Հայաստան

Մարդ Մնալու Համար

Որովհետեւ գիտեն, որ արդարութիւնը կը սկսի քեզմէ, երբ դուն արդար չես, եւ արդարութեամբ չես ղեկավարեր ընտանիքդ, հաւաքականութիւնդ, երկիրդ , չես կրնար սպասել որ ամէն ինչ կարգին ըլլայ եւ արդար։

Վերա Սիսերյան

❤️????????Մարդ ըլալու հիմնական յատկանիշերէն մէկը յուզականութեան կարելիութիւնն է ։ Մարդ ով չունի այդ յատկանիշը կարող է կոչուիլ տարբեր անուններով, սակայն ոչ մարդ։ Անցնող օրերը հայ աշխարհը դարձեալ ինկաւ յուզական անդունդի մը մէջ, որմէ չէր կրցած դուրս գալ անցնող երեք տարիներու ընթացքին։ Ամէն մարդ ըսելիք ունի, ամէն մարդ տեսակէտ ունի, ամէն մարդ դիմացինին տեսակէտին վրայ աւելցնելիք ունի, հայհոյելիք ունի, անուանակոչում ունի, ամէն մարդ վազքի մէջ է միւսէն աւելի հայրենասէր երեւելու եւ աւելի բարձր աղաղակելու, որպէսզի յստակ դարձնէ իր յուզական իրավիճակը ։ Կասկած չկայ իւրաքանչիւրի անաչառութեան, հայրենասիրութեան, ցաւին , տառապանքին մասին. Ամէն մարդ ձեւով մը կ՛արտայայտէ իր կարծիքը։
Ես վստահ եմ որ Հայ Աշխարհի մէջ, հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը, այս իրավիճակի մէջ է… Կասկած չունիմ, որ իւրաքանչիւր հայ իր սրտին մէջ դաշոյնի հարուածի մը ցաւը կը զգայ եւ իր մտքին մէջ խառնաշփոթ կայ… Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ . Բայց կան բաներ, որոնք վստահ եմ.

