քե­լութեան առա­ջին փուլը․- Հունաւորե՛ց ռուսա­կան եւ եւրո­պա­կան ազա­տա­խոհ ու յառա­ջա­դէմ արժէքնե­րով հայ գրա­կան-մշա­կութա­յին կեանքը պատուաստե­լու եւ վերաշխուժացնե­լու ազգա­յին ուղին։
Իր անբա­ժան զինա­կից Յովհաննէս Թումա­նեա­նի հետ՝ Աղբա­լեան յառաջապա՛հը եղաւ Թիֆլի­սի հայ երի­տա­սարդ մտաւո­րա­կա­նութեան «Վերնա­տան հանդիպումներ»ու կազմա­կերպումին եւ աշխուժա­ցումին։
Աղբա­լեան դարձաւ դրօ­շա­կի­րը քսա­նե­րորդ դարասկիզբի հոգեմտաւոր այն մեծ շարժումին, որ հայոց բազմա­դա­րեան հարստութեան վերա­նո­րո­գումին մէջ տեսաւ եւ արմա­տաւո­րեց վաղուան հայ մշա­կոյթի որա­կա­կան ոստումին ակունքնե­րը։
1909էն 1912, Աղբա­լեան վարեց Թեհրա­նի հայոց ազգա­յին վարժա­րա­նի տնօ­րէ­նութիւնը, իսկ 1913ին՝ Թիֆլիս վերա­դառնա­լով՝ Արշակ Ջամա­լեա­նի հետ խմբագրեց Հ.Յ.Դ. պաշտօ­նա­թերթ «Հորիզոն»ը, որ մինչեւ Հայաստա­նի անկա­խութեան կերտումն ու Հանրա­պե­տութեան հռչա­կումը արեւե­լա­հայ իրա­կա­նութեան մէջ կատա­րեց հանրա­յին լուսաւո­րումի մեծ գործ՝ ամբողջացնե­լով առա­քե­լութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօ­նա­թերթ «Ազատամարտ»ի, որ արեւմտա­հայ իրա­կա­նութեան մէջ մտաւո­րա­կան վերածնունդի հնո­ցը հանդի­սա­ցած էր։

Առա­ջին Աշխարհա­մարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբա­լեան յառա­ջա­մարտիկնե­րէն եղաւ Հայոց Ազգա­յին Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղի­նա­կութիւնն ու կազմա­կերպա­կան շնորհը ծառա­յեցնե­լով Հայ Կամաւո­րա­կան Շարժման կազմա­կերպումին ու յաղթարշաւին։
Իսկ երբ ռուսա­կան զօրքե­րու նահանջին հետ Արա­րա­տեան Դաշտը լեցուե­ցաւ արեւմտա­հայ գաղթա­կա­նութեամբ, Աղբա­լեան հոգա­ծու հօր անձնուի­րումով՝ փարե­ցաւ գաղթա­կաննե­րու պատսպարման, սնման եւ բուժման դժուա­րին գործին։
Հայաստա­նի անկա­խա­ցումով՝ ան պատգա­մաւոր ընտրուե­ցաւ յաջորդա­բար Հայաստա­նի Խորհուրդին եւ Հայաստա­նի Խորհրդա­րա­նին (1918 եւ 1919ին)՝ պատմա­կան նշա­նա­կութեամբ մեծ ներդրում ունե­նա­լով Հայաստա­նը թաթարնե­րէ մաքրե­լու գործին մէջ, Ռուբէ­նի հետ միասնա­բար։
1919էն սկսեալ, Ալ. Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութեան մէջ ստանձնե­լով Լուսաւո­րութեան նախա­րա­րի պատասխա­նա­տուութիւնը՝ Աղբա­լեան հիմը դրաւ Երեւա­նի Պետա­կան Համալսա­րա­նին, ինչպէս եւ ստանձնեց պետա­կան հովա­նաւո­րութիւնը նորա­հաս արժէքնե­րու, մինչեւ անգամ Չարենցի օրի­նա­կով օրուան դաշնակցա­կան իշխա­նութեանց հակադրուած այլա­խոհ գրողնե­րու եւ մտաւո­րա­կաննե­րու, ի խնդիր հայ մշա­կոյթի եւ արուեստի պետա­կան ծաղկումին։
Հայաստա­նի խորհրդայնա­ցումէն ետք Աղբա­լեան իր կարգին, Փետրուար 9ին, ձերբա­կա­լուե­ցաւ եւ բանտ նետուե­ցաւ պոլշեւիկնե­րու կողմէ, որոնց գործադրած չարչա­րանքնե­րէն եւ հաւա­տաքննչա­կան խժդժութիւննե­րէն փրկուե­ցաւ միայն Փետրուա­րեան համա­ժո­ղովրդա­կան ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստա­ցած ժողո­վուրդը խուժեց բանտե­րը եւ պոլշեւի­կեան կապանքնե­րէն ազատ արձա­կեց իր պաշտած հերոսներն ու հեղի­նա­կութիւննե­րը։

Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրա­պե­տութեան դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութեան երկրէն հեռա­ցումին հետ, Աղբա­լեան անցաւ Ատրպա­տա­կան, ուրկէ՝ կարճ ժամա­նակ ետք՝ մեկնե­ցաւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։
Մինչեւ 1928, մանկա­վարժա­կան գործունէութիւն ծաւա­լեց Եգիպտո­սի մէջ, ուր Լեւոն Շանթի հետ նախա­ձեռնեց «Հայ Կրթա­կան եւ Հրա­տա­րակչա­կան Համազգա­յին Միութեան» հիմնադրութեան։ Այնուհե­տեւ՝ երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբա­նան), ուր 1930ին հիմնե­ցին Համազգա­յի­նի «Հայ Ճեմարան»ը։
Մինչեւ իր մահը՝ 15 Օգոստոս 1947, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնած՝ Աղբա­լեան ծաւա­լեց ե՛ւ մանկա­վարժա­կան, ե՛ւ հայա­գի­տա­կան եռուն գործունէութիւն։
Դասաւանդեց Հայ Գրա­կա­նութեան Պատմութիւն, Գրա­բար Հայե­րէն եւ Հայ Մատե­նա­գի­տութիւն։
Նաեւ՝ Ժողովրդա­յին Լսա­րաններ կազմա­կերպեց, որպէսզի տարա­գիր ու գաղթա­կան հայութեան լայն բազմութիւննե­րուն մէջ սերմա­նէ հայ մշա­կոյթին եւ արուեստին պաշտա­մունքը։
Այդ տարի­նե­րու իր տքնա­ջան աշխա­տանքին արգա­սի­քը եղան գրա­կան-քննա­դա­տա­կան, բանա­սի­րա­կան եւ ազգա­յին-գաղա­փա­րա­բա­նա­կան արժէ­քաւոր գործեր։ Այդ շարքին՝ «Սայաթ-Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատե­նա­գի­տութիւն» դասա­գիրքը, «Մտա­ծումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» կոթո­ղա­կան աշխա­տութիւնը ու համազգա­յին հնչե­ղութեամբ առանձին դէմքե­րու եւ դրուագնե­րու նուի­րուած իր արժէ­քաւոր յօդուածնե­րը։

Առի­թով մը եւ Ճեմա­րա­նի առա­քե­լութեան անդրա­դառնա­լով՝ Աղբա­լեան գրած է, թէ՝«Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կ’աղօթեն հայ մշա­կոյթի սուրբե­րուն»։
Հայացման մեծ առա­քեա­լին համար, խորքին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողո­վուրդն էին այդ «Ճեմարան»ը, ուր Աղբա­լեան Մեծ Հայուն անձը, կեանքն ու վաստա­կը անլռե­լի աղօթք մը եղան ի պահպա­նութիւն, օրհնութիւն եւ վերամկրտութիւն հայ հոգիի սրբութիւննե­րուն։
Այդ ներշնչումով ալ Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան գաղա­փա­րա­կան եւ բարո­յա­կան արժէքնե­րուն անկրկնե­լի մեկնա­բանն ու քարո­զի­չը հանդի­սա­ցաւ Աղբա­լեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ սորվե­ցուց իրե­րա­յա­ջորդ սերունդնե­րու, շարքա­յին կուսակցա­կաններ ըլլան անոնք թէ Հ․Յ․Դ․ համա­կիր հայորդի­ներ, պատգա­մե­լով բոլո­րին՝

«Դաշնակցա­կանն իր անձին մէջ վերա­կազմում է նոր հայութեան տիպա­րը, բորբո­քե­լով ժառանգա­կան արութեան կայծե­րը, որ մնա­ցած են անթե­ղուած եւ յարա­ճուն խիզա­խութեամբ խարա­նե­լով ու սպիացնե­լով ժառանգա­կան ստրկութեան վէրքե­րը։
«Այս բարո­յա­կան յեղաշրջումը ամէ­նից աւե­լի յատկո­րոշ գիծն է մեր կուսակցութեան։
«Սասունցի Դաւթի աւանդա­կան տիպարն է, որ [կուսակցութիւնը — Ն.] կենդա­նացնում է «դաշնակցական»ի մէջ՝ յեղաշրջե­լով մի դարաւոր մտայնութիւն։ Այս յեղաշրջման ճամբին «դաշնակցական»ը կորցնում է շատ անձնա­կան շահեր եւ խզում է շատ թանկա­գին կապեր, բայց նրա աչքին չեն երեւում այդ կորուստնե­րը, որովհե­տեւ մի կողմից խթա­նում է Կանո­նագրի [դաշնակցա­կա­նի երդման մէջ սահմա­նուած] պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որին նա յանձնա­ռու է դարձած, միւս կողմից կշտամբում կամ քաջա­լե­րում է նահա­տակ ընկերնե­րի թանկա­գին յիշա­տա­կը, որ հսկում է անմար. Ընկերներ՝ որ ոչ մէկ բանով պակաս էին նրա­նից եւ յաճախ շատ բանով առաւել, եւ որոնք սակայն մեռան պայքա­րի ճամբին, կուսակցութեան դրօ­շը թողնե­լով իրան։
«Դաշնակցա­կանն այսպի­սով մի ուրոյն բարո­յա­կան աշխարհ է, ուրոյն ըմբռնումնե­րով ու բարքե­րով, որ ստեղծում եւ սնուցա­նում է ուրոյն տիպարներ։
«Համե­մա­տե­ցէք ուրիշ քաղա­քա­կան կուսակցութիւններ նրա հետ եւ կը տեսնէք անդնդա­խոր տարբե­րութիւնը։
«Սա ոչ թէ շահա­կից անձե­րի միութիւն է, այլ արիա­ցող տիպարնե­րի ընկե­րութիւն։
«Այստեղ ոչ թէ անձնա­կան եւ նիւթա­կան շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարո­յա­կան ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրա­գիր-Կանո­նագրի միութիւնը՝ համընթաց»։

Ընդգրկուն այսպի­սի՛ խոհա­կա­նութեամբ եւ աշխարհա­յեացքով՝ Նիկոլ Աղբա­լեան հայ ժողո­վուրդի երկնա­կա­մա­րին վրայ ճառա­գայթեց իբրեւ գաղա­փա­րա­կան ամուր նկա­րագրի, բարո­յա­կան անեղծ վարքի եւ համազգա­յին լայնա­խո­հութեան տէր առա­քեա­լը։
Հայ հոգիի եւ Հայաստան Աշխարհի որա­կաւորման եւ հայացման դրօ­շա­կի­րը։
Իր ծննդեան150ամեակին առի­թով՝ Ն. Աղբա­լեա­նի անձով, գործով ու մտա­ծումնե­րով հաղորդուե­լու յուշա­տետրի այս կարճ պահը կ’արժէ եզրա­փա­կել Աղբա­լեան Իրա՛ւ Մարդուն բնո­րոշ մտա­ծումի հետեւեալ շիթե­րով՝ սիրոյ, մարդկայնա­կա­նութեան, ընկե­րա­յին համե­րաշխութեան, անկեղծութեան եւ փոխա­դարձ յարգա­լի­րութեան մասին.

«… Մեր անհա­տա­պաշտ դարում յաճախ է պատա­հում, որ մարդիկ ընկե­րա­նում են՝ առանց մտա­ծե­լու, թէ ընկե­րութիւնը փոխա­դարձ զիջում է, որ կա՛մ պէտք է սիրով կատա­րել, կա՛մ արդա­րութեամբ: Լաւ է, անշո՛ւշտ, որ սիրով կատա­րուի, այն ժամա­նակ հաշիւ չի պահուի, ինչպէս մայրն իր երե­խա­յի հանդէպ, բայց գոնէ արդա­րութեամբ պէտք է զիջեն կողմե­րը, որ կարե­նան հաշտ ընթա­նալ: Զուր չէ, որ լուծ են ասել ամուսնութեան մասին, կամո­վին առած լուծ՝ կեանքի ակօ­սը վարե­լու: Բարդ է նոր մարդու հոգին եւ շատ զգա­յուն, սէրն անշուշտ ամե­նա­գէտ է եւ կարող է ամէն սուր անկիւն մաշել մեղմօ­րէն, բայց սէրն այնքան նոյնա­ցած է հիմա սեռի հետ, որ անտեսւում է եւ մարդու աչքին երեւում է, որ կարող է կորցնել իր թարմութիւնը: Մարդը սիրե­լով կին պէտք է առնել եւ ոչ կին սիրե­լով մարդ որո­նել նրա մէջ: Երբ մարդը սիրուի կնոջ մէջ՝ նա վախ չունի տարի­քից, որին օգնել չեն կարող ո՛չ հագուստի նոր ձեւը եւ ոչ շպա­րը…

«Երկար ապրե­լու չէք. ամե­նա­շա­տը հարիւր տարի. ուրիշ անգամ աշխարհ գալու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յետոյ գալու է յաւերժա­կան խաւար եւ հանգիստ: Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցնել կարճ ճամբան. հաշտ ու համե­րաշխ: Եթէ մարդիկ սովո­րութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնե­ղութեան եւ սրանց նման պահե­րին անդրա­դառնալ, որ առջեւնե­րը մահ կայ՝ ամէն ինչ կը դիւրա­նայ եւ անսահման ներո­ղամտութեամբ կը համա­կուեն ու թեթեւ կ’ապրեն այս աշխարհում: Ոմանք սարսա­փում են մահից, իմ աչքում նա մի մեծ բարիք է, որ անհունօ­րէն բարձրացնում է ամէն մի վայելքի եւ հաճոյքի արժէ­քը:
«Եթէ մտա­ծենք, որ այսօ­րը անցնում է եւ վերա­դարձ չունի՝ պիտի զղջանք, որ այդ անցնող օրը դառնութիւն բերեց մեր պատճա­ռով սրան կամ նրան, բայց մանաւանդ մեր սիրա­ծին:
«Ինչ պիտի տար սրտնե­ղութիւնը, վիրաւո­րանքը, անուշադրութիւնը, արհա­մարհանքը, մռայլ կնճի­ռը, զայրացկոտ խօսքը, յարգանքի պակա­սը, հնա­րաւո­րի մերժումը եւ սրանց նման աննշան բանե­րը, որ խանգա­րում են սիրած մարդոց ներդաշնա­կութիւնը. յաւի­տեան ապրելո՞ւ ենք, միշտ երիտասա՞րդ պիտի մնանք, դիւրի՞ն է լաւ կին ու բարե­կամ գտնե­լը. տիե­զե­րա­կան ուժե­րը վարում են մեզ դէպի մահ, ինչո՞ւ իրար սիրտ կոտրենք այդ խուճա­պի մէջ, ինչո՞ւ իրար չօգնենք, իրար վրայ չգուրգուրանք, իրար չսի­րենք, խէթ-խէթ իրար նայե­լով, իրար զարկե­լով, իրար սիրտ կոտրե­լով՝ աւե­լի դանդա՞ղ պիտի վարէ տիե­զերքը մեզ դէպի մահ, նա՝ որ չգի­տէ իսկ, թէ մարդիկ սիրել ու ապրել գիտեն»…

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