Եւ ապահովելով միասնականութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը պահեցին կազմակերպութիւն իր կերպարանքին մէջ, բայց ի՜նչ գինով։ Դաշնակցութեան մէջ համարկումի՝ Քրիստափորեան թեքնիքը փոխեցին սոսիալիզմ երազական գաղափարախօսութեան եւ ներկայացուցին Դաշնակցութիւնը իբրեւ «կուսակցութիւն», մինչ Քրիստափորը կը խօսէր «շարժում»ի կամ «կազմակերպութեան» բայց երբեք «կուսակցութեան» մասին։
Կայծ Մինասյան
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆOԹ. Այս տարուան Փետրուարին, «Ասպարէզ»ը հրատարակեց իր աշխատակիցներէն Գէորգ Թորոյեանի երկու նամակները՝ ուղղուած Կայծ Մինասեանին, որ գրած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին յօդուածաշարք մը, որ հրատարակուած է այլ կայքի մը՝ «Մեր Ուղին»ին, վրայ: Ստորեւ յօդուածը Մինասեանի պատասխանն է Թորոյեանին: Մինչ «Ասպարէզ»ը չի բաժներ սոյն յօդուածին մէջ արտայայտուած բոլոր տեսակէտները, արդարամտութիւնը եւ տարամէտ տեսակէտներ արտայայտելու հաւասար պատեհութիւնը քաջալերելու՝ մեր գործելակերպէն մղուած՝ կը հրատարակենք զայն: Ինչպէս միշտ, «Ասպարէզ»ի հրատարակած յօդուածներու մէջ գրողներու կողմէ արտայայտուած տեսակէտները կը պատկանին հեղինակին:
Պաշտօնական Պատմութիւն Գոյութիւն Չունի, Բացի՝ Ամբողջատիրութեան Մէջ
ԿԱՅԾ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի 14 Փետրուար 2023ի եւ 21 Փետրուար 2023ի թիւերուն մէջ լոյս տեսան Գէորգ Թորոյեանի ստորագրութեամբ յօդուածներ, որոնք կ՛անդրադառնան իմ գրած յօդուածաշարքին, նուիրուած՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ հրատարակուած էր «Մեր Ուղին» կայքին վրայ (10 Նոյեմբեր 2022էն 10 Յունուար 2023)։
Ուզեցի առիթը օգտագործել պատասխանելու Գէորգ Թորոյեանին, որ «Բաց Նամակ» խորագիրով փորձած է հակազդել կամ պատասխանել այն միտքերուն եւ տուեալներուն, որոնց անդրադարձած եմ իմ գրութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ թէ՛ Թորոյեան եւ թէ «Ասպարէզ»ը իրաւունք ունին գրելու եւ հրատարակելու իրենց ուզած յօդուածները։
Յօդուածաշարքիս դրդապատճառն էր՝ քննարկել տագնապը, զոր Դաշնակցութիւնը կ՛ապրի իր 133ամեայ պատմութեամբ եւ կազմակերպութեան կատարեալ քայքայումի պատճառներուն, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ այլուր, ու մտնել մեքենայի քայքայումին եւ դաշնակցական գործիքներուն կորուստի հոլովոյթին մէջ, իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր։
Դժուար է հասկնալ, թէ ինչ պատճառով Թորոյեան իր պատասխանին մէջ կ՛անտեսէ Դաշնակցութեան Հայաստանեան քաղաքականութիւնը այս վերջին երեսուն տարիներուն, հակառակ անոր որ իր վերլուծումը Հայաստանի Դաշնակցութեան նկատմամբ աւելի խիստ է, քան՝ իմս։
Ընդհակառակը, այս պատմութիւնը զիս կը հետաքրքրէ եւ բազմաթիւ հատորներ կը պահանջէ։ Զանց չեմ առներ օր մը գրել այդ պատմութիւնը: Երեսուն տարի է որ կ՛աշխատիմ այս նիւթին վրայ, եւ չեմ գիտեր, թէ տակաւին ինչ կայ կարդալիք Դաշնակցութեան պատմութենէն։
Կարդացած եմ Դաշնակցական մամուլը սկիզբէն մինչեւ այսօր, ղեկավարներու յուշերը, քաղաքական աշխատասիրութիւնները, արխիւները մինչեւ 1924, ապա ձեռքիս տակ գտնուած այլ արխիւներ 1959էն մինչեւ մեր օրերը, նոյնիսկ երբ այսօր Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը զիս կ՛արգիլէ Պոսթընի արխիւներու ուսումնասիրութիւնը։ Կարդացած եմ նաեւ յուշերը եւ մամուլը Դաշնակցութեան ընդդիմադիրներուն (հայ թէ օտար), այլախոհներու գործերը եւ այլն։
Այս կազմակերպութիւնը հասկնալու համար, չի բաւեր կարդալ միայն իր պաշտօնական փաստաթուղթերը. պէտք է երթալ նաեւ իր հակառակորդներու դաշտը: Սակայն, Դաշնակցութեան վերաբերեալ ծանօթութիւններս թոյլ չեն տար ըսելու, թէ ճշմարտութեան մէջ եմ, ոչ ալ բաւականանալ քարացած գաղափարով մը։ Գրութիւնս յօդուածաշարք մըն էր, առ այդ, կարիքը չզգացի իւրաքանչիւր էջի տակ նօթեր աւելցնելու։ Չեմ կարծեր, որ Թորոյեան մամուլի յօդուածի մը տակ աւելցուցած ըլլայ ծանօթութիւններ ։ Զարմանալի է որ յօդուածաշարքս աղբիւրներու հարցը կը բարձրացնէ։ Ոչ մէկ հարց ունիմ անգամ մը եւս փաստելու խօսքերս, մինչ այս հարցումը երբեք չի տրուիր ղեկավարներու, որոնք առանց նուազագոյն փաստի յայտարարութիւններ կ՛ընեն։
Իմ աշխատանքը Դաշնակցութեան քայքայումի վերլուծում է, եւ ոչ՝ Դաշնակցութեան պատմութիւնը։ Այնպէս կը թուի, թէ Թորոյեանի համար պատմութեան գրութիւնը կը սահմանափակուի ժամանակին հետ դեղնած եւ սառած նկարներու, խօսքերու, Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան եւ ուրիշներ, անշարժ կեցուածքով, այնպէս ինչպէս Դաշնակցութեան մէջ ամէն ինչ նոյնութիւն եւ միաձեւութիւն է։ Եթէ ուզած ըլլայի գրել Դաշնակցութեան պատմութիւնը, ինչպէս չխօսէի բոլոր անոնց մասին, զորս կը թուէք։ Զարմանալի է «պատմութեան» ձեր յղացումը, այն պատմութիւնը, որ կը գրուի պատանիներուն համար։ Պաշտօնական յղացում մըն է այս, սառած եւ ամբողջատիրական, որովհետեւ պաշտօնական պատմութիւն գոյութիւն չունի. մարդիկ կը շփոթեն Պատմութիւնը եւ Գաղափարախօսութիւնը։
Պատմութեան ուրիշ յղացում մը ունիմ, որովհետեւ կը նկատեմ, թէ ղեկավարները դերակատարներ են, մարդկային իրենց տենչերով, երազներով եւ զրկումի զգացումներով։ Մեքենայի անիւի կազմ չեն։ Ոչ միայն ձեր յղացումը անշարժ է եւ ձեր «Պատմութիւնը» պաշտօնական, այլ միշտ մոլորանքի մէջ է։
Հարցնեմ անոր, որ իրապէս կ՛ուզէ՞, որ խօսինք Սիմոն Զաւարեանի միջամտութեան մասին Դաշնակցութեան 5րդ ընդհանուր ժողովին, Վարնա 1909ին։ Իրապէ՞ս։ Կ՛ուզէ՞, որ իրապէս խօսինք Ռոստոմի դերին մասին Դաշնակցութեան 4րդ Ընդհանուր ժողովին, Վիեննա 1907ին։ Իրապէ՞ս կ՛ուզէ, որ խօսինք Մարտիկ Շաթիրեանի, Արամ Արամեանի կամ Լորիս-Մելիքոֆի մասին։ Իր խօսքը պատմութեան մասին չէ, հին յանկերգ մըն է, զոր կ՛արտասանենք, գաղափարախօսութիւն մը, այլափոխուած «Պատմութեան» մը եւ գոց սորված՝ ինչպէս քորանիք դպրոցներուն մէջ։
Կրնամ կէտ առ կէտ իրեն պատասխանել եւ ըսել, թէ ինչո՛ւ Սիմոն Զաւարեան 1909ին, ռուսամէտ ճառ մը արտասանեց, ան որ քանի մը տարիներէ ի վեր նախագահն էր Էջմիածինի Վարչական ժողովին, կաթողիկոսին կողքին, Մայր Աթոռը գտնուելով Ս. Փեթերսպուրկի՝ Ռուսիոյ հակակշիռին տակ։ Պարոն Թորոյեան, հարցուցէք, թէ ինչո՛ւ մէկ կողմէ Ռուսիան, այդ շրջանին՝ Կովկասի մէջ, դաշնակցականները կը հալածէ եւ միւս կողմէ կը ձգէ Սիմոն Զաւարեանը Էջմիածինի Վարչական ժողովի գլուխը, ռուսի հակակշիռին տակ, մինչ անիկա գիտէ թէ Սիմոն Զաւարեան դաշնակցական ղեկավար մըն է։ Հոս, հակասութիւն կայ։ Իսկ Ռոստոմին տեղը հիմնական է 4րդ Ընդհանուր ժողովին (հակառակը չեմ գրեր) ինչպէս նաեւ Զաւարեանի տեղը, սակայն կ՛ըսեմ, թէ փորձեցին երկուքով ընել այն, ինչը Քրիստափոր ըրաւ առանձին։ Եւ ապահովելով միասնականութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը պահեցին կազմակերպութիւն իր կերպարանքին մէջ, բայց ի՜նչ գինով։ Դաշնակցութեան մէջ համարկումի՝ Քրիստափորեան թեքնիքը փոխեցին սոսիալիզմ երազական գաղափարախօսութեան եւ ներկայացուցին Դաշնակցութիւնը իբրեւ «կուսակցութիւն», մինչ Քրիստափորը կը խօսէր «շարժում»ի կամ «կազմակերպութեան» բայց երբեք «կուսակցութեան» մասին։
Դաշնակցութեան քայքայումին մէջ Մարտին Շաթիրեանի դերը նուազ չէ։ Լորիս Մելիքոֆի մասին, մինչ «Դաշնակցութեան պաշտօնական պատմութեան» մէջ գրեթէ ներկայ չէ, իր դերը չնչին է եւ 1892ին, առաջին Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ իր տան մէջ, եւ 1905ին արդէն Արեւմտեան Բիւրոյի հրաժարեալ անդամ դարձաւ։ Արդարեւ, խիստ ազդուած է իր վաղեմի բարեկամ Քրիստափորի մահէն եւ կ՛արհամարհէ Ահարոնեանը, Ակնունին եւ Վարանդեանը՝ զանոնք որակելով «անկարող եւ անձեռնհաս»։
Կարդացա՞ծ էք Լորիս Մելիքոֆի յուշերը։ Կը տարակուսիմ։ Շարունակե՞նք։ Կը խօսիք Արամ Արամեանի մասին։ Ի՞նչ առընչութիւն յօդուածաշարքիս բովանդակութեան հետ։ Այս հաշիւով, կրնայի խօսիլ Պետոյի, Գէորգ Չաւուշի, Խեչոյի եւ այլնի մասին։ Բայց արթնցէք. Դաշնակցութեան պատմութիւնը չէ որ կը պատմեմ, այլ՝ կը բացատրեմ իր քայքայումի հոլովոյթը. նրբութին։
Գալով Նիկոլ Դումանին, կայ տարբերութիւն մը՝ որ «Պորէաս» խմբակի հիմնադիրը երբեք քաղաքական պաշտօն չփնտռեց Դաշնակցութեան մէջ. երբեք։ Զինուորագիտութեան հանճար մըն էր ան եւ գիտէր իր տեղը մնալ։ Այդպէս ալ ըրաւ մինչեւ 1914՝ իր անձնասպան ըլլալը։
Պարագան նոյնը չէ Ռուբէնի. այս ֆետայի խմբապետը ինքզինք քաղաքական ղեկավար հռչակեց՝ ըլլալով առաջին «խմբապետը», որ 1919ին դարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ։
Գալով Ռուբէնին՝ զայն չեմ ներկայացներ իբրեւ առաջին պատասխանատուն։ Դաշնակցութեան ձախողութիւններուն ոսկի մետալը կը պատկանի Յովնան Թաւդեանին, որ ի սկզբանէ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց՝ իբրեւ «ազգի կուսակցութիւնը»՝ ամբողջատիրական ընթացքով, մինչ Քրիստափորը կ՛ընդդիմանար. ան ժողովրդավար էր։ Սակայն, Ռուբէնը եղաւ մեծ դերակատարը Դաշնակցութեան մենատիրական քաղաքականութեան մէջ, 1919ին, հաստատուած՝ 1933ին, մինչեւ իր անկումը 1947ին, ձգելով ժառանգ մը։
Վերադառնանք ձեր յօդուածին՝ այո, իրաւունք ունիք, Ռուբէնը անջնջելի հետքեր ձգեց Դաշնակցութեան մէջ, այնպէս, ինչպէս Ստալինը Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան մէջ։ Այո, կը հաստատեմ, որ Ռուբէնը՝ իբրեւ քաղաքական ղեկավար Դաշնակցութեան վնասներ հասցուց՝ իր առաջնահերթ դիրքը վերածելով բռնատիրութեան։
Գիտէ՞ք, Սիմոն Վրացեան Ռուբէնը ինչպէ՞ս կ՛անուանէր՝ Կովկասի մէջ, 1919-1920ի թուրք-ազերի ջարդերէն ետք. «Դուն, իթթիհատական ես»ը բարկութեամբ կը նետէր անոր երեսին։ Եւ թոյլ տուէք, որ աւելի շատ հաւատամ Սիմոն Վրացեանի իմաստութեան, քան՝ Ռուբէնի բռնութեան։ Այո, Ռուբէնը, ինչպէս ամէն մարդ, ունէր յատկութիւններ, սակայն իբրեւ քաղաքական ղեկավար, իր հաշուեկշիռը դատապարտելի է։ Ստալին եւս գիտէր սիրալիր ըլլալ իր մօտիկներուն հետ, Մուսոլոնին նոյնպէս կը պաշտէր իտալացի երիտասարդութիւնը, սակայն, բոլորը կը մնան մենատէրներ եւ բռնակալներ։
Ո՞վ ըսաւ, թէ Ռուբէնը Դաշնակցութեան հերթապահը եղաւ 1919էն սկսեալ, թերեւս իր գրած պաշտօնական պատմութիւնը, ինչպէս Նաւասարդեան եւ այլ առաւելապաշտներ։ Ոչ, Դաշնակցութեան հերթապահը եղաւ Արշակ Ջամալեան մինչեւ 1931, ապա հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն… Ռուբէնի ձեռամբ, 12րդ Ընդհանուր ժողովէն երկու տարի առաջ, 1933ին։ Միշտ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պաշտպանութեան այս նախկին նախարարին վերաբերեալ կ՛ըսէք, թէ կ՛ընդունէր քննադատութիւնը, ինչպէս գրած է իր յուշերուն մէջ։ Ճիշդ է։ Սակայն, ի՞նչ հասկացողութեամբ։ Իր քննադատութիւնները խնդրոյ առարկայ չէին դարձներ ծայրայեղներու սկզբունքները (տոկմը), այլ կը մատնանշէին Դաշնակցութեան թուլութիւնը։ Իր քննադատութիւնները նպատակ ունէին առաւել շեշտել արմատականութիւնը ապացուցանելու համար որ «l’homo dachnakus», աւելի ազդու պէտք էր ըլլար (Դաշնակցութեան) վերածուած կուսակցութեան, անշրջելի իտէալին հասնելու համար։
Գիտէք, Ստալին եւս կը քննադատէր Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութիւնը իր թուլութեան եւ տժգունութեան համար, եւ ձեռնարկեց մաքրագործումներու՝ վերակենսաւորելու համար իր կազմակերպութիւնը, ինչպէս Ռուբէնը ըրաւ մաքրագործումներ՝ օգտագործելով Նիկոլ Աղբալեանը եւ իր գիրքը «Մտածումներ Դաշնակցութեան Մասին»ը՝ իբրեւ գործիք։ Եւ այդ մէկը գործուեցաւ իր պահանջով եւ ոչ Սիմոն Վրացեանի, որ Բիւրոյի այս հրահանգը փոխանցեց Աղբալեանին, բովանդակութիւնը այլափոխելու համար։ Արդիւնք՝ Սիմոն Վրացեան չյաջողեցաւ եւ բնաւ չհետաքրքրուեցաւ այս փոքր կարմիր գիրքի բովանդակութեամբ։
Վերջապէս, եզրափակելով առաջին տպաւորութիւնս՝ ձեր պատասխանին առաջին մասի վերջին պարբերութիւնը կուրութեան կատարեալ գոհար մըն է։ Արդեօք կ՛անդրադառնա՞ք, որ կ՛արդարացնէք Ռուբէնի ամբողջատիրութիւնը (համայնատիրութիւնը-totalitarisme) Դաշնակցութեան մէջ։ Եւ կը հաստատէք ըսածս։ Պատճառ չէ որ երկու պատերազմներու մէջտեղը (1919-1939) եթէ ամբողջատիրութիւնը նորոյթ էր – եւ այդ ալ պէտք է փաստել – բնական էր որ Դաշնակցութիւնը որդեգրէր այս գործելակերպը եւ այս մշակոյթը։ Միւս կողմէ, Սիմոն Վրացեան եւ Շաւարշ Միսաքեան միշտ ընդդիմացած են Դաշնակցութեան այս ամբողջատիրական ուղղութեան, երբ 1920ականներուն Մուսոլոնի իշխանութեան գլուխը եկաւ Իտալիոյ մէջ։ Դարձեալ կարդացէք «Դրօշակ»ը, դարձեալ կարդացէք ձեր կեդրոնական օրկանը Ռուբէնի գովքը հիւսելու փոխարէն ։ Արդ, ինչո՞ւ համատեղ չի մտածել Դաշնակցութիւնը ձերբազատելու ռուբէնականներու եւ առաւելապաշտներու ճանկերէն։
Գանք «Ասպարէզ»ի 21 Փետրուար 2023ի թիւին մէջ լոյս տեսած ձեր բաց նամակի բ. բաժինին՝ Սիմոն Վրացեանի եւ Ռուբէնի յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ՝ կը փորձէք հասկցնել, որ իրենց վատ յարաբերութիւնները երեւակայութեանս արդիւնքն են: Գաղափար մը ունի՞ ք Սիմոն Վրացեանի յուշերու բովանդակութեան մասին: Նոյնպէս կարդացած է՞ք «Հայրենիք» ամսագիրը՝ հայ յեղափոխական շարժման Աստուածաշունչը: Հանրութեան ծանօթ էր, որ Ռուբէնը եւ Սիմոնը իրարու չէին հասկնար: Կը հրաւիրեմ ձեզի նաեւ կարդալու Անահիտ Տէր Մինասեանի՝ Ռուբէնի հարսին, յօդուածները։ Ան կը բացայայտէ, իր հասկացողութեամբ, Ռուբէնի եւ Սիմոնի միջեւ տարակարծութիւնները:
Գալով Հրաչ Տասնապետեանին եւ իր հրատարակութեան՝ «Ո՞վ Է Դաշնակցականը» գիրքին՝ եթէ զիս լաւ կարդացած ըլլայիք, կը տեսնէիք, որ յօդուածաշարքիս գլուխներէն մէկը նուիրուած է Դաշնակցութեան ղեկավարութեան եւ անոր 1960-1980 թուականներուն Ռուբէնի ծայրայեղութենէն դուրս գալու անկարողութեան: Երբ Հրաչ Տասնապետեան կը հրատարակէ իր փոքր գիրքը, իր սերունդի ձախողութեան փաստն է որ կու տայ, անկարող Ռուբէնիզմի ճանկերէն ձերբազատելու: Այո, Հրաչ Տասնապետեան ազատական (liberal) է այնքան, որքան Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը կը թոյլատրէ ազատականութիւնը իր շարքերէն ներս: Իսկ Բաբգէն Փափազեան, այո, առաւելապաշտ մըն է: Սակայն, այս առաւելապաշտ հոսանքը ունի երեք մօտեցումներ: Նախ, անիկա կը մարմնացնէ Արեւմտեան Հայաստանի կամ Միջին Արեւելքի առաւելապաշտները, ապա «շրջանային» հոսանք մը, որ կը պահէ գաւառական ինքնութիւն մը եւ « գիւղական», որ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն կը ներկայացնեն վիլայէթները, ապա Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայ համայնքները՝ Սփիւռքի մէջ: Բաբգէն Փափազեան կը մարմնաւորէ այս հոսանքը, որ կը ձգտի պահել կազմակերպութեան մէջ լիբանանեան խարսխում մը եւ, ինչո՞ ւ չէ, պարտադրել ընդհանուր Դաշնակցութեան: Անոր համար դաշնակցական գաղափարականը կուսակցութեան լիբանանացումէն կ՛անցնի: Այլ խօսքով՝ կուսակցութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանի Դաշնակցութիւնը իր ամբողջականութեան մէջ:
Երկրորդ մօտեցումը Ռուսական Հայաստանի կամ Կովկասի «փոփիւլիսթները»՝ համահայկական հոսանք մը, որ կը ջանայ պարտադրել ամբողջ Դաշնակցութեան իմաստասիրական տեսլական մը, դրական իրաւունքէն վեր, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ համաշխարհային կարգը եւ միջազգային իրաւանց տիեզերական կանոնները։ Կոստաթին Խատիսեան, Նժդեհ, Յակոբ Զավրեան կամ Նաւասարդեան մարմնաւորեցին այս հոսանքը երէկ, եւ աւելի ժամանակակից շրջանին` Էտիկ եւ Վահան Յովհաննէսեան, յետոյ Իշխան Սաղաթէլեան եւ այս՝ ամբողջը ընդհանուր միջակութեան մը մէջ:
Վերջապէս, երրորդ հոսանքը սկզբնական հոսանքն է, հոսանք մը՝ որ կը մարմնաւորուի Յովնան Դաւթեանի ամբողջատիրութեան մէջ եւ կը վերածէ Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ «ազգին կուսակցութեան» մը, եւ ոչ բուն դաշնակցութեան՝ բռնաբարելով Քրիստափորի բոլոր սկզբունքները:
Առաւելապաշտները կը համախմբուին հողային իրաւունքի սկզբունքին, հողային միացումին շուրջ, հողին գերագահութեան՝ մարդոց վրայ, եւ մարդոց համարկումը ՀՅԴի հողամասային ու ամբողջատիրական կաղապարին մէջ եւ ներկայացուած՝ իբրեւ կուսակցութիւն եւ ոչ՝ դաշնակցութիւն: Սակայն, անգամ մը եւս, յօդուածաշարքիս նպատակը առաւելապաշտներու հոսանքի պատմութիւնը գրել չէր, այլ՝ ներկայացնել ՀՅԴի տարրալուծումի հոլովոյթը: Օր մը, թերեւս, կու գայ գաղափարը նետուիլ 133 տարիներու առաւելապաշտներու շարժումի ճամբուն վրայ:
Ռուբէնին վերաբերեալ կը յուսամ յստակ եղած ըլլալ, մանաւանդ՝ իր բիրտ գործելակերպին մասին: Սակայն, վերյիշում մը` եթէ Ռուբէնը, ինչպէս Թորոյեան կը գրէ, ըլլար «1919ին ՀՅԴի բուն ղեկավարը» ինչպէ՞ս կը բացատրուի, որ Նժդեհը 1921ին հեռացնելէ ետք ՀՅԴի շարքերէն, ան 1924-25ին կը վերագտնէ շարքերը, Դաշնակցութեան 10րդ Ընդհանուր ժողովին: Եւ ինչպէ՞ս կը բացատրուի, որ Ռուբէնը ստացաւ այլ ապտակ մը, այս անգամ Նժդեհէն, 1921ին, Թաւրիզի մէջ: Եթէ ըլլար բուն ղեկավարը ՀՅԴի իր ընկերներուն պիտի չպարտադրէ՞ր, չ՛արգիլէ՞ր վերընդունիլ Զանգեզուրի փրկարարը: Ռուբէնի հեղինակութիւնը իր շարքերէն ներս պիտի չխնայէ՞ նոր ապտակէ մը, Ռոստոմի ապտակէն ետք։ Վրացեան այս մասին գրած է։
Ինչ կը վերաբերի Նժդեհին եւ Դրոյին, անգամ մը եւս, ՀՅԴի պատմութիւնը չէ որ կը գրեմ, այլ՝ անոր վատթարացման ընթացքը։ Նժդեհը ՀՅԴի շարքերէն մեկուսացուեցաւ1933ին, ցեղակրօն շարժումով, բայց քանի մը տարի ետք, իր ազատ կամքով հեռացաւ, հակառակ Դրոյի միջնորդութեան: Այս վերջինը Վրացեանի բարեկամ՝ անոր մրցակցութիւնը Ռուբէնի հետ ծանօթ է բոլորին: Ամէն ինչ կը հակադրէ Դրոն եւ Ռուբէնը:
Ռուբէնը կ՛ուզէր ձերբազատիլ Դրոյէն քանի մը պատճառներով, որոնցմէ մէկն էր՝ 1945ին անոր միակողմանի նախաձեռնութիւնը Ստալինի հասցէին շնորհաւորական գիր մը ղրկելով Կարսի եւ Արտահանի հարցը Թուրքիոյ դէմ բարձրացուցած ըլլալուն համար: Ռուբէնը կատղած էր:
Իսկ Զէյթլեան-Մարուխեան զոյգին վերաբերեալ կը հրաւիրեմ ձեզ վերակարդալ «Ազդակ-Դրօշակ Շաբաթօրեակ»ը եւ 1959էն մեր օրերը, Ընդհանուր ժողովներու որոշումները: Զով պիտի համոզէք, որ ՀՅԴն Խորհրդային Միութեան հետ մօտեցման քաղաքականութիւն մը չէր սկսած: Տեսակ մը «Ost Politik», զոր ՀՅԴի պաշտօնաթերթը կը հաստատէ:
– ՀՅԴն կ՛ողջունէ Ա. Գոչինեանը՝ Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Ա. Քարտուղարը, որ ժամանելով Մոսկուա՝ կը պահանջէ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի միացումը Խորհրդային Հայաստանին, «Ազդակ-Դրօշակ Շաբաթօրեակ», 11 Յունուար 1970ի թիւ:
– ՀՅԴն կը ճանչնայ Լենինի մտաւորական մեծութիւնը եւ մարդասիրական արժէքը, «Ազդակ-Դրօշակ Շաբաթօրեակ», 7 Յունիս 1970ի թիւ:
– Կարօ Սասունիի այցելութիւնը Խորհրդային Հայաստան Մայիս 1969ին, «Ազդակ-Դրօշակ Շաբաթօրեակ», 6 Դեկտեմբեր 1970ի թիւ:
– ՀՅԴն չ՛ընդդիմանար Թուրքիոյ հայկական հողերու միացման Խորհրդային Միութեան, «Ազդակ-Դրօշակ Շաբաթօրեակ», 11 Օգոստոս 1974ի թիւ եւ այլն…
Սարգիս Զէյթլեան փորձեց ուրիշ ուղի մը՝ հեռանալով Սովետ Դաշնակցական մօտեցումէն, ջանալով պահել ՀՅԴի մէջ հաւասարակշռութիւն մը: Խնդրեմ դարձեալ կարդացէք գրածս. գրած եմ, որ 1972-1981 տարիներուն, Զէյթլեան-Մարուխեան զոյգը ջանաց ամրացնել ՀՅԴի միասնականութիւնը՝ յարգելով գաղափարական զանազանութիւնները: Ոմանք իրենք զիրենք գտան Զէյթլեանի աւելի անկախապաշտ եւ ազգայնամոլ խօսքերուն մէջ: Ուրիշներ Մարուխեանի՝ աւելի դաշնակցային (fédéraliste) խօսքերուն մէջ: Առաջինը կը խօսէր Ազգային Ընկերվարութեան մը մասին, երկրորդը՝ Միջազգային Ընկերվարութեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Միութեան անկումին, վայրկեան մը լուրջ ըլլանք` նախատեսել վարչակարգի մը անկումը մէկ բան է, աշխատիլ արագացնել այդ անկումը՝ ուրիշ բան: ՀՅԴն բնաւ չգործեց այս ուղղութեամբ: Ընդհակառակը՝ պայքարի իր ռազմավարութիւնը Թուրքիոյ դէմ կը ստիպէր խնայել Խորհրդային Միութիւնը, ինչ որ ըրաւ մինչեւ այս վերջինին անկումը, ինչ որ յաճախ կը մեղադրուի: ՀՅԴի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, որ իրաւացիօրէն կ՛ըսէք պէտք է երթալ 1980ական տարիները՝ յայտնաբերելու համար պատճառները՝ այս մասին ալ անդրադարձած եմ յօդուածաշարքիս մէջ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեմ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, մէկ կողմէ միջակ գործիչներու ժամանումը՝ սկսելով Հրանդ Մարգարեանէն, եւ միւս կողմէ քիչ մը հեռու գացած ըլլալու Կորպաչովի քաղաքականութեան նեցուկ ըլլալով, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ՀՅԴն կը հաւատար Խորհրդային Միութեան երկարակեցութեան: Սակայն, այս առաջին ճեղքը «1988» ՀՅԴի ալեկոծ ճանապարհին մէջ, չի կրնար ծածկել երկրորդ ճեղքը «1998», երբ Հայաստանի ՀՅԴն բոլորովին ինկաւ Հրանդ-Վահան զոյգին ձեռքը, որ տարուած էր միայն իշխանութեան հասնելու քաղաքականութեամբ: Շարունակութիւնը ծանօթ է:
Կը վերջացնեմ կարեւոր կէտով մը. մինչեւ ե ՞րբ պիտի հնարէք անիմաստ յղացքներ՝ որակելով Քրիստափորի ՀՅԴն «Գեր-Կուսակցութիւն»։ Այս հանճարը ստեղծած է Դաշնակցութիւն մը՝ հետեւելով Էմանուէլ Քանթի ծրագիրին կամ «միջազգային» մը, Ա. Միջազգայինի օրինակով։ «Գեր-Կուսակցութիւն» բացարձակապէս ոչինչ կը նշանակէ, բացի անոնց համար, որոնք ՀՅԴ կը նկատեն՝ իբրեւ կուսակցութիւն, ինչ որ պարագան է Յովնան Դաւթեանի, որուն համար ՀՅԴ « ազգին կուսակցութիւն»ն է։ Նոյնպէս, 1905էն սկսեալ Քրիստափորի յաջորդները ՀՅԴն ներկայացուցին՝ իբրեւ «եւրոպական կուսակցութիւն» (Վարանդեան), իբրեւ՝ «յառաջապահ ընկերվարական կուսակցութիւն» մը (Ռոստոմ), իբրեւ «հիմնարկ կուսակցութիւն մը եկեղեցւոյ մը պատկերին » (Զաւարեան) եւ «համայնատիրական (ամբողջատիրական) կուսակցութիւն» մը (Ռուբէն՝ ժառանգորդ Յովնանի)։
Պիտի Խնդրէի վերջ տալ այս «առասպել պատմութեան », այս « քարացած պատմութեան », այս « պաշտօնական պատմութեան », որոնք գոյութիւն չունին՝ բացի համայնատիրութեան մէջ ։
Շնորհակալութիւն ձեր գրութեան համար՝ իբրեւ պատասխան յօդուածաշարքիս։ Այս առիթ տուաւ փոխանակութիւններու, եւ վիճաբանութեան, որոնք պէտք է համապատասխանեն ճշմարտութեան մը, ճշգրտութեան մը, եւ ոչ՝ տեսակ մը «diversion » առանց գլուխի, անոնց համար, որոնք չեն ուզեր իրենց գլուխը կորսնցնել։
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։