Վստահ եմ որ,

  1. Մարդ կոչուելու համար, ուրկէ կը սկսի իւրաքանչիւր հաւաքականութեան, ընկերութեան, ազգի, ժողովուրդի, պետականութեան գոյութիւնն ու երկարակեցութիւնը, կարեւոր է յարգել դիմացինին կարծիքը, հասկնալ դիտանկիւնը, ընդունիլը կամ չընդունիլը։ Եթէ այս օրէնքներով չառաջնորդուի հաւաքականութիւն մը, յստակ է որ կ՛ուղղուի դէպի բռնատիրութիւն։
  2. Պատմութեան բոլոր օրինակները կը վկայեն, որ ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնը, կրթութիւնը հիմնքն են, հաւաքականութիւններու գոյութեան ապահովման մէջ, իսկ բռնատիրութիւնը եւ «զօրպաճիութիւնը» երբէք չեն ապահոված այդ մէկը, աւելին՝ պատճառ դարձած են այդ ընթացքը կիրարկողի մահուան։
  3. Երբ հայհոյանքը, նախատիքը եւ անուանակոչումներն են կարծիքդ պարտադրելու եւ տարածելու ձեւը, երբ միակ զէնքդ լեզուն է եւ դիմացինին հունէն հանելու յոյսդ, կը նշանակէ, որ դուն կա՛մ ստեղծագործ միտքը չունիս հարցեր լուծելու, կա՛մ ի նպաստ քեզի է հարցերը չլուծուիլը , կա՛մ անգիտակցաբար գործիք ես ուրիշներու ձեռքը, որպէսզի անոնք իրենց հարցերը լուծեն ։ Հետեւաբար ինծի համար արդէն երկար ժամանակէ, նման մարդոց ո՛չ միայն կարծիքը , այլեւ իրենց էութիւնը, դադրած է գոյութիւն ունենալէ ։ Այն մարդը կամ կողմը, որ լեզուի կամ բազկի «զորպաճիութեամբ» կը փորձէ իր կարծիքը պարտադրել, ինծի համար հաւաստի հասցէ չէ ոչ միայն հարցեր լուծելու, այլեւ մարդ կոչուելու ։
    Ես կը կարծեմ որ ասոնք են հիմնական պատճառը, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր հայ (բացի քանի մը հազարը, որ ճամբաներ կ՛ելլեն ժամանակ առ ժամանակ) այսօր դաշունահար սրտերով կը նախընտրէ տան մէջ նստիլ , գլուխնին իրենց ձեռքերուն մէջ առած, նայիլ անորոշ ուղղութեամբ։
    Որովհետեւ գիտեն, որ փողոցի սուտ լօզունքներու իսկական տէրերը եւ ոչ սրտցաւ մասնակիցները, վստահելի աղբիւրներ չեն, հայրենիքը վտանգելու համար։
    Որովհետեւ գիտեն, որ այսօրուան վիճակը ունի 30 տարուան պատմութիւն, որը ցաւոտ էր , անարդար էր , անհեռանկար էր , անմոռանալի էր։
    Որովհետեւ գիտեն, որ արդարութիւնը կը սկսի քեզմէ, երբ դուն արդար չես, եւ արդարութեամբ չես ղեկավարեր ընտանիքդ, հաւաքականութիւնդ, երկիրդ , չես կրնար սպասել որ ամէն ինչ կարգին ըլլայ եւ արդար։
    Որովհետեւ գիտեն, որ այսօրուան իշխանութիւնը տապալելու կոչ ընողները կը տառապին integrity կոչուած հասկացողութենէն, որովհետւ իրենց խօսքը, գործը եւ մտածումները նոյն հարթակի վրայ չեն, չեն եղած եւ պիտի չըլլան։ Հետեւաբար մարդիկ վստահ չեն, որ այն խորագիրները որոնց միջոցով մարդոց կը յորդորեն փողոց իջնելու ճիշդ են եւ յայտարարուած նպատակը կը հետապնդեն…
    Որովհետեւ մարդիկ գիտեն եւ չեն մոռցած որ Արցախ պոռալով իրենց կոկորդները պատռող փողոցի յեղափոխականները կամ իրենց տէրերը տարիներով չապահովեցին Արցախի բարգաւաճումը, ծաղկումը, զարգացումը… չվարուեցան իրենց ժողովուրդին հետ ինչպէս վարուեցան իրենց անձնական եւ ընտանեկան բարօրութիւնը ապահովելու հետ։
    Տարիներ առաջ երբ Արցախ կը գտնուէի, աչքի փոշի ցանող խորհրդաժողովի մը ընթացքին, ուր մետալներ կը բաժնուէին աջ ու ձախ, Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ տարեց մարդ մը մօտեցաւ եւ Ղարաբաղեան բառբարով սկսաւ բաներ մը ըսել, երբ անդրադարձաւ որ շատ բան չի հասկցայ սկսաւ ետեւ ետեւի կրկնել «սաղ սուտ են», «սաղ սուտ են», «սաղ սուտ են»… այդ խորհրդաժողովի կազմակերպիչներէն մէկը մօտեցաւ ձեռքէս բռնեց հեռու տարաւ ինծի ըսելով, որ «մարդը գիժ է , գործ չունեմ հետը» .յաջորդ օրը պրպտեցի, եւ իմացայ որ պատերազմի մասնակցած մարդ էր տարեցը , որը ընդիմախօսութեան պատճառով արժանացած էր «խելակորոյս» տիտղոսին… Այն ատեն իբրեւ սփիւռքահայ չխօսեցանք այս եւ նման այլ դէպքերու մասին, Հայաստանի եւ Արցախի լոկ գոյութիւնը մեզի համար հրաշք էր հայրենիքի ծառաւ մեր հոգիներուն համար…
    Այսօր նոյնը չէ պարագան «Սաղ սուտ էք» վստահ կրնամ ըսել փողոցային յեղափոխութիւն կազմակերպողներուն եւ ո՛չ մասնակից ժողովուրդին անշուշտ, «սաղ սուտ էք» եւ անոր համար դուք էք պատճառը, որ այսօր այս աղէտին դիմաց , զանգուածային շարժում չկայ Հայաստանի մէջ, դուք մեզմէ խլեցիք մեր ցաւը արտայայտելու սփոփանքը, դուք Արցախցիէն խլեցիք Մեր ձայնը լսելու հնարաւորութիւնը, որուն փոխարէն հիմա կը լսէ ձեր ոչ կառուցողական եւ անկարող լօզունքները. կը նախընտրենք կլլել մեր արցունքները, մեր աղաղակելու պէտքը եւ չենք ուզեր շփոթուիլ ձեզի հետ, այդ ալ մեր իրաւունքն է .
    Ո՞վ գիտէ գուցէ այս իրավիճակն ալ պետականութիւնը տապալելու ծրագրին մէկ փոքրիկ կէտն է . «անզգամ» ժողովուրդի տպաւորութիւն ստեղծել աշխարհի դիմաց եւ ճեղքի տպաւորութիւն ստեղծել ժողովուրդի տարբեր հատուածներու միջեւ❤️????????։

Գրառումը՝ Վեռա Սիսեռյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *